կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-07-17 16:50
Հասարակություն

Արամ Մանուկյանը` Սիմոն Զավարյանի մասին

Արամ Մանուկյանը` Սիմոն Զավարյանի մասին

Աղբյուրը` arfd.am

Այսօր` հուլիսի 17-ին, Երեւանի կենտրոնում տեղի կունենա Արամ Մանուկյանի արձանի բացման արարողությունը: Այս առիթով կայքէջը ծրագրել էր Ա. Մանուկյանի մասին նյութ հրապարակել: Ճիշտ գտանք, սակայն, խոսքը տալ հենց իրեն՝ Արամին, հրատարակելով Սիմոն Զավարյանի մահվան առիթով գրված նրա խոսքը: Զավարյան մարդու եւ գաղափարական գործչի անցած ճանապարհի ու վաստակի վերաբերյալ սեղմ շարադրանքի մեջ ցայտուն ձեւով արտացոլվում է եւ ինքը՝ խոսքի հեղինակը: Շարադրանքի տողատակերից ցոլանում է Արամ Մանուկյան ազգային ու գաղափարական մարդը, նվիրյալ հայրենասերն ու ազնիվ հայորդին: Դաշնակցության հիմնադիր անդամին նվիրված. «Կենսագրական ակնարկներ» ենթախորագրով շարադրանքի վերջում Ս.Զավարյանի վերաբերյալ Արամը գրում է. «Կը մտածեմ ու ծնկաչոք կը խոնարհիմ անոր աճիւններուն առջեւ, կը խոնարհիմ հաւատալով, որ այսուհետեւ ալ անոր ոգին մեզ պիտի ոգեւորէ, մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի հեռավոր իտէալները…»:

«Պիտի ապրինք դեռ եւ դե՛ռ շատ Զաւարեաններ պիտի տանք…

Պիտի ապրինք դեռ մինչեւ որ հայ ժողովուրդը հասնի «Ավետեաց Երկիր»:

Մարգարեացավ Արամը կանխագուշակելով կամ գուցե վճռելով ինքն իր համար. «Պիտի ապրինք դեռ մինչեւ որ հայ ժողովուրդը հասնի «Ավետեաց Երկիր»:

Ճակատագրի կամոք ինքն էլ դարձավ այն «Մովսեսը», ով պիտի առաջնորդեր հայ ժողովրդին դեպի այդ «Ավետեաց Երկիրը», դեպի ԱՆԿԱԽ ԵՒ ԱԶԱՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Արամ Մանուկյանի «Սիմոն Զաւարյան» հոդվածը տպագրվել է Վանի ՀՅԴ «Աշխատանք» թերթում՝ 1913 թվականին (ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՆԱՄԱԿԱՆԻ, ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ 2018թ. էջ 638-642):

Arfd.am

ՍԻՄԷՈՆ ԶԱՒԱՐԵԱՆ

(Կենսագրական ակնարկներ)

Հեռագիրը Պոլսէն գուժեց Հ. Յ. Դաշնակցութեան վաղեմի վեթերան Սիմէոն Զաւարեանի մահը 47 տարեկան հասակին մէջ:

Բօթի ազդեցութիւնը այնքան ուժեղ է, որ անկարելի է հաշտուիլ երէկուան մեր առաջնորդի կենսագրութիւնը գրելու տխուր դերին հետ:

Դժուար է ատիկա մանաւանդ այն պատճառով, որ Զաւարեանի կենսագրութիւնը գրել կը նշանակէ գրել Դաշնակցութեան պատմութիւնը, որովհետեւ անիկա ոչ միայն Կուսակցու- թեան հիմնադիրներէն մէկն է, այլեւ հիմնադրութեան օրէն մինչեւ մահուան ժամը անոր ազնուագոյն դրօշակակիրն եղաւ:

Չկայ Կուսակցութեան մէջ խոշոր ձեռնարկ մը, ուր նա իր գործօն աջակցութիւնը բերած չըլլայ: Անհնարին է գրել կենսագրական մանրամասնութիւններ նաեւ այն պատճառով որ հոս կը պակսին չոր նիւթեր:
Թողլով Կուսակցութեան պաշտօնական օրկանին, ինչպէս նաեւ կուսակցական թերթերուն տալ շահեկան մանրամասնութիւններ մեր այնքան սիրուած ընկերոջ մասին, մենք կը բաւականանանք միայն խոշոր գիծերով ներկայացնել այդ փայլուն դէմքը: Զաւարեան Ռուսահայաստանի Ղազախ գաւառէն է. հայ ազնուական ընտանիքէ: Ազնուական ընտանիքի մէջ ծնաւ ապագային ազնուականութեան դէմ պայքարելու համար:

Մէկ անգամ, կըսէր ան, իր ազնուական կոչումը պէտք եղած է իրեն այն ալ միմիայն բանտերու մէջ, որովհետեւ ռուսական օրէնքով ազնուականները մեծ դիւրութիւններ կը վայելեն
բանտի մէջ:

Իր միջնակարգ կրթութիւնը ստացաւ Թիֆլիսի պետական գիմնազիոնի մէջ: Պատանեկութիւնը եւ երիտասարդութիւնը անցուց ռուսական շրջանակներուն մէջ: Իսկ այդ թուականներուն (1870-80) ռուս մտաւորականութիւնը բռնած էր լայն ժողովրդական ընկերվարական ուղղութիւն:

Այդ ժամանակ Ռուսիոյ մէջ, մասնաւորապէս մտաւորականներու մէջ, տիրապետող յեղափոխական քաղաքական կուսակցութիւնը «Նարոդնայեա Վոլիա»ն էր, որ ռուս յեղափոխական պատմութեան ոսկե դարը կը կազմէ: Թերեւս ո՛չ մէկ ժողովրդական յեղափոխական կուսակցութիւն տուած չէ այնքան գաղափարական, այնքան անձնուէր ժողովրդասէր հերոսներ, որքան ռուսական «Նարոդնայեա Վոլիա»ն:

Դուք անոր շարքերուն մէջ կը գտնէք ազնուական դասի որդիներ ու օրիորդներ, որոնք փախուստ տալով ընտանիքէ, փառահեղ դիրքերէ ու պաշտօններէ, իբրեւ հասարակ բանուոր, կօշկակար, հազուագիւտ անգամ ուսուցիչ ու հիւանդապահ, կերթային «Դէպի՛ ժողվուրդ»:

Դէպի ժողովուրդ… այդ էր ժամանակակից ռուս մտաւորականի իտէալը. Դէպի՛ ժողովուրդ,

լուսաւորելու, կրթելու, կազմակերպելու եւ ըմբոստացնելու զայն իր դահիճներու, յաճախ հէնց իր ազնուական հայրերուն դէմ:

Եւ այս բոլորը սարսափելի գնով: Ապրելով ժողովուրդի մէջ, հագնելով անոր նման, ուտելով նրա կերածը եւ խօսելով անոր լեզուն: Անոնց կենսագրութիւնը կարդացողը կարծես գործ ունի Քրիստոնէութեան առաջին դարերու սուրբերուն հետ…

Ահա այսպիսի գաղափարական ու բարոյական մեծ մթնոլորտի մեջ սնաւ այն մարդը, որ հայկական աւելի դաժան կեանքի մէջ հանդիսացաւ նոյն անձնազոհ սուրբը եւ որ այսօր յետին չքաւորութեան մէջ կնքեց իր մահկանացուն:

Դեռ քիմնազիոնի աշակերտական սեղանի վրայ նա եղաւ անդամ «Նարոդնայեա Վոլիա»յին եւ 7-րդ կարգին մէջ եղած ատեն բանտարկուեցաւ 7 ամիս՝ այդ Կուսակցութեան պատկանելուն համար:
Զաւարեան իր համալսարանական ուսումը ստացաւ Փեթերսպուրկի «Ալեքսանդրեան Ակադեմիայի» մէջ, ուսանելով գյուղատնտեսութիւն: Այդ համալսարանը վերջէն գոցուեցաւ ռուս կառավարութեան կողմէ, որովհետեւ յեղափոխականներ պատրաստեց: Համալսարանի սեղանին վրայ նա եղաւ առաջնորդ ու իտէալը ամբողջ համալսարանի թէ ռուս, թէ լեհ, թէ հրեայ եւ թէ հայ ուսանողութեան:

Միջազգայնութեան կամ աւելի ճիշտ քոզմոփոլիթիզմի շրջանն էր: Զաւարեան ոգեւորուած քոզմոփոլիթ էր: Եւ խտրութիւն չէր դներ ո՛չ Հայի, ո՛չ Ռուսի եւ ոչ ալ Թուրքի միջեւ…

Համալսարանը աւարտեց 1890-ին փայլուն վկայականով եւ ճամբորդեց Կովկաս հայ երկրի մէջ տարածելու այն գիտութիւնը, զոր ստացած էր Մայրաքաղաքին մէջ:

Փայլուն վկայականով հայրենիք դարձող երիտասարդը ո՛չ միայն չի մտածեր իր անձնական ապահովութեան մասին, այլ նաեւ իր մէջը խեղդած խորունկ գիտնականի միտքը՝ կը նետուի հասարակական յեղափոխական կեանքի մէջ:

Ով որ ծանօթ է Զավարեանի ռուսերէն լեզուով լոյս ընծայած գիտական ուսումնասիրութիւններուն, որոնք հրատարակուած են ռուս կառավարութեան Կովկասի գիւղատնտեսական ընկ. կողմէ, ինչպէս «Կովկասի անբերրութեան պատճառները», անիկա կը համոզուի որ ուրիշ ազգի մը եւ ուրիշ պայմաններու մէջ Զաւարեան կլլար մեծ գիտնական մը. բայց հայկական կեանքի մէջ բանաստեղծի ըսածին պէս, «սուր չի թողնում որ աշուղ դառնամ»: Դառնալով Կովկաս Զաւարեանի գործը կլլա հայերու մեջն ալ կազմակերպել «Նարոդնայեա Վոլիա»ի մասնաճյուղեր:

Այդ ժամանակները 1870-80ականներուն՝ Պալքանեան փոքր ազգերու ազատագրութեան, ռուս-թուրքական պատերազմներու օրերն էին, երբ դեռ նոր էր ծայր տուեր «Հայկական Հարցը»: Նոր սկսած էին խօսիլ թուրքահայ տառապանքի եւ անոր ազատագրութեան միջոցներուն մասին:

Ահա երկընտրանք մը երիտասարդներու առջեւ: Կամ տարուիլ ռուսական համամարդկային հոսանքով, եւ կամ նոյն գաղափարներով տոգորուած՝ նուիրուիլ սեփական ժողովուրդի ազատագրման: Հոս է որ մեծ դեր կը կատարէ Զաւարեանի անբաժանելի ընկեր Քրիստափոր: Թողունք որ Զաւարեան ինք խոսի այդ մասին: Քրիստափորին նուիրուած գրքոյկին մէջ. այսպէս կը գրէ Զաւարեան ընկերական հաւաքոյթի մը մասին խօսելով.– «Վէճը ազգայնութեան մասին էր, ցանկալի է արդեօք, որ փոքրիկ ազգերը պահպանեն իրենց ազգային գոյութիւնը, թէ մարդկութեան շահի ու յառաջդիմութեան տեսակէտից աւելի լաւ է, որ նրանք ձուլուեն մեծերի հետ, ունենան մի համաշխարհային լեզու, մի գրականութիւն, յարաբերութեան մի բառարան:

Ես էլ միւս «կարմիրների» հետ տաք-տաք ապացուցում էի, որ յետադիմութիւն է ստեղծել մանր ու մունր գրականութիւններ, պահպանել առաջուց մեռելութեան դատապարտուած
լեզուները»:

Միխայէլովը1 մեզ հետ թէեւ համամիտ չէր, բայց չէր յարձակւում, չէր տաքանում:
Վերջը միայն մի հարց տուեց նա. Լա՛ւ, վերջ մի լեզու է լինելու, բայց մինչեւ այդ, ի՞նչ լեզուով են զարգանալու հայը, վրացին եւ այլ միլիոնաւոր բազմութիւններ, յանուն ո՞ր արդարութեան փոքրիկ ոչխարը չպիտի արածէ բնութեան այն արօտներում, ուր պտտում է եւ աւելի խոշոր տաւարը, յանուն ո՞ր արդարութեան: Այս միտքն այն քան պարզ էր, որ մենք շփոթուեցինք եւ թէեւ վիճում էինք, բայց սրտներիս խորքում համակերպուեցինք անոր ճշմարտութեան հետ: Հայ ժողովրդի մասին մտածելը մեզ համար դարձաւ նոյնչափ արդարացի, ինչ չափ եւ ռուս գիւղացու մասին հոգալը»:

Եւ Հայրենիքի տառապանքի ձայնը կը յաղթանակէ: «Նարոդնայեա Վոլիա»ի դրօշակին տակ կազմակերպուած հայ խմբակը կորոշէ նուիրուիլ տաճկահայ դատին: Այդ ժամանակ կազմուած էին նաեւ ուրիշ խմբակցութիւններ նոյն նպատակով, ինչպէս «հայրենասէրներու խմբակը», « Հնչակեան խմբակ» եւ այլն: Այդ բոլոր խմբակցութիւնները մկրտուած ըլլալով նոյն ռուս գաղափարական աւազանին մէջ, նուիրուած նոյն գաղափարին, կը մտադրեն միանալ մէկ դրօշակի տակ եւ գործել միացեալ ուժերով: Ահա՛ այս միացեալ ուժէն է որ առաջ կուգայ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, որմէ դժբախտաբար մեծ մասամբ անձնական պատճառներով կանջատուի Հնչակեան կուսակցութիւնը եւ կը շարոնակէ իր առանձին գործունէութիւնը: Դաշնակցութիւնը կազմուած է արդէն. Ռուսական «դէպի ժողովուրդ» նշանաբանը մեզ մօտ կը փոխուի «դէպի երկի՛ր> կոչին: «Դէպի երկի՛ր» հայկական զրկանքները տեսնելու, դէպի երկի՛ր ժողովուրդը ուսումնասիրելու, դէպի երկի՛ր ժողովուրդը լուսաւորելու, դէպի երկի՛ր ժողովուրդը ըմբոստացնելու իր դահիճներուն դէմ: Եւ ահա հայկական փլէադը2: Կուկունեան, Գոլոշեան, Պետօ, Մարտիկ (հնչակեան), Մարգար վարժապետ եւ ուրիշներ…

Զաւարեան 91 թուին արդէն Տրապիզոն է, ազգային վարժարանի ուսուցիչ, բայց այդ լեկալ գործունէութեան համար Համիտեան ռեժիմը ասպարէզ չէր տար: Մէկ քանի ամիսէն ետք Զաւարեան Տրապիզոնի բանտն է, ապա դատարանի առջեւ եւ յետոյ քշուած Ռուսաստան: Բայց հոն ալ հանգիստ չի մնար, հոն ալ միշտ բանտ, միշտ աքսոր… Ու այնուհետեւ կուգան հայկական սարսափի օրերը:

Յեղափոխական երիտասարդութիւնը կը պատրաստուի հակահարուածի: Ահա «Պանք օտոմանը», ահա «Խանասորը», Զաւարեան երկուսի հոգին է… 90-ական լքման տարիները նա փոքրիկ խմբի հետ պատնէշի վրայ է այս անգամ գրչով հայկական ռէակսիոնը վանելու հա- մար: «Դրօշակ»ի [18]98, 99, 900 թիւերու մարտական լեզուն յայտնի է ընթերցողներուն: 903-ին մթնոլորտը կը փոխուի, Պուլկարիոյ մէջ գումարուած Դաշնակցութեան ընդհանուր ժողովը նոր գործունէութեան ուրուագիծը կը պատրաստէ: Մասսայական շարժումներու պատ- րաստութիւն Սասունի, Վանի եւ Կիլիկիոյ մէջ: Մեծ մարդասպանի դէմ դաւադրութիւն Պոլսոյ մէջ:

Դերերը կը բաժնուին, հայդուկները հրացանները ձեռներնին դէպի Մուշ, Վան: Քրիստափորը եւ ընկերները ռումբը ձեռներնին դէպի Պոլիս, իսկ Զաւարեան փրոփականդիստի գաւազան ձեռքը դէպի Կիլիկիա: Ինչ պատահեցաւ Սասուն, Վան եւ Պոլիս յայտնի է. բայց ի՞նչ եղաւ Կիլիկիա, այդ քիչերը իմացան: Պէյրութի համալսարանի եւ ուրիշ քաղաքներու երիտասարդ ուսանողութիւնը գիտէ թէ ինչ եղաւ հոն:
Զաւարեան հոն անմիջական գործունէութեան (մասսայական շարժում) համար հող չգտաւ: Եւ եկաւ այն եզրակացութեան թէ տակաւին պէտք է ամէն բան այբուբենէն սկսել: Հրացաններու հետ հոն փոխադրել տուաւ Րաֆֆիի գիրքերը:

Երկու տարուան գործունէութենէն ետք որուն արդիւնքը եղաւ բազմաթիւ երիտասարդ ուժերու երեւան գալը, որոնք այսօր Փոքր Հայքի եւ Կիլիկիոյ լաւագոյն ուժերն են, Զաւարեան կը մեկնի Ժընեւ 1906 թուին, երբ արդէն սկսած էր Կովկասեան յեղափոխական շարժումը եւ ապա հայ-թուրքական ընդհարումները:

Այդ պատմութիւնը ամէնուն յայտնի է: Այդ սեւ օրերուն երբ «Կովկասեան Վանդէան» մէկ կողմէ եւ երիտասարդ ուժերու լքումը միւս կողմէ, Կուսակցութիւնը դրած էին անելի մէջ, նորէն Զաւարեան եւ սակաւաթիւ ընկերներն են, որոնք չեն լքեր տաճկահայ դատը եւ կը պահպանեն թուրքահայ եւ ռուսահայ միութիւնը: Ահա վերջապէս եւ 1908 թուի Ազատութեան օրերը Թուրքիոյ համար:

Զաւարեան դարձեալ ամէնէն առաջ հոն է, Պոլսոյ մէջ: Նա էր որ սկիզբ դրաւ ազատական ու հասարակական դասախօսութիւններու շարքին: Նա էր որ նախաձեռնարկը եղաւ«Ազատութեան Մատենադարանի» հրատարակութեանց: Ազատութեան օրերուն կըյաջորդեն Ատանայի կոտորածները: Զաւարեանը դարձեալ հոն է. կը կազմակերպէ աղէտեալներու օգնութեան գործը եւ ջարդի պատճառներն ու հետեւանքները կուսումնասիրէ մեծ ձեռնհասութեամբ:

Այնուհետեւ կը տեսնենք զինք Մուշի մէջ թեմական տեսչի պաշտօնով: Ընթերցողները կըյիշեն անշուշտ այն ոգեւորութիւնը զոր անիկա առաջ բերաւ այդ շրջանին մէջ:Բացուեցան 100 է
աւելի վարժարաններ, որոնք ստացան բազմաթիւ գումարներ հայկական գաղութներէն… Եւ այդ նպաստները կըտեղային Մուշ, Զաւարեանի անձնաւորութեան հանդէպ ուրիշներու ունեցած յարգանքին հետեւանքով:

Շատեր տեսան թէ ինչ պայմաններու տակ անիկա մեկնեցաւ Մուշէն, հալածուած հաստափոր կղերականներէ եւ աղաներէ… մերկ ու գրպանը դատարկ, բայց հպարտ եւ մաքուր, այնքան մաքուր դրամական հարցերու մէջ, որ անոր առջեւ կը խոնարհէին ո՛չ միայն ընկերներ այլ եւ հակառակորդները:

Եւ դարձեալ Պոլիս: Նա էր որ առաջին անգամ սկսաւ հարուածել Իթթիհատը «Ազատամարտ» ի էջերուն մէջ, խորապէս ազդուած այն խաբէական քաղաքականութենէն զոր Իթթիհատը ունեցաւ հայ ազգային պահանջներուն հանդէպ: Նա միշտ մնաց հաւատարիմ ու անկեղծ իր ներքին զգացումներու առջեւ, անկաշառ ի՛ր համոզումներուն մէջ, միշտ թարմ իր գաղափարականութեան մէջ, միշտ սիրող երիտասարդութիւնը եւ սիրուած անկէ, միշտ պահապան հրեշտակ Կուսակցութեան մաքրութեան ու առաջդիմութեան… Եւ այժմ երբ կըյիշեմ անոր մարգարէական անէծքներն ու կոչերը մեր Ընդհանուր ժողովներուն մէջ, երբ կը մտաբերեմ այն տիրական ազդեցութիւնը զոր ունէր անիկա ամէնուն վրայ, կը յիշեմ եւ այն որ ամէնքն ալ կը պնդէին թէ Զաւարեանը բազմիցս փրկած է Կուսակցութիւնը անկումներէ:

Կըյիշեմ ու կը մտածեմ, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ այսուհետեւ մեր կուսակցութեան մարգարէն, անոր թերութիւնը անիծող Մովսէսը բայց եւ միեւնոյն ատեն զայն դէպի Աւետեաց Երկիր առաջնորդողը անփառունակ ու դաժան անապատներէ…

Կը մտածեմ ու ծնկաչոք կը խոնարհիմ անոր աճիւններուն առջեւ, կը խոնարհիմ հաւատալով, որ այսուհետեւ ալ անոր ոգին մեզ պիտի ոգեւորէ, մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի հեռաւոր իտէալները…
Կըմտածեմ եւ չեմ յուսահատիր, որովհետեւ երրորդութեան մէկ անդամը, հաստատուն կաղնին, դեռ կանգուն է4, եւ անոր արդէն շրջապատած են իր որդիներն ու թոռները…

Պիտի ապրինք դեռ եւ դե՛ռ շատ Զաւարեաններ պիտի տանք…

Պիտի ապրինք դեռ մինչեւ որ հայ ժողովուրդը հասնի «Աւետեաց Երկիր»: Իսկ մինչ այդ՝ Փա՜ռք ընկնողներուն…

1.- Խօսքը Քրիստափոր Միքայէլեանի մասին է:
2.- Միեւնոյն ժամանակ երեւան եկող մտաւորական կամ այլ փայլուն գործիչներու բոյլ:
3.- Պէտք է ըլլայ 1904 (Փետրուար-Մարտ ամիսներ):
4.- Ակնարկութիւնը Ռոստոմի համար է: