Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը`Asbarez
Առաւել քան 1000 նուիրատուներ, համակիրներ, հոգեւորականներ, պետական պաշտօնատարներ եւ համայնքային ղեկավարներ ներկայ եղան Հայ-ամերիկեան թանգարան եւ մշակութային կեդրոնի անդրանիկ ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 9 Դեկտեմբերին, Հոլիվուտի հռչակաւոր «Տոլպի» սրահին մէջ։
Ձեռնարկը առիթ մը հանդիսացաւ մեծարելու թանգարանին Կլենտէյլի քաղաքամէջը գտնուող բաղձալի տարածք մը տրամադրած Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը, ինչպէս նաեւ ծրագիրին իրականացման համար նահանգային իշխանութիւններէն նիւթական յատկանշական աջակցութիւն ապահոված՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօն եւ նոյն մարմինին պատուոյ նախագահ Քեւըն տէ Լէոնը, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի խօսնակ Էնթընի Ռենտընը եւ խորհրդարանական Ատրին Նազարեանը։
Ձեռնարկին մեծագոյն անակնկալը հանդիսացաւ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քեթրին Պարկըրի այն յայտարարութիւնը, թէ գաւառը եւս որոշած է 1 միլիոն տոլար նուիրելով՝ գործնականապէս մասնակցիլ պատմական այս ծրագիրին իրականացման։
Ձեռնարկը սկսաւ ՀՄԸՄի սկաուտներուն եւ փողերախումբին առաջնորդած դրօշակի արարողութեամբ, իսկ ազգային քայլերգները կատարեց Կլենտէյլի հանրային երկրորդական վարժարանի երգչախումբը, խմբավարութեամբ Կրէյս Շելտըն Ուիլեըմզի։
Բացման աղօթքը միասնաբար կատարեցին թանգարանի հոգաբարձական կազմին համաատենապետներ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան հոգեւոր հովիւ վեր. Պերճ Ճամպազեան:
Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը ստանձնած «Ֆաքս 11» կայանի լուրերու առաւօտեան յայտագիրի հաղորդավար եւ լրագրող Արաքսիա Կարապետեան, որ ձեռն-հասօրէն վարեց յայտագիրը, ներկաներուն հետ բաժնելով Գիւմրիէն Միացեալ Նահանգներ հաստատուելու իր փորձառութիւնները։
Ցուցադրուեցաւ Հայկական Սփիւռ-քին յատկանշական իրագործումներուն նուիրուած եւ «Կառուղոցներու Ազգ» խորագրուած տեսանիւթը, ուր կը շեշտուէր, որ թանգարանը պիտի հանդիսանայ այդ շինարար արշաւին մէկ արժէքաւոր օղակը։
Կարապետեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագիրին աջակցողներուն եւ մեծարեալներուն, խոստանալով համայնքին աջակցութեամբ իրականութեան վերածել այս ծրագիրը, որմէ մեծապէս պիտի օգտուին եկող սերունդները։ Ապա, թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան փոխանցեց թանգարանին պատգամը։
Այնուհետեւ, շնորհաւորական եւ քաջալերական խօսք արտասանեց Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի նախագահի պաշտօնակատար Թոնի Էթքինզ, որ յոյժ կարեւոր նկատեց հայ համայնքին եւ նահանգային Ծերակոյտին միջեւ սերտ յարաբերութեանց պահպանումը։
Հռչակաւոր խոհարար Ուուլֆկական Փաքի պատրաստած ընթրիքին ընթացքին, ներկաները վայելեցին նաեւ երգչուհի Ալին Արուսթամեանի եւ Վահան Բզնունիի երաժշտական կատարումները։
Քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ ծրագիրին իր աջակցութիւնը արտայայտեց տեսանիւթով յղուած իր պատգամին մէջ, որմէ ետք Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդին անունով Քեթրին Պարկըր բեմ բարձրանալով՝ բացայայտեց, թէ գաւառը 1 միլիոն տոլար նուիրելով պիտի մասնակցի պատմական այս ծրագիրին իրականացման՝ վստահեցնելով, որ «այս իւրայատուկ համայնքին ներդրումները լուսարձակի տակ առնող եւ տօնող թանգարանը պիտի դառնայ Կլենտէյլի եւ Լոս Անճելըս գաւառին պատիւ բերող հաստատութիւն մը։
Այնուհետեւ սկսան մեծարումները։
Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան եւ խորհրդարանի խօսնակ Էնթընի Ռենտըն մեծարուեցան, որովհետեւ անոնք կենսական դերակատարութիւն ունեցած էին թանգարանին 1 միլիոն տոլարի աջակցութիւն ապահովելու ջանքին՝ նահանգային 2016-2017 ամավարկին ընդմէջէն: Նազարեան անձնապէս շնորհակալութիւն յայտնեց այս պատիւին համար, նոյնպէս Ռենտըն՝ տեսանիւթով յղուած իր պատգամով։ Մրցանակները յանձնուեցան թանգարանի հոգաբարձական կազմի անդամներէն տոքթ. Նազարէթ Տարաքճեանի (Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն) եւ Գաբրիէլ Մոլոյեանի («Նոր Սերունդ» Մշակութային միութիւն) ձեռամբ։
Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ եւ նոյն մարմինին պատուոյ նախագահ Քեւըն տէ Լէոն մեծարուեցան, որովհետեւ անոնք կենսական դերակատարութիւն ունեցած էին նահանգին 2017-2018 տարեշրջանին ամավարկին մէջ թանգարանին կառուցման համար 3 միլիոն տոլարի աջակցութիւն ապահովելու ջանքին մէջ:
Փորթանթինօ իրենց համար պատիւ համարեց ամերիկահայութեան ներկայացուցիչը ըլլալու հանգամանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց մեծարման համար, մինչ տէ Լէոն, որ ներկայ էր ձեռնարկին, երախտագիտութիւն յայտնեց թանգարանի պատասխանատուներուն եւ ներկաներուն։ Մրցանակները յանձնուեցան հոգաբարձութեան քարտուղարուհի Անի Պոսթանեանի (Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան) եւ հոգաբարձութեան անդամ տոքթ. Րաֆֆի Պալեանի («Նոր Օր» Բարեգործական հիմնարկութիւն) կողմէ։
Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ՝ Զարեհ Սինանեան (քաղաքապետ), Արա Նաճարեան, Փօլա Տիվայն, Վարդան Կարապետեան եւ Վրէժ Աղաճանեան մեծարուեցան թանգարանին՝ Կլենտէյլի քաղաքամէջը գտնուող բաղձալի տարածք մը տրամադրելու որոշումին ի պատասխան։ Քաղաքապետ Սինանեան քաղաքապետական խորհուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց մեծարման համար, կրթական եւ մշակութային այս կեդրոնին վայրը հանդիսանալը քաղաքին համար մեծ պատիւ մը նկատելով։ Մրցանակները յանձնեցին՝ հոգաբարձութեան համագանձապահներ՝ Թալին Եագուպեան (Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան) եւ Աւետիք Իզմիրլեան (Հայ Մշակութային հիմնարկութիւն)։
Նշենք, որ Հայ-ամերիկեան թանգարանը պիտի ունենայ ամերիկահայութեան նուիրուած մնայուն հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ պարբերաբար պիտի հիւրընկալէ տարբեր մշակոյթներու եւ նիւթերու նուիրուած ցուցահանդէսներ եւ ձեռնարկներ: Անիկա պիտի ունենայ թատերասրահ մը, կրթական բաժին մը, արխիւներ, ճաշարան եւ վաճառատուն:
Անոր վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հետեւեալ կազմակերպութիւնները եւ հաստատութիւնները՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարան, Հայ Մշակութային հիմնարկութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, «Նոր Օր» Բարեգործական հիմնարկութիւն, «Նոր Սերունդ» Մշակութային միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան: Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.ArmenianAmericanMuseum.org կայքը: