Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Գանձասար»-ը գրում է.
«Սուրիական բանակը, շարունակելով Հալէպի ազատագրումը, իր ամբողջական հակակշռին տակ առաւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն հիմնական որջը՝ Հալէպի արեւելեան բաժինին մէջ գտնուող Պենի Զետ շրջանը։ Բանակի երկրաչափական միաւորները ականազերծեցին շրջանը եւ գրաւեցին ահաբեկչական խմբաւորումներու զէնքի, զինամթերքի, յատկապէս կազի պայթուցիկ հարիւրաւոր տակառներու բոլոր պահեստները, որոնցմով անոնք կը հրթիռակոծէին եւ աւելի քան 4 տարիէ ի վեր կը սպաննէին Հալէպի խաղաղ բնակչութիւնն ու կը քանդէին հազարաւոր բնակարաններ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ եւ այլն։
Բանակը իր հակակշռին տակ առաւ նաեւ Հալէպի հիւսիսը գտնուող Լերամունի շրջանը, ազատագրեց շրջանի գործարանները։ Այժմ նահանգապետարանը կը կարգաւորէ գործարանները իրենց սեփականատէրերուն յանձնելու գործընթացը։
«ՍԱՆԱ» ի հաղորդմամբ Հալէպի մէջ մեծաթիւ զինեալներ փախուստի կը դիմեն, ուրիշներ կը յանձնուին բանակին՝ օգտուելու ներումի պայմաններէն»: