կարևոր
0 դիտում, 8 տարի առաջ - 2016-03-08 12:10
Տարածաշրջան

Այսօր հայրս միայնակ է պայքարում Էրդողանի դեմ. Արսեն Նշանյան

Այսօր հայրս միայնակ է պայքարում Էրդողանի դեմ. Արսեն Նշանյան

Աղբյուրը՝ «Արևելք»

«Այս պահուն հայրս կը գտնուի   «Սոքա   Աչըք Ճէզաէվի» (Soke acik cezaevi) բանտին մէջ»,- «Արեւելք»ին յայտնեց Սեւան Նշանեանի որդին՝ Արսէն Նշանեան: Ան  ըսաւ, որ նախքան այս բանտը փոխադրուիլը   Նշանեան  կը գտնուէր բաց բանտային ռէժիմի մը մէջ, եւ այդ բացատրելով ըսաւ, թէ  հօրը յատուկ թոյլտուութիւն կար, որպէսզի կարողանայ շաբաթավերջերուն բանտէն դուրս գալ եւ հանդիպիլ իր հարազատներուն եւ բարեկամներուն հետ ու ապա բանտ վերադառնալ: Մեր հարցին, թէ իր կարծիքով, ինչո՞ւ Սեւան Նշանեան այսօր փոխադրուած է աւելի վատ պայմաններ ունեցող բանտ մը, Արսէն Նշանեան պատասխանեց,  թէ  վերջին շրջանին իր հօր մօտ բանտապահները գտած էին յիշողութիւն պարունակող համակարգչային փոքր սարք մը (Flash memory) եւ այդ պատճառով է, որ դարձեալ խստացուցած են  քաղբանտարկեալին պայմանները: Ան նաեւ ըսաւ, որ այդ Flash memory-ին իր կողմէ տրուած էր հօրը` վերջինիս փափաքով եւ կը պարունակէր Սեւան Նշանեանի հրապարակած եւ անտիպ կարգ մը գիրքերուն պատճէնները, եւ անկէ ետք է, որ պետական մարմինները աւելիով խստացուցած են Սեւան Նշանեանի պայմանները: Թէ ինչքանո՞վ Սեւան Նշանեան կրնայ մնալ մենախուցի մէջ, մեր  խօսակիցը պատասխանեց. «Դեռ պարզ չէ, թէ ինչքան ժամանակով հայրս պիտի մնայ մենախուցային պայմաններու տակ, սակայն մենք մօտէն կը հետեւինք դատական ամբողջ գործընթացին:  Հայրս նոյնիսկ բաց բանտային ռէժիմի տակ գտնուած ատեն չէ դադրած Թուրքիոյ   իշխանութիւնները քննադատելէ, ու յատկապէս՝ վերջին օրերուն, այսինքն անցեալ յունուարին, երբ բանտէն դուրս կը գտնուէր ու բոլորս միասին նշեցինք իր ծննդեան տարեդարձը, այդ օրերուն ալ ան չդադրեցաւ եւ չվախցաւ քննադատել Թուրքիոյ իշխանութիւնները»:

Արսէն Նշանեան իր կարծիքը յայտնեց օրերս change.org կայքին կողմէ Սեւան Նշանեանի ազատութեան համար եղած ստորագրահաւաքին մասին, նշելով. «Ճիշդ է, որ ստորագրահաւաքը շատ կարեւոր է հօրս    հարցին  վրայ  հանրութեան  ուշադրութիւնը  վառ   պահելու  իմաստով, բայց մենք մեծ յոյսեր չունինք, որ այսպիսի ստորագրահաւաք մը կրնայ օժանդակել, որ  ան բանտէն ազատուի: Այսօր հայրս առանձինն կը պայքարի  Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին դէմ եւ այնքան ատեն, որ ոչ ոք կրցած է համոզել Էրտողանը,  որ Սեւան Նշանեանը բանտէն դուրս պէտք է գայ, հայրս պիտի մնայ բանտարկուած: Ըսեմ նաեւ, որ հօրս բանտարկութեան առաջին հանգրուանին  հասարակութեան հետաքրքրութիւնը շատ աւելի մեծ էր, քան՝ այսօր: Այսօր մարդիկ տարբեր մակարդակներու վրայ յոգնութեան նշաններ ցոյց կու տան, անոնք առաջուայ նման մեծ յոյսեր չունին եւ ընդհանուր Թուրքիոյ իրավիճակը նոյնպէս բաւական յուսահատական է: Երբ Թուրքիոյ այս կուսակցութիւնը (AKP) իշխանութեան հասաւ, ամբողջ ժողովուրդը դրական հայեացքով է, որ ընդունեց այս իշխանափոխութիւնը, սական 2011-էն սկսեալ երկրին  մէջ ընդհանուր իրավիճակը երթալով աւելի վատացաւ, եւ այսօր մենք կանգնած ենք Թուրքիոյ մէջ մենատիրական իշխանութեան մը հաստատման սեմին, որ շատ վտանգաւոր եւ անսպասելի  հետեւանքներ կրնայ ունենալ  երկրին  համար: Այսօր օրինակ Թուրքիոյ իշխանութիւններու համար թիրախ դարձած  են ազատ մամուլի ներկայացուցիչները, եւ որեւէ անձ որ կը փորձէ որեւէ մակարդակի քննադատութիւն կամ տարբեր կարծիք յայտնել կը յայտնուի հալածանքի վտանգին մէջ»:

\"\"

Պատասխանելով «Արեւելք»ի հարցումին, թէ արդեօք պոլսահայութիւնը բաւարար ճիգ կը  գործադրէ՞ Սեւան Նշանեանի հարցը հրապարակ հանելու եւ անոր պաշտպանելու վերաբերեալ, Արսէն Նշանեան ըսաւ. «Ինծի համար այսօր ոչ թէ հօրս խնդիրն է մտահոգիչը, այլ լուրջ մտահոգուած եմ պոլսահայութեան ընդհանուր իրավիճակով: Եթէ 2011-ին նոյնիսկ սփիւռքի մէջ ապրող հայերուն համար հայ ըլլաը եւ մասնաւորապէս պոլսահայ ըլլալը հպարտութիւն մը կ\'առթէր, տրուած ըլլալով, որ Հրանդ Տինքը նահատակուած էր եւ նոր շարժում մը կար  եւ նոր յոյսեր կային Պոլսոյ մէջ, այսօր իրավիճակը այդպէս չէ: Այսօր պոլսահայութիւնը ինք պէտք է մտածէ իր ճակատագրին մասին»:

Անգլիա իր ուսումը շարունակող Արսէն Նշանեան մեր զրոյցի ընթացքին նաեւ յայտնեց, որ ինք խորապէս մտահոգ է Թուրքիոյ ընդհանուր իրավիճակով, եւ  ան այս առումով դիտել տուաւ. «Եթէ այսօր Թուրքիա յաջողի այս հանգրուանը առանց քաղաքացիական նոր պատերազմի մտնելու անցընել, ապա բոլորս շատ ուրախ եւ երջանիկ պէտք է զգանք մենք մեզ: Մենք կը գտնուինք շատ լուրջ եւ վտանգաւոր փուլի  մը մէջ եւ գաղտնիք չէ, որ Թուրքիոյ մէջ որեւէ պահու կրնայ ծայր առնել արիւնալի, երկարատեւ ու վտանգաւոր պատերազմ մը»: Անոր կարծիքով եթէ Թուրքիոյ մէջ իրավիճակը մնայ այս հունին մէջ եւ զարգացումները շարունակուին այս ընթացքով, ապա աղէտը անխուսափելի է: «Խորքին մէջ ամբողջ երկիրը քաոսային իրավիճակի մէջ է, մարդիկ հանգիստ չեն իրենց տեղաշարժին մէջ, ըլլայ անիկա Պոլիս կամ տարբեր քաղաքներու մէջ, ժողովրդային եւ տարբեր մակարդակներու վրայ անհանգստութիւն մը երեւելի է: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ քիւրտերու պարագան, երկրի հարաւ-արեւելեան նահանգներուն մէջ ուղղակի պատերազմական իրավիճակ կը տիրէ եւ պետութիւնը ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ միջազգային հանրութեան աչքերէն  հեռու  պահելու եւ թաքցնելու տեղի ունեցող ոճրային սպաննութիւնները եւ կառավարական ուժերու կիրառած բռնութիւնները քիւրտ բնակիչներուն դէմ:

Արսէն Նշանեան յոյս յայտնեց, որ Հայաստանը եւ հայութիւնը չեն մոռնար իր հօր դատը: Անոր կարծիքով, այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ պատեհ առիթ  է, որ Սեւան Նշանեանի գիրքերը, աշխատութիւնները, գաղափարները հրապարակուին եւ տարածուին հայերէն լեզուով, դիտել տալով նաեւ, որ «իմ հայրս նախ եւ առաջ գաղափարի զինուոր է, եւ ինչ ալ ըլլան պայմանները, կամ բանտի շղթաները, գաղափարը մեզի համար անմահ է»: