Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման հաւաքը այս տարի տեղի ունեցաւ 9 Ապրիլին, Ծերակոյտի «Հարթ» շէնքին մէջ, իբրեւ կիզակէտ ունենալով Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին նոր ներկայացուած Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւերուն վաւերացումը ապահովելու ջանքերը։
Արդարեւ, իրենց ելոյթներուն ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցած քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ եւ Կաս Պիլիրաքիս խօսեցան բանաձեւին պատրաստութեան եւ ցարդ անոր զօրակցող 76 հովանաւորներուն աջակցութիւնը ապահովելու երկկուսակցական աշխատանքին մասին։ Նշուեցաւ նաեւ, որ նոյն օրը ծերակուտականներ Պապ Մենենտեզ եւ Թետ Քրուզ Ծերակոյտին ներկայացուցին վերոյիշեալ բանաձեւին մէկ տարբերակը, 14 այլ ծերակուտականներու աջակցութեամբ։
Ոգեկոչմնան ձեռնարկին ընթացքին, Ամերիկայի Հայ Դատի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց բանաձեւեր ներկայացնողներուն եւ անոր հովանաւորներուն, ինչպէս նաեւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին։
Ոգեկոչման ձեռնարկին ներկայ էին Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիր եւ Կաս Պիլիրաքիս, ինչպէս նաեւ փոխատենապետ Էտըմ Շիֆ եւ քոնկրեսականներ՝ Ճուտի Չու, Քեթրին Քլարք, Ճիմ Քոսթա, Թի. Ճէյ. Քոքս, Ճաշ Կաթիմըր, Ռաժա Քրիշնամութի, Պրետ Շնայտըր, Պրետ Շըրմըն եւ Փ. Վիսքլոսքի։
Ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը ստանձնեց Քոնկրեսի անձնակազմի երկարամեայ անդամներէն Էլիս Քենտէրեան Արընսըն, իսկ քոնկրեսականներուն կողքին ելոյթ ունեցողներուն շարքին էին՝ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան, Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էվընզ եւ Քոնկրեսի Հայ պաշտօնեաներու միութեան համաատենապետ Մարիա Մարտիրոսեան։ Ներկայ էր նաեւ Մերիլընտի նահանգային խորհրդարանի անդամ Լորիկ Չարխտեան։
asbarez.com