Վերջին տարիներուն, դժբախտաբար սովորական երեւոյթ դարձած են Սեւրի «Սամուէլ Մուրատեան» վարժարանին դէմ վանդալական յարձակումները:
Հակառակ ոստիկանութեան ներկայացուած բողոքներուն, վերջինիս կողմէ տրուած երաշխաւորութիւններուն՝ Խթումի գիշերը՝ Շաբաթէն Կիրակի, հայկական վարժարանը թիրախ դարձած է վանդալական նոր արարքի մը:
Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս վանդալները ցատքած են վարժարանին ետեւի կողմի ցանկապատին վրայէն, եկած ու խոշոր քարերով ջարդ ու փշուր ըրած են շէնքին ապակիները, փճացուցած են դասարաններու կահ ու կարասիին մէկ մասն ալ:
16 եւ 17-ամեայ երկու յանցագործներ ձերբակալուած են, որոնք ամենայն հաւանականութեամբ ալ ազատ արձակուած են քիչ ետք:
Այս պայմաններուն տակ, վարժարանի տեսուչը Հ. Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան կ՚ապրի բացարձակ վախի մթնոլորտի մէջ, կը նախընտրէ յաճախ փակուած մնալ իր առանձնասենեակին մէջ, համակուած՝ լքեալի հոգեբանութեամբ: Կ՚ապաւինի միակ յոյսին, թէ փարիզեան շրջանի հնագոյն հայկական վարժարանին դէմ գործուած այս նոր բարբարոսութեան առթիւ կը բարձրանայ մեծ աղմուկ. բայց կը խոստովանի, թէ չի գիտեր ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս ընել:
«Նոր Յառաջ»