Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ» 30-ԱՄԵԱԿ
————————————-
Ոմանց մտքին մէջ լուրջ շփոթ կայ գաղափարակիր մամուլի ազատութեան շուրջ, եւ զայն կը նոյնացնեն միահեծան վարչակարգերու հովանաւորած քարոզչական միջոցներուն հետ: Յաճախ, գաղափարակիր մամուլի ազատութեան աստիճանը էապէս կը գերազանցէ «ազատ» յորջորջուած մամուլի շատ մը միջոցները, որոնք այս կամ այն կողմի նիւթական աջակցութիւններուն տուրք տալու, կամ քաղաքական գիծին ծառայելու խիստ պարտաւորութեան տակ մտած կ’ըլլան, իրականութիւնները ծուռ հայելիներու մէջ կը մատուցեն եւ արդարութեան ոտնահարման շատ մը փաստերուն դիմաց աչք կը փակեն:
Ի տարբերութիւն անդիմագիծ մամուլին, գաղափարակիր մամուլը յաւելեալ պարտաւորութիւններ ունի, կշռադատուած խօսք արտաբերելու, ստուգուած լրատուութիւն հաղորդելու, արդար արժեւորում կատարելու եւ կրած գաղափարին ճշմարտացիութիւնը ապացուցելու առաքելութիւն ունի նաեւ: Ի վերջոյ, գաղափարակիր մամուլը պէտք է առաջնորդուի ինքնագրաքննութեամբ, զոր ոմանք գրաքննութեան հետ կը շփոթեն:
Սուրիոյ «Գանձասար» շաբաթաթերթի 3Օ-ամեակին նուիրուած սոյն յօդուածին մէջ այս նախաբանը կատարեցի, պարզելու համար, թէ ինչպիսի՛ առաքելութիւն կատարելու գիտակցութեամբ ճամբայ ելաւ այս շաբաթաթերթը: Ծնելով Արցախեան պայքարով ստեղծուած ընդհանուր մթնոլորտին մէջ՝ շաբաթաթերթը շարունակեց կրել Արցախի մէջ հայ ճարտարապետութեան հպարտութիւնը հանդիսացող Գանձասար վանքին անունը: Միաժամանակ, հայեացքը ուղղած դէպի անցեալ, փորձ կը կատարուէր Սուրիոյ մէջ վերականգնելու դաշնակցական մամուլի փառաւոր աւանդոյթը, զոր կը մարմնաւորէր «Արեւելք» օրաթերթը: Նախ ճակատին ԱՐԵՒԵԼՔ վերտառութիւնը կրելով, ապա բովանդակային իմաստով՝ «Գանձասար» շաբաթաթերթը ինքզինք կը նկատէր տարիներ առաջ դադրեցուած Արեւելք օրաթերթի յետնորդը:
Օրուան պատասխանատու մարմինին կողմէ այս պարտականութիւնը դրուեցաւ ուսերուն խումբ մը երիտասարդներու, որոնք լրագրական ու հրապարակախօսական փորձ չունենալով ու սահմանափակ կարելիութիւններով ճամբայ ելան, միշտ սորվելու պատրաստակամութեամբ, նաեւ վայելելով պատասխանատու մարմինին ամբողջական աջակցութիւնն ու նեցուկը:
Անմիջապէս ի յայտ եկաւ նման հարթակ մը ունենալու սուրիահայ մտաւորականութեան ծարաւը, որ ինքնադրսեւորուելու պատեհ առիթէն օգտուելով ու կամաւորաբար սկսաւ աշխատակցիլ ու հարստացնել սուրիահայ նորածին շաբաթաթերթին էջերը: Մտաւորականութեան ու ընթերցողին այդ խանդավառութիւնը երիտասարդ խումբին մօտ ամէն դժուարութիւն յաղթահարելու վըճռակամութիւն կը յառաջացնէր, եղած մէկ համակարգիչին վրայ փոխն ի փոխ նստելով, գիշերներ լուսցնելով, գրաշարական, էջադրական եւ լրագրական ունեցած հմտութիւնները ի գործ դնելով՝ ամէն ջանք թափուեցաւ գործը ի կատար ածելու եւ անշրջելի սկիզբ մը դնելու համար:
Գաղափարակիր ու դիմագիծ ունեցող «Գանձասար»-ը որոշած էր դառնալ ողջ սուրիահայութեան բեմը եւ առաջին իսկ օրէն մերժեց հատուածականութիւնը, իր էջերը լայն բանալով Սուրիոյ ազգային, եկեղեցական, կրթական ու մշակութային բեղուն կեանքի լուսաբանման դիմաց: Այդպիսով, «Գանձասար»-ը հարստացաւ ու հարըստացուց: Շատ մը երիտասարդ ու կայացած մտաւորականներ իրենց գրական, մշակութային, պատմագիտական ու հրապարակախօսական մտքի պտուղները հանրութեան ներկայացուցին «Գանձասար»-ի էջերուն ընդմէջէն:
«Գանձասար»-ը չմոռցաւ նաեւ ընթերցողին ժամանցը եւ փորձեց բաւարարել տարբեր հետաքրքրութիւններ ունեցող ընթերցողին սպասելիքները: Չմոռցաւ նաեւ մանուկ ընթերցողին կարեւորութիւնը եւ ծնունդէն շատ կարճ ժամանակ անց՝ սկսաւ հրապարակել «ԿԿու» մանկապատանեկան յաւելուածը, ուր երիտասարդ մանկավարժն ու պատկերազարդողը առիթ ունեցան հրապուրելու հայ մանուկն ու պատանին, այդպիսով՝ հայ մամուլին հանդէպ սէրը ջամբեցին մատղաշ սերունդին:
Ծննդոցով սկսած առաքելութիւնը անխափան շարունակեց «Գանձասար»-ը, ժամանակի պահանջքներուն հետ քայլ պահելով նորոգուեցաւ ու զարգացաւ, Սուրիոյ դժնդակ օրերու բոցին մէջ, ոչ միայն չընկրկեցաւ, այլ շարունակեց նորոգուիլ, արդէն լրագրական ու հրապարակախօսական կենսափորձով զինուած՝ կից նոր հորիզոններ բացաւ իր առջեւ, մտաւ թուայնացման ու համացանցի աշխարհ, ուր աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ ծուարած սուրիահայուն հետ հաղորդակցելու ծաւալը ընդլայնեց եւ տպագիրի կողքին լսատեսողական բնագաւառը նուաճեց:
Հաւատարիմ իր գաղափարակիր կոչումին, «Գանձասար»-ը սփիւռքահայ մամուլի անդաստանին մէջ իր արժանի տեղը նուաճեց եւ այսօր հանդէս կու գայ իբրեւ 30-ամեայ երիտասարդ: Նոր նուաճումներու յոյսով, երթը կը շարունակուի:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ
«Գանձասար» շաբաթաթերթի առաջին խմբագիր
Խաժակ Մկրտիչեան
kantsasar.com