կարևոր
52348 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-02-27 17:23
Մշակույթ

«Բագին»-ը՝ 60-ամյա հանձնառությամբ ու նոր նախաձեռնությամբ

«Բագին»-ը՝ 60-ամյա հանձնառությամբ ու նոր նախաձեռնությամբ

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան պաշտօնաթերթ՝ «Բագին» գրական գեղարուեստական հանդէսը, 2022ին բոլորեց իր հիմնադրութեան 60ամեակը։

Սփիւռքի ու Հայաստանի միջեւ գրական կամուրջ հանդիսացած ու աւելի քան վեց տասնամեակ արեւմտահայ դասական ու ժամանակակից գրողները համախմբած «Բագին»ը, գրական, գրաքննադատական, իմացական ու գեղարուեստական  իր բովանդակութեամբ կը հանդիսանայ նաեւ երիտասարդ մտաւորականութեան եւ նորարար միտքի հարթակ մը:

Անցնող տասնամեակներուն բազում դժուարութիւններ յաղթահարելով «Բագին»ը հրապարակած է աւելի քան 40.000 էջ գրականութիւն, եւ շարունակելով թիավարել հոսանքն ի վեր՝ կը շրջանցէ մերօրեայ դժուարութիւնները, տնտեսականէն մինչեւ սերնդափոխութիւն ու աւելի՛ն։

«Բագին» ժամանակին հետ քայլ պահելով կարելի բոլոր միջոցներով հասանելի կը դառնայ իր ընթերցողներուն։ Արդ, ուրախութեամբ կը յայտնենք որ «Բագին»ի 60ամեակին առիթով խմբագրութիւնը յառաջացուցած է «Բագին Մատենաշար»ը, որ կը միտի հարստացնել հայ գրականութեան շտեմարանը,  լուսարձակի տակ առնելով յատկապէս սփիւռքեան գրական-քննադատական  աշխատութիւնները, որոնցմէ պիտի կարենան օգտուիլ ուսումնասիրող մտաւորականութիւնն ու գրասէր հանրութիւնը: 

«Բագին»ի 60ամեակի առիթով հիմնադրուած այս մատենաշարը կը սկսինք յիսնամեակի մը վրայ ցրուած՝  սփիւռքահայ մտաւորական Յարութիւն Քիւրքճեանի  վաստակէն ընտրուած յօդուածներու համախմբումով մը` «Սփիւռք եւ Ինքնացում  (Սփիւռքահայ կացութիւն եւ գրականութիւն  վերլուծումներ)»: Հատորը կը մեկտեղէ հեղինակին բազմաթիւ յօդուածներէն փունջ մը, որոնք կը յղուին որոշ ժամանակահատուածի մը, եւ անոր իւրայատուկ՝ սփիւռքեան գոյութենական հարցադրումներու խորքի մը, այլին հետ միջ-յարաբերութիւններու ընդելուզումի մը ընդմէջէն Սփիւռքը վերածելու մտածումի վայրի մը: 

Հատորը հասանելի է Համազգայինի գրախանութներուն եւ Բագինի գրասենեակին միջոցով։

 

 «ԲԱԳԻՆ»Ի ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆ