Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ Aztagdaily
ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած «Կեանքս հայրենիքիս» նշանաբանը որդեգրած եռօրեայ բանակումը սկիզբ առաւ ուրբաթ, 23 սեպտեմբեր 2016-ին: Առաւօտեան հանրակառքերը «Շաղզոյեան» կեդրոնէն ուղղուեցան դէպի Թուրզայա-Ժիպէյլ` վերջերս վերակարգաւորուած «Թռչնոց բոյն»-ի ամառնային բանակավայրը: Բանակումին մասնակցեցան շուրջ 130 ԼԵՄ-ականներ: Բանակումին ծրագիրը կ՛ընդգրկէր դաստիարակչական օրակարգեր` զրոյց, դասախօսութիւն, զարգացման մրցում, ինչպէս նաեւ մարզական այլազան օրակարգեր: Երեք օրերու ընթացքին ԼԵՄ-ականները օժտուեցան տարբեր բնոյթի գիտելիքներով, որոնց բոլորին նպատակն էր դաշնակցական երիտասարդին մօտ հաստատել հայրենիքին նկատմամբ անսակարկ նուիրումի սկզբունքը:
Բանակումի երրորդ օրուան ընթացքին ԼԵՄ-ականներուն այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան: Ան զրոյց-դասախօսութեան մը ընդմէջէն ներկայացուց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան վերջին 25-ամեայ գործունէութիւնը` շեշտը դնելով հայութեան անսահման կարիքներուն հասնելու դաշնակցական մարդու եւ յատկապէս երիտասարդի միշտ պատրաստ ըլլալու անհրաժեշտութեան վրայ, հայրենիքին թէ սփիւռքի տարբեր շրջաններուն մէջ:
Մասնակից ԼԵՄ-ականները կարգապահութեամբ եւ լրջութեամբ հետեւեցան բոլոր օրակարգերուն: Բանակումը վերջ գտաւ կիրակի, 25 սեպտեմբեր 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին: Դաշնակցական երիտասարդները ներշնչուած եւ բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց կեդրոնները` անգամ մը եւս վերանորոգելով հայրենիքին ծառայելու իրենց անսակարկ ուխտը: