կարևոր
3064 դիտում, 9 ամիս առաջ - 2024-01-31 13:04
Քաղաքական

Գիտական Վերլուծութեան Բարիքները

Գիտական Վերլուծութեան Բարիքները

19 եւ 20 յունուար 2024-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի խորհրդաժողովը: Հարթակը նախապէս գումարած էր եօթը նիստեր առցանց եղանակով: Հարթակին կ՛անդամակցին Հայաստանէն, Արցախէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Զուիցերիայէն, Ֆրանսայէն եւ Լիբանանէն տասը մասնագէտներ: Պատմաբան, իրաւագէտ, քաղաքագէտ եւ այլն: Խորհրդաժողովին քննարկման օրակարգը կ՛առնչուէր «Հայկական աշխարհը եւ տարածաշրջանային իրադարձութիւնները» բարդ խնդրին:

Խորհրդաժողովի աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը ամփոփ կերպով կը կատարէ հաստատումներ եւ կը նշէ իր կողմէ կատարելի աշխատանքներ: Յուսանք, որ հաղորդագրութեան պարունակութիւնը ծանօթ է ընթերցողներուն: Հայկական աշխարհին մէջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ շատ քննարկումներ եղած են եւ բազում հաղորդումներ-գրաւոր եւ լսատեսողական-հրապարակուած: Հարթակի նշած վեց կէտերը իրաւամբ նորութիւն չեն. անոնց իրական արժէքը կը կայանայ գիտականօրէն կատարուած իրենց ամփոփումին մէջ, հեռու զգացական պոռթկումներէ եւ քաղաքական շահարկումներէ: «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ը կը հաստատէ, ի շարս այլոց, որ «Արցախի հարցը փակուած չէ»:

Կատարելի աշխատանքներու բաժինը կը խոստանայ հրատարակել «19-20 յունուար 2024-ի խորհրդաժողովի նիստերու ժողովածուն»: Հրատարակելի ժողովածուն պիտի հանրայնացնէ գիտական հիմքերով ուսումնասիրութիւններու շարք մը, որուն ստիպողական կարիքը ունինք բոլորս: Դժբախտաբար ընդհանրացած է մեր հանրային միջավայրին մէջ անճիշդ տեղեկութիւններու վրայ հիմնուած ու կասկածելի տրամաբանութեամբ վերլուծումներ կատարելու սովորութիւնը: Ելեկտրոնային բազմապիսի հարթակներ կը տարածեն թիւր տեղեկութիւններ ու վերլուծումը կը շփոթեն բամբասանքի հետ:

Խորհրդաժողովը որոշած է համաշխարհայնացնել Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան կանչելու ուղիներու գիտական փնտռտուքը: Այս նպատակով, «24 ապրիլ 2024-ի նախօրեակին» Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ, պիտի գումարուի Հայաստանի, Արցախի, սփիւռքի եւ ոչ հայ մասնագէտներու մասնակցութեամբ միջազգային գիտաժողով:

Հայութեան ողջ ներուժը օգտագործելով, օտար մասնագիտական շրջանակներ գործի լծելով, Արամ Ա. կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ գործօն մասնակցութեամբ կը կատարուի աղէտէն դուրս գալու նպատակաուղղուած աշխատանք: Բազմիցս ըսած ենք, որ նման աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը բացայայտ է եւ թէ ազգին գիտական ներուժի օգտագործումը` հրամայական: Ազգային համախմբումի եւ բոլոր կարողականութիւններու օգտագործման նախաձեռնութիւնը պէտք էր ստանձնէր Հայաստանի իշխանութիւնը, պետական կառոյցներուն շուրջ համախմբելով բոլոր առողջ ուժերը: Դժբախտաբար, ոչ միայն չենք վկայեր համախմբումի որեւէ նպատակ, այլ բաժանումի ու մասնատումի նորանոր սերմեր կը ցանուին պարբերաբար:

Անցեալին, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, հատուցման, պահանջատիրութեան պայքարը նախաձեռնուեցաւ սփիւռքի կողմէ: Հայրենի մտաւորականութիւնը բերաւ իր անուղղակի մասնակցութիւնը: Նոյնիսկ պետութիւնը, Ծիծեռնակաբերդի կառուցմամբ, մասնակցեցաւ պայքարին: Հայութիւնը քաղաքականացաւ ու Ցեղասպանութիւնը միջազգայնացաւ:

Այժմ, նոր մասնակի ցեղասպանութեան առիթով եւս սփիւռքը կը վերցնէ պայքարի դրօշը, կրկին մասնակցութեամբ հայրենի մտաւորականութեան: Նոր քաղաքականացումը պիտի կայանա՞յ: Ի՞նչ պէտք է ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու դիրքորոշումը եւ մասնակցութիւնը օրհասը շրջանցելու կոչուած աշխատանքին:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

aztagdaily.com