կարևոր
3667 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-02-28 15:41
Քաղաքական

Միջազգային Դատարանի Որոշումին Աշխարհաքաղաքական Բաժինը․ Ակնարկ

Միջազգային Դատարանի Որոշումին Աշխարհաքաղաքական Բաժինը․ Ակնարկ

Միջազգային դատարանի միջանկեալ որոշումը` Պաքուին պարտաւորեցնելու Բերձորի միջանցքով քաղաքացիներու եւ բեռներու երկու ուղղութեամբ ազատ տեղաշարժը ապահովելու, կարելի է իրաւական հարթութեան վրայ առաւել նկատել հայկական կողմին համար: Մանաւանդ որ միաժամանակ մերժուած է Ազրպէյճանի դիմումը նոյն դատարանին, ուր Հայաստանը կը մեղադրուէր Արցախն ու յարակից տարածքները ականապատելու յանցանքով: Այս պահանջը ըստ էութեան կը հիմնաւորէր Ազրպէյճանի կողմէ միջանցքի փակման գործողութիւնները:

Անհրաժեշտ է ընդունիլ, որ չկայ զուտ իրաւական որոշում: Անպայման քաղաքական բաժինը կ՛ընկերակցի կամ կը փոխշաղկապուի իրաւականին: Գործընթացները պէտք է ընկալել իրաւաքաղաքական ընդհանուր պարունակին մէջ:

Հիմա ընդհանուր խօսոյթը կեդրոնացած է այդ որոշումի կատարման պարտադիր ըլլալու բնոյթին վրայ եւ հարց է, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, եթէ Պաքուն չգործադրէ միջազգային դատարանին որոշումները: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբերին հաստատումները, թէ որոշումի գործադրութիւնը պարտադիր է, այնքան բացարձակ եւ պարզ պէտք չէ ընկալել: Միջազգային ընտանիքը, իւրացնելով միջազգային ատանին որոշումը, ի՛նք կ՛որոշէ, թէ ե՛րբ եւ ի՛նչ ձեւերով կիրարկել կու տայ որոշումը: Աւելի ճիշդ, այդ որոշումը խաղաթուղթ է միջազգային ընտանիքի ձեռքին ընտրելու ժամանակը պատժամիջոցներ որդեգրելու կամ ուժ կիրարկելու: Նախընթաց դէպքերը այդ մասին կը յուշեն: Քաղաքական իրատեսութիւնը մտածել կու տայ, որ Պաքուն Բերձորի միջանցքը կը բանայ միայն հայկական կողմին հետ ընթացող բանակցութիւններուն իր կողմէ առաջադրուած պայմաններու բաւարարման պարագային: Այդ առաջադրանքները կապ չունին բնապահպանական, հանքերու շահարկման կամ ականապատման պատրուակներուն հետ: Անոնք ըստ էութեան միջանցք-միջանցքի դիմաց, անցակէտ-անցակէտի դիմաց կամ աւելին` Արցախի մէջ պաշտպանութեան բանակի լուծարման եւ նման արմատական խնդիրներու հետ կապուած են:

Շարունակենք քաղաքական վերլուծումը: Հայկական կողմը բողոքի դիմումը կատարած է ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման միջազգային հռչակագիրին ներքեւ: Միջազգային դատարանին ընդունումը, բողոքը այդ յօդուածին ընդառաջ քննարկելու, կը նախանշէ արցախեան հակամարտութեան էութեան ընդգծումը: Հակամարտութիւնը եւ անոր հետեւանք Բերձորի փակումը առանցքայնօրէն ցեղային (էթնիք) խնդիր է: Այս ընդգծումը կատարեց նաեւ պատերազմի դադրեցման համար միջնորդի դիրքերէ հանդէս եկող Մոսկուան: Մոսկուայի արծարծած տրամաբանութիւնը այն էր, որ իր խաղաղապահ առաքելութիւնը արցախեան գօտիին մէջ հրամայական է` կանխարգիլելու համար ցեղային զտումի գործողութիւնները:

Միջանցքի փակումին դէմ այս հարցին քննարկումը ընդունելով հիմա միջազգային ընտանիքին արդարադատութեան բաժանմունքը ըստ էութեան կ՛ազդարարէ հակամարտութեան ցեղային բնոյթ ունենալը: Ազրպէյճանցիները Բերձորի միջանցքը փակելով կը կիրարկեն ցեղային զտումի քաղաքականութիւն Արցախին դէմ:

Առաջին հայեացքով տեսանելի է համատեղելիութիւն ռուսական եւ միջազգային ընտանիքի դիրքորոշումներուն կամ հարցի ընկալման մօտեցումներուն մէջ: Կայ սակայն կարեւոր երանգային տարբերութիւն, որ քաղաքական հակոտնեայ դիրքերու մասին կը խօսի:

Միջազգային դատարանը յղում կը կատարէ 9 նոյեմբերի յայտարարութեան եւ կը յիշեցնէ, որ այնտեղ կայ պայմանաւորուածութիւն Բերձորի միջանցքով ազատ տեղաշարժի ապահովման: Նախ եւ առաջ այս մէկը 9 նոյեմբերի օրինականութեան ճանաչում է եւ ատով իսկ նաեւ ռուսական միջնորդութեան ընդունումը: Բայց նաեւ ռուսական երաշխաւորութիւնը այդ բոլորի գործադրութեան:

Միջազգային դատարանը միջազգային ընտանիքին, ՄԱԿ-ին արդարադատութեան բաժանմունքն է: Վերադառնանք այն տեսութեան, որ չկայ զուտ իրաւականութիւն. կայ իրաւաքաղաքականութիւն:

9 նոյեմբերի յայտարարութեան յղում կատարելով միջազգային դատարանը ըսել կ՛ուզէ, որ ռուս խաղաղապահ առաքելութիւնը չի յաջողիր կատարել իր պարտաւորութիւնը: Չի յաջողիր կանխարգիլել ցեղային զտման Պաքուի քաղաքականութիւնը: Հետեւաբար իր որոշումներու գործադրութեան համար ի պահանջեալ հարկին կրնան անհրաժեշտ նկատուիլ այլ ուժեր:

Մոսկուան պիտի աշխատի արագացնել Բերձորի միջանցքի բացումը` կանխարգիլելու համար այլոց ներգրաւուածութիւնը. մինչ Անգարան եւ Պաքուն պիտի փորձեն առաւելագոյնս օգտագործել այս խաղաթուղթին շահարկումը բոլոր ուղղութիւններով:

Իրաւական այս որոշումին քաղաքական ենթաբնագիրը կը վերաբերի Հարաւային Կովկասի մէջ ռուսական գործօնին. աւելի ճիշդը` զայն փոխարինելու հեռանկարին:

 

«Ա.»

aztagdaily.com