Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Օրհասական եւ ճակատագրական պահեր կ’ապրի մեր հայրենիքը: Իշխանութիւնները լծուած են սահմանազատման եւ սահմանագծման այնպիսի աշխատանքի մը, ուր ամբողջապէս կ’անտեսուի հայկական ինքնիշխան տարածքներու վերադարձի ապահովումը եւ ճիգ կը թափուի ստեղծուած իրավիճակը ներկայացնել իբրեւ խաղաղութեան առաջնորդող կացութիւն մը, ուր բնականաբար միակ տուժողը հայկական կողմն է, իսկ շահեր արձանագրողը՝ Ատրպէյճանը:
Ի մտի ունենալով ընդհանուր իրավիճակէն առաջնորդուած դէպքերու եւ զարգացումներու հոլովոյթը, որուն բնական մէկ արտայայտութիւնն է «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» շարժումը՝ գլխաւորութեամբ Բագրատ սրբազան Գալստանեանին, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, իր աշխարհասփիւռ կառոյցով կու գայ խոր ընդվզում յայտնելու հայրենի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան կապակցաբար, շեշտը դնելով սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներուն ապահովութեան, բարեկեցութեան եւ բարօր կեանքի մը իրաւունքին երաշխաւորման վրայ, որպէսզի հայրենիքին սահմաններուն հսկող մեր գիւղերը վերածուին ամրակուռ դարպասներու եւ ոչ թէ դառնան անմարդաբնակ շրջաններ:
Առաջնորդուելով Հայաստանը հայուն հայրենիքը պահելու համազգային առաջադրանքէն, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, իբրեւ հայութեան կողքին կանգնող մեծ կազմակերպութիւն մը, իր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» շարժումին եւ հայ մօր գուրգուրանքին կը միացնէ իր զաւակը ռազմաճակատ առաջնորդող հայուհիին վճռակամութեամբ ուժեղացած կամքը, իբրեւ առաջնորդող առաջադրանք, թէ մեր հայրենիքը ոչ մէկ պարագայի կրնայ վերածուիլ քաղաքական մութ հաշիւներու սակարկութեան նիւթի: Բոլորս սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն կողքին ըլլալու ազգային պարտաւորութեան տակ կը գտնուինք եւ կենսական է, որ այս պարտաւորութեամբ եւ ազգային գիտակցութեամբ գործենք՝ ի շահ Հայաստան աշխարհին:
Հայ Օգնութեան Միութիւն