Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Շաբաթ, 21 Յունուարին, Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» կեդրոնի «Իսահակ եւ Ժանէթ Գազանճեան» սրահին մէջ 22 հայորդիներ, իրենց երդումը տալով՝ համալրեցին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին յառաջացուցած դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ Յարութ Մկրտչեան, երդման արարողութենէն առաջ սրահին մէջ հաւաքուած մեծաթիւ կուսակցականներուն ներկայացուց նորագիրները ու անոնց կնքամայրը՝ Անի Պէրպէրեանը։
Հայերէնի վաստակաւոր ուսուցչուհի եւ կուսակցական պատկառելի ծառայութիւն ունեցող Անի Պէրպէրեանը նորագիրներուն փոխանցեց իր պատգամը՝ ըսելով.
«Սիրելի՛ նորագիրներ, ինչպէս կը տեսնէք մեր շուրջ, սրահին մէջ կը տիրէ ուրախ, տօնական մթնոլորտ: Արդարեւ, երդման արարողութեան պահերը յուսադրող եւ գօտեպնդող տրամադրութիւն կը ստեղծեն կուսակցական ընկերներուս մէջ, որովհետեւ նոր անդամներու մուտքը շարքերէն ներս նոր աւիւն եւ աշխուժութիւն կը բերէ մեր կուսակցական գործունէութեան։
Ուրախ ենք, որ 22 նորագիրներ, յաջողութեամբ աւարտելէ ետք ՀՅԴ շարքերը մուտքի պատրաստութեան դաստիարակչական ծրագիրը՝ այսօր պատրաստ են իրենց թանկագին կեանքն ու բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դնելու հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան, ազատագրական մեր պայքարին միանալու ճամբով:
Քիչ ետք, մեր բոլորին ներկայութեան, դուք պիտի կատարէք սրբազան երդումը՝ խոստանալով հետեւիլ Քրիստափորներու, Բաբգէն Սիւնիներու, Արամ Մանուկեաններու եւ մեր միւս բոլոր նուիրեալներու ծառայութեան օրինակին:
Այս երդումով՝ դուք մաս պիտի կազմէք ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին, եւ ձեր առջեւ պիտի բացուի գործի նոր ու ընդարձակ դաշտ, որուն ուղին հարթ ու հեզասահ չէ՛, այլ երբեմն փոթորկոտ է ու փշոտ:
Ուստի, ձեզմէ կը սպասուի դիմանալու ուժեղ կամք, իբրեւ կուսակցական նկարագիր եւ զոհաբերութեան ոգի: Յաճախ պիտի գտնուիք դժուար հարցերու առաջ: Իբրեւ կուսակցական՝ պարտաւորուած պիտի ըլլաք ձեր անձնական կարծիքէն ու համոզումէն տարբեր ուղղութեամբ գործելու, եթէ այդ կը պարտադրէ մեծամասնութեան որոշումը, կամ՝ պահանջուած է կուսակցական ձեր Մարմինին կողմէ: Ճիշդ այդ պատճառներով ալ, աւելի՛ դժուար է ձեր դաշնակցական կեանքին մէջ կուսակցական մնալը:
Հետեւաբար, կոչ կ՛ուղղեմ ձեզի՝ ըլլալու անկե՛ղծ ձեր անձին հանդէպ: Եթէ չէք կրնար ձեր Ես-ը զոհել ընդհանուրին համար, աւելի լաւ է հիմա չկատարել երդումը: Տակաւին ուշ չէ քաշուելու եւ աւելի հանդարտօրէն եւ վճռականօրէն որոշում կայացնելու: 126 տարեկան մեր կուսակցութիւնը, իր տասնեակ հազարաւոր հաւատաւորներով եւ իր տարած պատկառելի գործունէութեամբ, պէտք ունի ուժե՛ղ կամքով գործող հաւատաւորներու:
Եթէ պատրաստ էք այդ բոլորին, այժմ կը հրաւիրեմ ձեզ՝ միասնաբար արտասանելու Դաշնակցականի մեր ուխտը»:
Այնուհետեւ, յանուն ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին եւ շրջանի բոլոր շարքայիններուն, նորագիրներուն շնորհաւորանքի խօսք փոխանցեց ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ռազմիկ Հարուն:
«Այս օրը յիշատակելի պիտի մնայ ձեր կենսագրութեան մէջ, որովհետեւ դուք այսօր կարեւոր քայլ մը առիք՝ երդուելով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ճամբով նուիրուելու մեր ազգին ու հայրենիքին», ըսաւ Հարուն եւ աւելցուց, որ Դաշնակցութիւնը իր ծնունդէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը եղած է հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի յառաջապահը: «Արցախի ազատագրական պայքարին իր բերած անփոխարինելի ներդրումով եւ ընդհանրապէս Հայաստանի ու Արցախի պետականութեանց իր անվերապահ զօրակցութեամբ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հաւատարիմ կը մնայ իր առաքելութեան, եւ այդ սրբազան գործին այսօր դուք կը միանաք՝ ապահովելով անոր շարունակականութիւնը», պատգամեց Ռազմիկ Հարուն։
Նորագիրներուն իր պատգամը փոխանցեց նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան: Ստորեւ կը ներկայացնենք դոկտ. Եագուպեանի խօսքը՝ ամբողջութեամբ:
Երդման արարողութենէն ետք, Կլենտէյլի «Սիվիք Օտիթորիում» հսկայական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 126րդ տարեդարձին նուիրուած խրախճանքը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան սիրուած երգիչ Անդրէն եւ ազգային-յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան: Խրախճանքին հանդիսավարն էր Սանան Շիրինեան:
Պատգամ ՀՅԴ Նորագիրներուն
ԴՈԿՏ. ՎԻԳԷՆ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
ՀՅԴ նորագիրներու երդման արարողութեան առթիւ՝ ՀՅԴ Բիւրոյի պատգամին ամբողջական բնագիրը:
Առաջին հերթին կ՛ուզեմ ողջունել ՀՅԴ շարքերուն միացող մեր նոր ընկեր-ընկերուհիները՝ մաղթելով, որ այս օրը ըլլայ առաջինը՝ երկար տարիներու ազգանուէր գործունէութեան եւ մեր պահանջատիրական պայքարի ամբողջական նուիրաբերումին։ Վստահաբար դուք կը նկատէք եւ պէ՛տք է որ նկատէք, թէ ասիկա ձեր կեանքի կարեւորագոյն օրերէն մէկն է, որ կոչուած է ըլլալու անկիւնադարձային՝ բազմաթիւ մակարդակներու վրայ։
Ընկերնե՛ր, յաւակնութիւնը չունիմ այս պահուն բարոյախօսական ելոյթ ունենալու այստեղ, որովհետեւ շրջապատուած էք ընկերներով, որոնցմէ իւրաքանչիւրին փորձը պիտի գայ խարիսխը դառնալու ձեր կուսակցական գործունէութեան եւ աշխատելաոճին։ Թոյլ տուէք, սակայն, որ քանի մը ամփոփ միտքերու մէջ ձեզի հետ բաժնեմ այն ըմբռնումները, որոնք, իմ կարծիքով, Դաշնակցական մարդուն եւ այդ տեսակին էութիւնը կը կազմեն։
Առաջին՝
Դաշնակցութեան Ծրագիրը, Կանոնագիրը եւ անոնց թելադրած ապակեդրոն գործունէութեան ու գաղափարական կեդրոնացման սկզբունքները պարտիք ըմբռնել եւ ընդունիլ իբրեւ սրբութիւն։ Այս մասին, վստահ եմ, որ արդէն իսկ ձեր դաստիարակչական շարքով քննարկած էք եւ լաւապէս ըմբռնած։ Այն, ինչ երբեմն կը մոռցուի՝ Դաշնակցութեան կարգապահական ըմբռնումնե՛րն են, որոնք նաեւ կեդրոնացեալ սկզբունքին մաս կը կազմեն։ Դաշնակցականին համար կարգապահութիւնը կը գերակշռէ անհատական համոզումները, եւ կարգապահ վերաբերմունքը՝ նուիրականացած գերադաս ու ստորադաս մարմիններու փոխյարաբերութեանց ընդմէջէն, Դաշնակցութեան յեղափոխական ակունքները շաղախող նիւթն է։ Այն «խենթ»երը, որոնք սատարած են առասպելի հասնող Դաշնակցութեան համբաւին, լոկ անհատներ չե՛ն։ Անոնք եղած են Դաշնակցութեան կարգապահութիւնը կենդանացնող օրինակներ։ Ուրեմն, պարտիք ձեր աչքի լոյսին պէս պաշտպանել եւ պահակը ըլլալ Դաշնակցութեան կարգապահութեան, որ 126 տարիներու ընթացքին կուսակցութիւնը կանգուն պահող կարեւորագոյն սիւներէն մէկն է եղած։
Երկրորդ՝
Ժողովուրդէն ծնած, ժողովուրդով սնանող եւ մեր ժողովուրդի պայքարին ի խնդիր յարատեւող Դաշնակցութիւնը՝ հաւաքականին ծառայող եւ հաւաքական մշակոյթի սկզբունքներով առաջնորդուող կազմակերպութիւն է։ Այս իրականութիւնը, այսօր, առօրեայ իմաստով փորձութեան կ՛ենթարկուի։ Ընկերային ցանցերու կարեւոր սակայն անգուշակելի ներկայութեամբ՝ մեր կեանքերէն ներս, գաղափարական մեր կողմնացոյցը երբեմն կը կորսնցնենք եւ մեր ուղղութիւնը կը ճշդենք անհատական կարծիքներու բանաձեւումով, փոխանակ տեսնելու զանոնք մեր Ծրագիրին ու ընդհանուր ժողովներուն մէջ։ Եղէք զգօ՛ն, որպէսզի չանհատականացնէք Դաշնակցութիւնը։ Դաշնակցականը՝ ո՛վ ալ ըլլայ ան, ՀՅԴ Ծրագիրին եւ անոր ժողովներէն բխած որոշումներուն զինուո՛րն է։ Անդրադարձած են այս իրողութեան նոյնիսկ Գէորգ Չաւուշի, Անդրանիկի պէս պանծալի դէմքեր, եւ նկատած, որ չկայ անհատ, որ կը գերադասէ Դաշնակցական ժողովի գծած ուղին եւ զայն սնանող գաղափարական սկզբունքները։ Հետեւաբար, կառչած մնացէք այս ըմբռնումին, մանաւանդ՝ մութ եւ ծանր օրերուն, երբ ամէնէն հեշտ այլընտրանքը այդ ըմբռնումէն խուսափիլը կը թուի ըլլալ։
Երրորդ եւ վերջապէս՝
Մի՛ մոռնաք, որ Դաշնակցութիւնը ընկերվարական սկզբունքները իւրացուցած կազմակերպութիւն է, եւ իր ակունքները մարդու իրաւունքներու ամբողջական արդարութեան ծառայելու հեռանկարով են ամրապնդուած։ Քրիստափորը, Ռոստոմն ու Զաւարեանը կը տառապէին մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխման խնդիրով նոյնքա՛ն, որքան մեր ժողովուրդի արդար Դատով, որուն լուծումը երբեք ալ կարելի պիտի չըլլար նուաճել՝ առանց մարդկային արդար կարգերու հաստատման։ Այո՛, մեր պայքարը ազգային է. այնքան ատեն որ մեր ազգային ազատագրական պայքարը չէ հասած իր արդար լրումին, մենք պարտինք նուիրաբերուիլ անոր, որովհետեւ մեր միջոցները հազիւ թէ բաւարար ըլլան անոր համար։
Սակայն, Դաշնակցութիւնը երբե՛ք չի կրնար լուռ մնալ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխման դիմաց եւ երբե՛ք չի կրնար իր պայքարը տեսնել անջատուած այդ իրողութենէն։ Իսկ մարդկային իրաւունքներու պարունակին մէջ չկա՛ն տարբեր մակարդակներու կամ որակներու իրաւունքներ։ Կայ մէկ տեսակ արդար կարգերու նուաճում, որ կը մարմնաւորուի մարդկային ամբողջական իրաւունքներու անփոխանցելի եւ անվաճառելի հաստատումով։ Հետեւաբար, պարտիք միշտ տեսնել Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի մեր տեսլականը ա՛յս պրիսմակով։
Անգամ մը եւս շնորհաւորութիւններ։ Վարձքը կատար պատասխանատու մարմիններուն, եւ բարի եկաք մեր հրաշալի ընտանիքէն ներս։
asbarez.com