կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-05-17 22:42
Քաղաքական

Դդում մը եւս

Դդում մը եւս

Ազգային Ժողովը Հայաստանի բարձրագոյն օրէնսդիր մարմինն է։ Անոր գլխաւորագոյն պարտականութիւնն է մշակել եւ ընդունիլ օրէնքներ՝ ի սպաս հայրենիքին եւ ժողովուրդին։ Անոր անդամները ժողովուրդին կողմէ ընտրուած պատգամաւորներն են, որոնք իրենց օրէնսդրական պարտականութիւնը կատարելու համար առնուազն պէտք է իւրացուցած ըլլան երկրի հիմնական օրէնքները, այսինքն՝ ՀՀ Սահմանադրութեան բոլոր տրամադրութիւնները։

Դժբախտաբար, ԱԺ պատգամաւորներէն շատեր, մասնաւորաբար Իմքայլական խմբակցութեան պատկանող պատգամաւորներ, կը փայլին օրէնսդրական եւ իրաւակին գիտելիքներու կատարեալ անգիտութեամբ։ Ափսոս, այս տիպարները հոն են։ Օր չանցնիր, որ այս տիպարները չհաստատեն իրենց դդում գլուխ ըլլալը։

Այսօր դդում մը եւս յայտնաբերուեցաւ ԱԺ-ի Իմքայլականի շարքերուն մէջ։  Անունը՝  Վլադիմիր Վարդանյան։

Արդարեւ, հանրային հեռատեսիլի «Հանրային քննարկում» հաղորդման ժամանակ Իմքայլական պատգամաւոր Վլադիմիր Վարդանյան, անդրադառնալով Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մէջ տեղի ունեցող սահմանային դէպքերուն եւ թշնամիի յառաջխաղացքին դէմ բանակի պարտաւորութեան, ըսաւ «Մեր բանակը պաշտպանում է ժողովրդին, այլ ոչ թէ ամայի որոշակի տարածքներ։»

Իմքայլական պատգամաւորներէն շարունակաբար կը վրիպի օրէնքին եւ Սահմանադրութեան տառին ու ոգիին գիտակցութիւնը։

ՀՀ Սահմանադրութեան Յօդուած 14-ը յստակօրէն կը տրամադրէ.- «Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերն ապահովում են Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութիւնը, անվտանգութիւնը, ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԻ ԱՆՁԵՌՆՄԽԵԼԻՈՒԹԻՒՆԸ:« (Գլխագրումը մեր կողմէ)

Հարկ կա՞յ կրկին յիշեցնելու, թէ ԴԴՈՒՄ մը եւս յայտնաբերուեցաւ Իմքայլականի շարքերուն մէջ։

Սեդօ Պոյաճեան

Մայիս 17, 2021