Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Հայաստանի իշխանութիւնները Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղարին դէմ դատական հայց յարուցելու եւ զինք տուն կանչելու քայլին դիմելով վնասեցին այդ կառոյցին վարկին ու գործունէութեան, որոնք կարեւոր են Ռուսիոյ համար: Այժմ Արեւմուտք-Ռուսիա լարուածութեան աճի եւ մասնաւորաբար Քերչի նեղուցին մէջ արձանագրուած միջադէպի լոյսին տակ Հայաստանի իշխանութիւններուն առած քայլին պատճառով ստեղծուած այդ խնդիրը Մոսկուայի համար վերածուած է առաւել անախորժ կացութեան մը եւ անոր շուտափոյթ լուծումը իր անվտանգութեան նկատմամբ պատմական յարատեւ մտավախութիւններ ունեցող Ռուսիոյ համար վերածուած է անյետաձգելի հրամայականի:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը կարիքը ունի քաղաքական ուժի մը, որ մասնաւորաբար ներկայ միջազգային կացութեան մէջ, կարելիութիւնը ունի փոխլրացնող արտաքին քաղաքականութիւն վարելու: ՀՅԴ-ն իր աշխարհասփիւռ կառոյցով, Հայ դատի յանձնախումբերու ցանցով եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող քաղաքներու` Ուաշինկթընի, Մոսկուայի, Պրիւքսելի եւ Պէյրութի մէջ ունեցած գրասենեակներով ատիկա լաւագոյնս կատարելու տուեալները ունեցող միակ քաղաքական ուժն է:
Բաւ է պահ մը աչքէ անցընել վերոնշեալ կառոյցներուն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան ամրապնդման ուղղութեամբ տարած երկարամեայ աշխատանքը, այդ ընթացքին ձեռք բերած փորձառութիւնն ու յարաբերութիւններու ցանցը, ձեռքբերումներն ու նպաստը` համոզուելու համար ՀՅԴ-ի ունեցած ներուժին:
Անհրաժեշտ է իբրեւ օրինակ նշել Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրն ու Ազրպէյճանին ամերիկեան զէնքերու մատակարարումը արգիլող` Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին թիւ 907 օրէնքը, որոնց որդեգրման մէջ անհերքելի է ՀՅԴ Պրիւքսելի եւ Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակներուն ունեցած կեդրոնական դերակատարութիւնը:
Նոյնքան բարացուցական է Միացեալ Նահանգներու կողմէ միջազգային ճանաչումի չարժանացած Արցախին նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու երեւոյթը, որուն կարեւորութիւնը կարելի է հասկնալ մտաբերելով այն իրողութիւնը, թէ անկարելի է, որ երկիրներ, առաւել եւս Միացեալ Նահանգները, չճանչցուած հանրապետութեան մը պաշտօնապէս ու բացայայտ կերպով նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեն, սակայն այդ անկարելին կարելի դարձաւ եւ երկարամեայ իրողութեան վերածուեցաւ շնորհիւ ՀՅԴ-ին:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ, aztagdaily.com