Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը դիմել է լիբանանյան լրատվամիջոցներին՝ հետևյալ հաղորդագրությամբ.
«Կարգ մը լրատուամիջոցներ երկուշաբթի, 5 նոյեմբերին հրապարակեցին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի այն յայտարարութիւնը, թէ «ազրպէյճանական տարածքներու հայկական բռնագրաւումն ու բնակչութեան տեղահանումը մեզ կը մօտեցնէ պաղեստինցի ժողովուրդին` կրած տառապանքին տարողութեան»` աւելցնելով. «Ազրպէյճանցի ժողովուրդը դժուարագոյն պահերուն կը կանգնի պաղեստինցի ժողովուրդի կողքին: Մենք կը հասկնանք ձեր տառապանքը, որովհետեւ մեր հողերը ենթարկուեցան հայկական բռնագրաւումի»:
Մամետեարով նաեւ նշեց, որ իր երկիրը կը զօրակցի պաղեստինցի ժողովուրդի պայքարին: Արդեօք ա՞յդ է պատճառը, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման 2016-ին Պաքու այցելութեան ընթացքին յայտարարեց. «Ազրպէյճան մեր ռազմավարական գործընկերն է եւ բարեկամը»:
Իրականութիւնը այն է, որ Իսրայէլին մեծագոյն քարիւղ մատակարարողը Ազրպէյճանն է: Ազրպէյճան 2013-էն ի վեր կը մատակարարէ Իսրայէլի սպառած քարիւղին 40 առ հարիւրը, իսկ այժմ կը խօսուի մինչեւ իսկ երկու երրորդի մասին: Ազրպէյճան միլիառաւոր տոլարներու արժողութեամբ իսրայէլեան զէնքեր կը գնէ: 2016-ին այդ թիւը հասած էր 5 միլիառ տոլարի: Երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը կը շարունակէ աճ արձանագրել եւ կը հասնի տարեկան 3,5 միլիառ տոլարի: Երկու երկիրները նաեւ սերտ ապահովական գործակցութիւն ունին:
Ազրպէյճանական հողերու «բռնագրաւում», պաղեստինցիներու տառապանքին նկատմամբ կարեկցանք. ազրպէյճանական կեղծիքն ու ապատեղեկատուութիւնը սահման չեն ճանչնար: Մեր մաղթանքն է, որ պաղեստինցի ժողովուրդը եւս Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նման կարենայ ազատագրել իր հողերը, եւ միջազգային ընտանիքը ի վերջոյ յարգէ անիրաւուած եղբայրական երկու ժողովուրդներուն միջազգային օրէնքով ամրագրուած ինքնորոշման իրաւունքը»: