Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Կազմակերպութեամբ տեղւոյն Հայ Երիտասարդաց Միութեան «Անի» մասնաճիւղին, Շաբաթ, Մարտ 20-ին, բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան Սպիտակ տան եւ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ՝ պահանջելով Պաքուի կողմէ գերի պահուող բոլոր հայ գերիներուն անյապաղ ազատ արձակումը։
Ցոյցին մեկնարկը տրուեցաւ Ատրպէյճանի դեսպանատան մուտքին։ Երիտասարդները՝ առաջնորդութեամբ գերիներու ազատ արձակման պահանջին հսկայ պաստառը կրող փոխադրակառքի մը, 15 մղոն քշեցին դէպի Սպիտակ Տուն, ճամբուն տեւողութեան շարունակ հարցը լուսարձակի տակ պահելով։
Խօսք առին, ցոյցին մասնակցող շրջանի երիտասարդները։ Իսկ Հայ Դատի արեւելեան շրջանի անունով խօսք առնելով, Արամ Պալեան յայտնեց, թէ․ «Պատերազմը աւարտած է, սակայն Պաքու կը շարունակէ իր մօտ կալանքի տակ պահել հայ բանտարկեալներ, երբեք չյարգելով երկուստէք կնքուած համաձայնութիւնը։ Այս պատճառով, մենք հաւաքուած ենք այսօր, պահանջելով բանտարկեալներու ազատ արձակումը»։
Ցոյցին ներկայ էր նաեւ շրջանի հովիւ Տէր Սարգիս Ագթաւուգեան եւ «Սեպուհ» կոմիտէութեան անդամներ։
Ցուցարարները վերադարձան Ատրպէյճանի դեսպանատուն եւ ապա ցրուեցան։
«Առաջին անգամն է, որ նմանօրինակ ցոյց մը կազմակերպեցինք։ Պիտի շարունակենք մեր պահանջքը այլ հաւաքներով եւ ցոյցերով», ըսաւ «Անի» մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Ալինա Եուսուֆեան։
hairenikweekly.com