Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հակառակ այն իրողութեան, որ 1960ականներէն ի վեր, սկզբնական շրջանին որոշ ընդհատումներով, Փասատինայի մէջ կը գործէ ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէութիւնը, այսուհանդերձ, 1977ին է, որ կոմիտէութիւնը կը վերակազմուի եւ կայք կը հաստատէ շրջանին մէջ, առաջին տարիներուն իբրեւ վարձակալ, ապա՝ իբրեւ տանտէր: 1977 տարին կոմիտէութեան համար կ՛ըլլայ անկիւնադարձային. այդ թուականէն սկսեալ, կոմիտէութիւնը շրջանի հայութեան կեանքին մէջ կը վերածուի հեղինակաւոր ուժի եւ շնորհիւ իր հիմնարար նախաձեռնութիւններուն ու արձանագրած նուաճումներուն՝ վերջին չորս տասնամեակներուն ընթացքին Փասատինայի հայկական գաղութի ազգային կեանքը կ՛առաջնորդէ դէպի ամբողջացում:
Փասատինան այսօր հայաշատ եւ կուռ ազգային գաղութ մըն է, ինքնուրոյն նկարագիրի տէր եւ զարգացման հետամուտ՝ երկու Հայ կեդրոններով, ՀԵԴ «Նիկոլ Դուման» Ուխտով եւ Պատանեկան Միութեամբ, Հայ Դատի յանձնախումբով եւ շրջանէն ներս գործող ազգային կառոյցներով՝ Ս. Սարգիս եկեղեցի եւ «Լ. Եւ Յ. Թաւլեան» մանկամսուր, այլեւ Փասատինայի «Մեմորիըլ Փարք»ին մէջ տեղադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանով, ինչպէս նաեւ ուղեկից միութիւններու՝ ՀՄԸՄի, ՀՕՄի եւ Համազգայինի մասնաճիւղերով, ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարանով, «Լեռնավայր» ամառնային ճամբարով եւ տակաւին՝ տեղական, ազգային, համահայկական ու ամերիկեան մակարդակներու վրայ իրականացուցած իր ծրագիրներով եւ մասնակցութեամբ:
Այս նկատառումներով է, որ Կիրակի, 17 Սեպտեմբեր 2017ին, Փասատինայի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ հանդիսաւոր շուքով տօնուեցաւ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան հիմնադրութեան 40րդ տարեդարձը, կազմակերպութեամբ՝ այս նպատակին համար յառաջացուած 40ամեակի յանձնախումբին:
Երեկոյեան ժամը 5էն 6 տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, ապա մօտաւորապէս 400 ներկաներ ուղղուեցան սրահ եւ յոտնկայս ունկնդրեցին Ամերիկեան ու Հայկական քայլերգները, մեկնաբանութեամբ՝ Երուանդ Քէշիշեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Մարիա Քէշիշեանի:
40ամեակի հանդիսութեան ներկայ եղան Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ Ճուտի Չու, Փասատինայի շրջանէն Քալիֆորնիոյ ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ, Փասատինայի ոստիկանապետ Ֆիլիփ Սանչեզ, Համայնքային կապի պատասխանատու Կրեկ Աւշարեան, Փասատինայի վարժարաններու միացեալ շրջանի ատենապետ Վրոյր Պուլղուրճեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան եւ Կեդր. կոմիտէի նախկին ու ներկայ անդամներ, Արեւմտեան շրջանի զանազան կոմիտէներու ներկայացուցիչներ, Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներ, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձական կազմն ու հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան, ազգային բարերար ու հանդիսութեան հովանաւոր՝ տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններ, գլխաւոր նուիրատուներ՝ տէր եւ տիկին Ճօ եւ Հուրիկ Պաղտատլեաններ, դոկտ. Սարգիս եւ տիկին Սիմա Կարապետեաններ, տիկին Նունէ Սէփէթճեան, ինչպէս նաեւ մոմավառ ազգայիններ, նուիրատուներ, շրջանի ազգային կառոյցներու, մարմիններու եւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ, «Լեռնավայր» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիներ եւ բազմաթիւ հիւրեր:
Երեկոյթի հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր «Լեռնավայր»ի վերակազմեալ շրջանի երիտասարդ առաջին սերունդի ներկայացուցիչներէն՝ Կարպիս Հինտոյեան, որ երկլեզու կատարեց հանդիսութեան բացումը, ապա հրաւիրեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, որպէսզի օրհնէ սեղանները:
Առաջնորդ սրբազանը նախ շնորհաւորեց 40ամեայ յոբելեար «Լեռնավայր» կոմիտէութիւնը եւ ընդգծեց անոր ներգործօն դերակատարութիւնը շրջանի հայութեան եւ ամերիկահայութեան կեանքին մէջ: Ապա, յաւուր պատշաճի աղօթքէ ետք՝ սրբազանը օրհնեց սեղանները:
Յոբելենական հանդիսութիւնը աւելի եւս ջերմացաւ, երբ ընթրիքին հետ զուգահեռ, սրահի զոյգ պաստառներուն վրայ սկսաւ ցուցադրուելու 40ամեայ «Լեռնավայր»ի վաստակը արժանաւոր կերպով գնահատող տեսերիզը, ուր տեղ գտած էին հիմնադիր եւ անմիջական յաջորդ սերունդի կարգ մը ընկերներու բանաւոր արտայայտութիւնները՝ վաւերագրական անհրաժեշտ տուեալներու եւ լսատեսողական հնարքներու օգտագործումով: Տեսերիզը, որ արուեստագէտի հմտութեամբ պատրաստած էր Գեղամ Պէրէճիքլեան, արժանի յարգանք ու գորով կը մատուցէր «Լեռնավայր»ի իրերայաջորդ սերունդի վաստակաշատ անդամներուն եւ ցարդ անոնց իրագործած ծրագիրներուն:
Յետ ընթրիքի խօսք առաւ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան հերթապահ Արման Պաղտոյեան, որ ոգեկոչեց կոմիտէութեան ճամբով տեղական եւ համահայկական մակարդակներու վրայ ազգային գործունէութիւն ծաւալած անցեալ ու ներկայ սերունդներուն ի գործ դրած ճիգն ու իրականացուցած նպատակները, ապա իբրեւ հրամայական դիտել տուաւ, որ «մեր գործը, մեր առաքելութիւնը այսօր եւ վաղը մեր համայնքի համախմբո՛ւմն է, անոր հզօրացումը, որպէսզի կարենանք իբրեւ ինքնուրոյն հաւաքականութիւն դիմանալ, որպէսզի կարենանք տեղական եւ համաամերիկեան մակարդակներու վրայ հայկական ազդեցութեան դաշտը ընդարձակել, որպէսզի կարենանք հայութեան ու Հայաստանի ընդհանուր նպատակներուն շօշափելի օգտակարութիւն բերել»: Խօսքի աւարտին, Պաղտոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց կոմիտէութեան զօրակցող բոլոր բարերարներուն, նուիրատուներուն եւ իշխանական նուիրատուութիւն կատարած Մելքոնեան ամոլին, ինչպէս նաեւ հանդիսութեան ներկայ բոլոր հայորդիներուն:
Ապա, հերթապահ Պաղտոյեան ստանձնեց կոմիտէութեան ուղղուած շնորհաւորագիրներ՝ շրջանին մէջ կոմիտէութեան ցուցաբերած դրական ներգործութեան, ինչպէս նաեւ կրթական, ընկերային եւ համաամերիկեան ծրագիրներու իր անսակարկ մասնակցութեան համար: Շնորհաւորագիրները յղուած էին Քալիֆորնիոյ 41րդ ընտրաշրջանի քոնկրեսական Քրիս Հոլտընի կողմէ՝ ձեռամբ Կարօ Մանճիկեանի, եւ 5րդ ընտրաշրջանի վերակացու Քեթրին Պարկըրի կողմէ։ Ապա, ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ եւ քոնկրեսական Ճուտի Չու՝ յաջորդաբար, Պաղտոյեանին յանձնեցին շնորհաւորագիրներ, միաժամանակ մեծ գովեստով անդրադարձան շրջանի զարգացման ու բարգաւաճման հոլովոյթին մէջ կոմիտէութեան բերած նպաստին եւ շրջանի ուժերուն հետ միշտ գործակցելու անոր պատրաստակամութեան: Ճուտի Չու նաեւ շնորհաւորական հաստատագիր մը յանձնեց Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբին՝ բարձրօրէն գնահատելով անոր բազմաբնոյթ գործունէութիւնն ու հետապնդած նպատակները:
Այնուհետեւ, բեմ հրաւիրուեցան գլխաւոր բարերարներ՝ տէր եւ տիկ. Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններ, տէր եւ տիկ. Ճօ եւ Հուրիկ Պաղտատլեաններ, դոկտ. Սարգիս եւ տիկ. Սիմա Կարապետեաններ, որոնք 40ամեակի յանձնախումբի ատենապետ Սարգիս Թաթիկեանի ու կոմիտէի հերթապահ Արման Պաղտոյեանի ձեռամբ ստացան երախտիքի խորհրդանիշ-նուէրներ, առ ի երախտագիտութիւն իրենց զօրակցութեան (բարերար Սարգիս եւ Նունէ Սէփէթճեաններ իրենց յուշանուէրը ստանձնեցին աւելի ուշ):
Խօսքը տրուեցաւ 40ամեակի յանձնախումբի ատենապետ Սարգիս Թաթիկեանին, որ ընթերցեց աւելի քան 40 մոմավառ հայորդիներու, ազգային կառոյցներու եւ ուղեկից միութիւններու անունները, ապա հրաւիրեց այդ անհատներն ու ներկայացուցիչները՝ իրենց սեղաններուն վրայ տեղադրուած յատուկ մոմերը վառելու: Այնուհետեւ, հանդիսավար Հինտոյեան բեմ հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Եագուպեանը, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեանը, «Լեռնավայր» կոմիտէութեան հերթապահ Արման Պաղտոյեանը, 40ամեակի յանձնախումբի ատենապետ Սարգիս Թաթիկեանը եւ սրահին մէջ ներկայ հիմնադիր սերունդի ընկերները՝ միասնաբար հատելու 40ամեակի կարկանդակը: Հատումի արարողութենէն ետք, Սարգիս Թաթիկեան յատուկ յայտարարութեամբ մը ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, թէ շնորհիւ տէր եւ տիկ. Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններու իշխանական նուիրատուութեան՝ Փասատինայի Ֆութհիլ պողոտայի Հայ կեդրոնը այսուհետեւ պիտի կոչուի «Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիւէլէքեան Երիտասարդական Կեդրոն»: Պատմական այս յայտարարութեան առիթով սրահէն բարձրացած բուռն ծափահարութիւններու տարափին տակ, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան գնահատեց Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան բարերար զոյգին առատաձեռն նուիրատուութիւնը եւ դրուատեց ամոլին եւ անոնց ծնողներուն նիւթաբարոյական զօրակցութիւնը‘ ի նպաստ հայ եկեղեցւոյ ու հայութեան կեանքի բարգաւաճման: Յետ անուանակոչութեան, բեմ հրաւիրուեցան նաեւ տէր եւ տիկ. Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիւէլէքեանները՝ շնորհաւորանքներ ստանալու համար:
Հուսկ, խօսք առաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, որ վեր առաւ յետ եղեռնեան շրջանին ՀՅ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը հայութեան կեանքին մէջ, իբրեւ գաղութներու կազմակերպումը իրականացուցած առաջնորդող ուժ, որ նոյն թափով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը նաեւ այսօր, աշխարհի վրայ սփռուած հայութեան թէ ամերիկեան ցամաքամասի գաղութներու կեանքին մէջ։
Պաշտօնական բաժինին յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայբերդ Սարեան եւ իր նուագախումբը, ապա Քրիստափոր Արապեան հանդէս եկաւ ազգային-յեղափոխական փունջ մը երգերով՝ ընկերակցութեամբ «Քնար» նուագախումբին։
Յայտնենք, որ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան հիմնադրութեան 40ամեակին առիթով պատրաստուած էր յատուկ գրքոյկ մը, որմէ օրինակներ բաժնուեցան ներկաներուն, իբրեւ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան կեանքը յատկանշող պատմական ակնարկ եւ յիշատակի յաւերժացում՝ հիմնադիր եւ հետագայ սերունդներուն ի գործ դրած հաւաքական ճիգին, իրականացուցած նպատակներուն, ինչպէս նաեւ բարերար ու նուիրատու ազգայիններու զօրակցութեան եւ իրենց հարազատներէն ու ընկերներէն առյաւէտ բաժնուած ընկերներուն: