կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-03-13 14:43
Աշխարհ

Լիբանանում 52 նորագիր համալրեց ՀՅԴ շարքերը

Լիբանանում 52 նորագիր համալրեց ՀՅԴ շարքերը

Աղբյուրը՝ Aztagdaily

Երէկ` կիրակի, 12 մարտին, իւրայատուկ կերպով` ՀՅ Դաշնակցութեան նորագիրներու երդման արարողութեամբ նշուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան երախտաւորներէն Կարօ Սասունիի մահուան 40-ամեակը, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան` նաեւ վերջինիս աճիւնները պարունակող ՀՅԴ Պանթէոնին առջեւ: ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութենէն եւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութենէն 52 նորագիրներ անցան Դաշնակցութեան շարքերը` երդուելով շարունակել պայքարը հայութեան եւ Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան համար:

Օրուան կնքահայրը` պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան, իր ուրախութիւնը եւ յուզմունքը յայտնեց երիտասարդներու նոր փաղանգի մը Դաշնակցութեան շարքերուն անդամակցութեան համար: Ան ըսաւ, որ եթէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութենէն 127 տարի ետք երիտասարդ կը մնայ ու կը գոյատեւէ, ապա այս երեւոյթը կը պարտինք այն իրողութեան, որ երիտասարդութեան

յաջորդական սերունդներ անդամակցած են կուսակցութեան եւ վերանորոգած անոր պայքարը:

Երուանդ Փամպուքեան ընդգծեց, որ այդ պայքարը տակաւին չէ աւարտած եւ հայութեան իղձերը կը մնան անկատար: Ան շեշտեց, որ դժբախտաբար Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ ազատութիւնը վերջ չտուին հայութեան ցաւերուն, հայութիւնը, որ պէտք էր համախմբուէր իր հայրենիքին մէջ, կը մնայ տարտղնուած, իսկ արտագաղթի պատճառով Հայաստանի մէջ արիւնահոսութիւնը կը շարունակուի, երկիրը կը պարպուի իր բնակչութենէն: Այս բոլորը հրամայական անհրաժեշտութեան կը վերածեն ընկերային արդարութեան հաստատումը Հայաստանի մէջ:

Երուանդ Փամպուքեան նորագիրներու ուշադրութեան յանձնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ստեղծուած է ու գոյութիւն ունի ոչ թէ մեր ապրած երկիրներուն համար, այլ Հայաստանի համար: Ան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը իր անդամներուն ոչինչ կու տայ, ոչինչ կը խոստանայ, այլ միայն կ՛առնէ իրենցմէ` հայութեան վեհ նպատակներուն իրագործման համար:

Պետական եւ կուսակցական գործիչ, հրապարակախօս, գրող եւ մտաւորական Կարօ Սասունիի մահուան 40-ամեակին առիթով դաշնակցական նորագիրներու այս սերունդը կոչուեցաւ «Կարօ Սասունիի սերունդ» անունով: