կարևոր
1102 դիտում, 4 ժամ առաջ - 2025-10-09 14:48
Հասարակություն

Լիբանանում տեղի է ունեցել «Դաշնակցությունը և ուսանողությունը» եռօրյա միջշրջանային ուսանողական-երիտասարդական խորհրդաժողով

Լիբանանում տեղի է ունեցել «Դաշնակցությունը և ուսանողությունը» եռօրյա միջշրջանային ուսանողական-երիտասարդական խորհրդաժողով

Հ.Յ.Դ. «Զավարյան» ուսանողական միության կազմակերպությամբ Լիբանանում տեղի է ունեցել «Դաշնակցությունը և ուսանողությունը» եռօրյա միջշրջանային ուսանողական-երիտասարդական խորհրդաժողով։ Խորհրդաժողովին մասնակցել են զանազան երկրի 12 ուսանողական և երիտասարդական միություններ։

«Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան, Պէյրութ, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ «Դաշնակցութիւնը եւ Ուսանողութիւնը» եռօրեայ միջ-շրջանային ուսանողական-երիտասարդական խորհրդաժողով։

Խորհրդաժողովին մասնակցեցան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ուսանողական եւ երիտասարդական 12 միութիւններ՝ Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» Ուսանողական Միութիւն (Լիբանան), Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւն, Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւն (Հայաստան), Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւն, Հ.Յ.Դ. Արցախի Երիտասարդական Միութիւն, Հ.Յ.Դ. «Յովնան Դաւթեան» Ուսանողական Միութիւն (Իրան), Հ.Յ.Դ. «Ռուբէն» Երիտասարդական Միութիւն (Նոր Ջուղա, Իրան), Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» Երիտասարդական Միութիւն (Թեհրան, Իրան), Հ.Յ.Դ. Քուէյթի Երիտասարդական Միութիւն, Հ.Յ.Դ. «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական Միութիւն (Ֆրանսա), Հ.Յ.Դ. «Գարեգին Նժդեհ» Երիտասարդական Միութիւն (Նիտերլանտներ), Հ.Յ.Դ. «Խանասոր» Երիտասարդական Միութիւն (Անգլիա)։

Նախաձեռնութեան նպատակն էր առիթ մը ստեղծել, ուր ուսանողութիւնը եւ երիտասարդութիւնը կրնան փոխանակել իրենց կազմակերպական փորձառութիւնը, տեսակէտները եւ գաղափարները՝ կազմակերպական աշխատանքներու բարելաւման եւ ընդլայնման համար, զարկ տալով հմտութիւններու եւ փոխ համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն։

Եռօրեայ խորհրդաժողովը ունէր օրակարգային 4 բաժանումներ՝ զեկոյցներ, դասախօսական նիւթեր, քննարկում/բանավէճեր եւ այցելութիւններ:

Խորհրդաժողովին մեկնարկը կատարուեցաւ Ուրբաթ, 3 Հոկտեմբեր 2025-ին «Աղբալեան Հ.Մ.Ը.Մ.» մարզամշակութային համալիրէն ներս։

Մասնակից երկիրներէ ժամանած Հ.Յ.Դ. ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչները զեկուցեցին 2020-էն ետք իրենց միութիւններու տարած գործունէութեան մասին։ Ապա, Հայկազեան համալսարանի դասախօս ընկհ. Շաղիկ Խիւտավերտեան մասնագիտացած ներկայացում մը կատարեց՝ «Դաշնակցական երիտասարդին հոգե-ընկերային վիճակը՝ յետ Արցախեան պատերազմին» նիւթով, որուն յաջորդեց զրոյց մը։

Յաջորդիւ, Հայկազեան համալսարանի դասախօս պրն. Շանթ Ստեփանը վարեց գիտաշխանոց մը՝ «Ընկերային ցանցերը որպէս առաջնային միջոց ազդու քարոզչութեան եւ տրամադրութիւններու ստեղծման համար» նիւթով։

Օրուայ աւարտին, խորհրդաժողովի մասնակիցները այցելեցին Պիքֆայայի դպրեվանքը, ուր հանդիպում մը ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ Վեհափառի օրհնանքը ստանալու, ինչպէս նաեւ ազգային գործունէութեան մէջ ուսանողութեան դերի մասին զրուցելու։

Խորհրդաժողովի առաջին օրուան յայտագիրը փակուեցաւ Պիքֆայայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի դիմաց Կիլիկիոյ մաղթերգի երգեցողութեամբ։

Շաբաթ, 4 Հոկտեմբերին խորհրդաժողովի մասնակիցները այցելեցին «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր ծանօթացան Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանի, «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրատան, եւ Համազգայինի հրատարկչատան գործունէութեան։

Օրուան յայտագիրը ընդգրկեց զանազան դասախօսութիւններ եւ զրոյցներ։ Կրթական մշակ ընկ. Կարօ Յովհաննէսեան հանդէս եկաւ «Դաշնակցութեան հակադիր պայքար» նիւթին մասին պատմական ակնարկով մը, որ մեծ հետաքրքրութիւն գտաւ մասնակիցներուն կողմէ: Ապա Հ.Յ.Դ. Նախկին Բիւրոյի անդամ ընկ. Տիգրան Ճինպաշեան ներկայացուց «Հ.Յ.Դ. ներկայ ռազմավարութիւն եւ ծրագիրի նպատակներ, Հ.Յ.Դ. 35-րդ ընդհանուր ժողովի հիման վրայ» նիւթը։

Դասախօսութիւններուն յաջորդեցին զրոյց եւ բանավէճ։ Զրոյցի թեման էր՝ «Կովկասի մէջ քաղաքական իրավիճակ յետ Արցախեան պատերազմ – Պիտանի խորհուրդներ եւ հնարքներ քաղաքական դաշտի ուսումնասիրման եւ գործընթացներու հետեւելու ժամանակ», որ վարեց քաղաքագէտ, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ ընկ. Եղիա Թաշճեանը։ Իսկ «Հ.Յ.Դ.-ն 21-րդ դարուն, գաղափարական կեդրոնացման եւ գործելաոճային այլազանութեան մարտահրաւէրները եւ ընծայած առիթներ» բանավէճը վարեց Հ.Յ.Դ. Լիբանանի «Ն. Աղբալեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Տէր-Ղուկասեանը։

Երեկոյեան մասնակիցները այցելեցին «Թռչնոց Բոյն»-ի Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը, որմէ ետք շրջագայեցան Պիպլոս եւ Պաթրուն քաղաքները։

Կիրակի, 5 Հոկտեմբեր, օրը սկսաւ զրոյց-քննարկումով մը՝ «Միջին Արեւելքի քաղաքական քարտէսի նոր ուղղութիւնները» նիւթով, մասնակցութեամբ՝ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ ընկ. Եղիա Թաշճեանի, «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր ընկ. Շահան Գանտահարեանի եւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Հայ Դատի մարմինի ատենապետ ընկ. Վահրամ Էմմիյեանի։

Անոր յաջորդեց գիտաշխանոց մը՝ «Ինչպէ՞ս ապահովել Հայ Դատի համար զօրակցութիւն եւ զօրաշարժ տարբեր համալսարաններու մէջ» նիւթով։ Գիտաշխանոցը վարեց Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկ. Աշոտ Բագրատունին։ Ապա՝ Հ.Յ.Դ. Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու ընկհ. Վերա Եագուպեան ներկայացուց «Ինչպէ՞ս կատարել հետեւողական յարաբերական գործունէութիւն, եւ ծառայեցնել մշակուած կապերը երկարաժամկէտ բարեկամութիւններ ձեւաւորելու համար» նիւթը։

Օրուայ երկրորդ կէսին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու ընկհ. Ցողիկ Աշըգեան վարեց զրոյց/գիտաշխանոց մը՝ «Դաշնակցական Ուսանողութեան դերը Կուսակցութեան արդիականացման, համահայկական օրակարգերու ձեւաւորման եւ հայ ուսանողութիւնը այս առանցքին շուրջ համախմբելու գործին մէջ» նիւթով։

Աւարտին, խորհրդաժողովի մասնակիցները այցելեցին Պուրճ Համուտի եւ Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատուներ, ուր ծաղկեպսակներ զետեղեցին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պանթէոնին, Լիզպոնի գործողութեան նահատակ ընկերներուն, եւ այլ կուսակցական գործիչներու շիրիմներուն։ Մասնակիցները նաեւ առիթ ունեցան շրջելու կեդրոնական Պէյրութ։

Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան կազմակերպած «Դաշնակցութիւնը եւ Ուսանողութիւնը» միջ-ուսանողական-երիտասարդական խորհրդաժողովը եզրափակուեցաւ միութիւններու ներկայացուցիչներու միջեւ յուշանուէրներու փոխանակումով եւ միասնական ընկերական ընթրիքով մը «Աբրահամ Աշճեան» երիտասարդական կեդրոնէն ներս։

Խորհրդաժողովը Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան 120 ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս կարեւոր համախմբում մըն էր, որ կրկին անգամ փաստեց Դաշնակցական Երիտասարդականի միասնութիւնը եւ Հայութեան դիմագրաւած առաջնային օրակարգերու հետ կապուած պատրաստակամութիւնն ու նուիրումը»: