կարևոր
1684 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-09-02 17:25
Քաղաքական

Բողոքի նամակներու յանձնում

Բողոքի նամակներու յանձնում

Այսօր, 1 Սեպտեմբեր 2023-ի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Կիպրոսի երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վահան Այնէճեան եւ Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Գազանճեան, յաջորդաբար այցելեցին Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութիւն, ապա Եւրոպայի դեսպանատուն։

Երեսփոխանական ժողովի ատենապետը՝ նախարարութեան հայկական հարցերու պատասխանատու տիկին Խարալամպուսին յանձնեց նամակ մը, ուղղուած Արտաքին գործոց նախարարին։ Նամակ մը յանձնուեցաւ նաեւ եւրոպական դեսպանատուն ուղղուած Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելին։

Զոյգ նամակները, կը պարզէն Արցախի մէջ տիրող ճգնաժամը, շեշտելով լեռնային Ղարաբաղի/Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքի անփոխարինելիութիւնը՝ Ազրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութեան դիմաց անհերքելի իրաւունքները պաշտպանելու մասին։ Նաեւ պետք է գործադրուին բոլոր արդիւնաւէտ միջոցները, որպէսզի Ազրպէյճանը անյապաղ եւ անվերապահ ապաշրջափակէ Լաչինի միջանցքը, ապահովէ ազատ ու անկաշկանդ շրջանառութիւնը եւ վերցնէ Հաքարի կամրուջի ապօրինի անցակետը։

Տեսանիւթն՝ այստեղ