կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-04-24 10:11
Հասարակություն

Ապրիլը այսուհետ Ցեղասպանությունը կանխարգելող ամիս է

Ապրիլը այսուհետ Ցեղասպանությունը կանխարգելող ամիս է

Աղբյուրը՝ «Ազդակ»

Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման համահայկական աշխատանքներու հայեցակարգային խնդիրները այժմէական հնչեղութիւն կը ստանան: Ապրիլ 24-ի ոգեկոչական նշումները այս տարի անմիջականօրէն յաջորդեցին ապրիլեան պատերազմի առաջին տարելիցին առիթով կազմակերպուած ոգեկոչական յիշատակի ձեռնարկներուն:

Եւ եթէ ապրիլեան քառօրեան ընկալենք իբրեւ ազրպէյճանական ռազմական արկածախնդրութեան կասեցում կամ արցախահայութեան սպառնացող նոր` զանգուածային մեծ վտանգի կանխարգելիչ չէզոքացում, ապա ապրիլեան երկու խորհուրդներու վերլուծումի մօտեցումները կը համատեղուին:

Թալիշի մէջ հակառակորդին կատարածը, նահատակուած հայ զինուորին հանդէպ գործադրուած անմարդկայնութիւնը եւ անզէն բնակչութեան դէմ կիրարկուած զինուորական գործողութիւնները վերյիշեցուցին սումկայիթեան դէպքերը եւ անգամ մը եւս բացայայտեցին Ազրպէյճան անունին տակ գործող ահաբեկչական պետական միաւորին ջարդարար քաղաքականութիւն իրականացնելու փաստը:

Հետզհետէ համոզիչ կը դառնայ, որ ցեղասպանութիւն բառեզրի օգտագործման համար կեդրոնացուող ճիգը, մարդուժը, ֆինանսական միջոցները տեղ մը կրնան տեղապտոյտի կարգավիճակին մէջ յայտնուիլ եւ քաղաքական սայլը տեղէն չշարժել. ականատես եղանք մանաւանդ այն երեւոյթին, որ ժխտողականութեան քրէականացման անհրաժեշտութիւնը չառարկայացաւ, եւ իրաւականին գերակշռեց զուտ քաղաքականը` դարձեալ տեղապտոյտի մէջ տեղադրելով գէթ Ֆրանսայի պարագային ծերակոյտ-խորհրդարանի երկկողմանի երթեւեկը:

Այս չ՛ենթադրեր անշուշտ միջազգային ճանաչումի կամ ժխտողականութեան քրէականացման միտող գործընթացները շեղել: Կայ սակայն առաջնահերթութիւններու խնդիր բնականաբար, եւ Ազրպէյճանի ցեղասպան դէմքի բացայայտումը սերտօրէն առնչուած է ռազմական յանցագործի իր դիմագիծին եւ ձեռագիրին հետ:

Իսկ ռազմական յանցագործութիւնները պատժելի են պատերազմներու յատուկ միջազգային օրէնքներով, թէ՛ անզէն բնակչութիւն հարուածելու, թէ՛ ծերերը անդամահատելու, թէ զինուորներ գլխատելու, թէ ռազմագերիներու հետ օրէնքով սահմանուած կարգերէն դուրս վարուելու առումներով:

Փաստօրէն մենք գործ ունինք անմիջականօրէն մեր սահմաններէն ներս թափանցման փորձեր կատարող, ցեղասպանութիւն գործադրելու պատրաստ պետական ահաբեկչական միաւորի հետ, որուն հետ եթէ մէկ կողմէ միջազգային ընտանիքի սահմանած օրինաչափութիւններուն ընդառաջ կը բանակցինք, միւս կողմէ սակայն զգաստ վիճակի մէջ կը կասեցնենք հերթական թափանցման գործողութիւն, որ կը տեղադրուի ընդհանուր ցեղասպանական ծրագիրի պարունակներուն մէջ:

Դժբախտաբար մեր հայրենիքը աշխարհագրականօրէն անմիջականօրէն պաշտպանուելու խնդիր ունի ցեղասպանութիւն գործադրած, ցեղասպանութիւն գործադրելու պատրաստ եւ այդ ծրագիրներէն չհրաժարող դրացի պետութիւններու հետ:

Ապրիլը մինչեւ հիմա ցեղասպանուած ժողովուրդի յիշատակի ամիս էր. ապրիլը այսուհետեւ ցեղասպանութիւնը կրկնելու ծրագիրը կասեցուցած ժողովուրդի հերոսական ամիս է նաեւ: