Փոխարժեքներ
20 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.19 |
EUR | ⚊ | € 410.52 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.88 |
GBP | ⚊ | £ 492.68 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.91 |
Հայաստանի թէ Սփիւռքի տարածքին մեր ազգային կեանքի մէջ ախտագին ու միաժամանակ վտանգաւոր իրականութիւն է արեւելումի (օրիէնթացիայի) խանութպաններուն երեւոյթը։ Ըստ իրենց շրջանակի թիւին, մարդիկ խանութ կը բանան կամ կրպակ կը հաստատեն՝ ծախելու այս կամ այն օտար երկրի ենթադրեալ օգուտն ու հովանաւորութիւնը՝ հայութեան եւ Հայաստանին համար։
Վերանկախացած Հայաստանի մէջ արեւելումի խանութպաններու նախակարապետն է Լեւոն Տէր Պետրոսեան, որ իր Ժիրայր Լիպարիտեաններով Ամերիկեան Արեւելումի առաջին մունետիկներն էին՝ ի գին մեր հայրենիքի հողային կորուստներուն եւ ազգային ընդհանրական շահերուն։ Անշուշտ պէտք չէ մտահան ընել այս արեւելումին կցորդները՝ Մեծն Բրիտանիան եւ Իսրայէլը։
Աստիճանաբար արեւելումի նոր խանութներ եւ նոր կրպակներ բացուեցան։ Խանութպաններն ու կրպակատէրերը օտարի ծառայութենէն օրապահիկ ապահովող պիզնէսմէններ են, որոնց համար վաճառքի հում նիւթը հայրենիքն է։ Ապրանքը ծախելու իրենց առեւտրական գովազդները շղարշուած են վեհ գաղափարներով՝ հայրենիքի պաշտպանութիւն, մարդկային իրաւունքներ, քաղաքացիական ազատութիւններ, եւայլն։
Մեր ազգային քաղաքական շուկան անոնք կ՚ողողեն համամարդկային կոչերով, եղբայրական կանչերով, հաւասարութեան մեղեդիներով...։ Իրենց այս առեւտրական աշխատանքին համար կը վարձատրուին՝ ոմանք կանխիկ, ոմանք ապառիկ։
Այսպէս, մասնագէտի պատմուճանը հագած մանր վաճառականներ կը տարածեն հանգիստ ու խաղաղ ապրելու պատրանքը, կը ծաղրեն հայութեան կամքը «ռազմահայրենասիրութեամբ», կը ջատագովեն ժողովրդավարութիւնը իբրեւ մեր գոյութեան բարձրագոյն նպատակը, ազգային արժէքներուն կը հակադարձեն կենցաղային ազատութիւններով ու օտար աղանդաւորներու իրաւունքներով։ Կարգ մը կրպակատէրեր այնքան հնարամիտ են, որ «բեւեռ» դառնալով «ժողովրդավարական-ազգային» պիտակով կը ներկայանան, բայց գիտենք որ անոնք արեւելումի կրպակ բացած ապազգային ու հակաժողովրդավար բեւեռ մըն են։
Ահա այսպէս է, որ ծնունդ առին հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին մեր այսօրուան արեւելումի խանութպաններն ու կրպակատէրերը։ Գռզոյի դասակարգին պատկանող մաֆիոզները այսօր քաղաքագէտներ են, Թանքեանին ու Խանճեանի փաղանգի արուեստագէտները՝ գաղափարախօսներ, գործակալները կ՚ընդունուին իբրեւ հայրենասէրներ։ Բայց բոլորը անխտի՛ր կ՚ուռճանան, կը հարստանան եւ կը ներկայանան որպէս պիտանի առաջնորդներ։
Հայրենիքի վաճառքին դիմաց այս խանութպաններն ու կրպակատէրերը ժողովուրդին կը ծախեն օտարին կողմէ հաւաքական պաշտպանութեան սին խոստումը։ Ժողովուրդին կ՚ըսեն ու կը շարունակեն ըսել, թէ պաշտպանուած ենք։ Ամերիկան պիտի փրկէ մեզ, Անգլիան պիտի օգնէ մեզ, թուրքը մեզի պիտի բարեկամանայ...
Բայց երբ հասնի այդ պաշտպանութեան օրը, Ամերիկեան նաւազները (marines) Արարատեան դաշտ պիտի չմտնեն եւ Անգլիական նաւերը Սեւանայ լիճ պիտի չհասնին։ Փոխարէնը՝ Իսրայէլեան ռազմասարքերը պիտի գոռան Պաքուէն, եւ թրքական զօրքերը պիտի մտնեն Երեւան։
Սեդօ Պոյաճեան
Նոյեմբեր 20, 2021