կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-02-12 22:20
Սփյուռք

Նիքէայի Պոնտական միութիւնը կը կանգնի Արցախի կողքին

Նիքէայի Պոնտական միութիւնը կը կանգնի Արցախի կողքին

Հ.Կ.­Խա­չի եւ Հ.Գ.­Խա­չի կող­մէ ի­րա­գոր­ծո­ւած նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը՝ Ար­ցա­խի տա­ռա­պող ժո­ղո­վուր­դին ան­մի­ջա­կան մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թիւն ըն­ձե­ռե­լու հա­մար, անս­պա­սե­լիօ­րէն շատ մեծ ար­ձա­գանգ ու­նե­ցաւ եղ­բայ­րա­կից յոյն ժո­ղո­վուր­դին մօտ։ ­Բա­ցի ան­հատ­նե­րէ, յու­նա­կան հա­սա­րա­կա­կան եւ ըն­կե­րա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու նկա­տա­ռե­լի թիւ մը ըն­դա­ռա­ջեց ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Օ.Մ.-ի միա­ւոր­նե­րու կո­չին եւ բժշկա­կան ի­րե­րով ու այլ մի­ջոց­նե­րով սա­տար հան­դի­սա­ցաւ այս մեծ ծրա­գի­րին։

Ա­նոնց­մէ մէկն էր նաեւ ­Նի­քէա­յի ­Պոն­տա­կան միու­թիւ­նը, որ օ­րին նիւ­թա­պէս իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած էր մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան հա­ւա­քու­մին։

­Շա­բաթ՝ 23 ­Յու­նո­ւա­րին, միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նին մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցան Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան եւ ­Գո­քի­նիոյ «­Սօ­սէ» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

­Պոն­տա­կան միու­թեան հա­մա­ձայն, հան­դի­պու­մի նպա­տակն էր ան­գամ մը եւս զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նել Ար­ցա­խի մարտն­չող ժո­ղո­վուր­դին, ի­րա­զեկ պա­հել Հ.Կ.­Խա­չը ի­րենց կա­տա­րած նո­ւի­րա­տո­ւու­թեան մա­սին եւ Ար­ցա­խի գո­յա­պայ­քա­րին ի նպաստ զօ­րակ­ցա­կան նա­մակ մը յանձ­նել ­Կա­պոյտ ­Խա­չին։

­Հան­դի­պու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ջերմ եւ յու­զիչ մթնո­լոր­տի մէջ, ուր ար­ծար­ծո­ւե­ցան ար­ցա­խեան վեր­ջին պա­տե­րազ­մի հե­տե­ւանք­նե­րը Ար­ցա­խի եւ ­Հա­յաս­տա­նի վրայ։ Եր­կուս­տեք խոս­տում տրո­ւե­ցաւ շա­րու­նա­կել գոր­ծակ­ցա­կան կա­պե­րը եւ զա­նոնք ընդ­լայ­նել, մա­նա­ւանդ թա­գա­վա­րա­կի հի­ւան­դու­թեան ար­գի­լում­նե­րու վե­րա­ցու­մէն ետք։

­Պոն­տա­կան միու­թեան նա­մա­կին մէջ խստօ­րէն կը դա­տա­պար­տո­ւի Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ­Թուր­քիոյ վար­չա­կար­գե­րու յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թիւ­նը Ար­ցա­խի վրայ, ո­րու հե­տե­ւան­քով ­Ղա­րա­բա­ղի հա­յու­թիւ­նը ան­գամ մը եւս թի­րախ դառ­ձաւ եր­կու եր­կիր­նե­րու ծա­ւա­լա­պաշ­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։

«Որ­պէս պոն­տա­կան ծա­գու­մով յոյ­ներ, ինչ­պէս նաեւ մի­ջազ­գա­յին խա­ղա­ղու­թիւ­նը պաշտ­պա­նող մարդ ա­րա­րած­ներ, խստօ­րէն կը դա­տա­պար­տենք Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու յար­ձա­կում­նե­րը եւ զօ­րա­վիգ կը կանգ­նինք հայ ժո­ղո­վուր­դին։

­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ճա­շա­կած ազ­գե­րու՝ Ա­րե­ւել­քի յոյ­նե­րու, հա­յե­րու եւ ա­սո­րի­նե­րու հա­սա­րա­կաց ճա­կա­տա­գի­րը ամ­րագ­րած է ազ­գե­րու եղ­բայ­րու­թեան ու բա­րե­կա­մու­թեան կա­պե­րը։ Դժ­բախ­տա­բար, պա­տե­րազ­մը կոր­սո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ ստո­րագ­րո­ւած ա­մօ­թա­լի հա­մա­ձայ­նա­գի­րով։ ­Սա­կայն, Ար­ցա­խի լեռ­ներն ու հո­ղե­րը պի­տի մնան ընդ­միշտ հայ­կա­կան։

­Մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քէն եւ քա­ղա­քա­կիրթ մարդ­կու­թե­նէն կը պա­հան­ջենք դէմ կանգ­նիլ ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։

Այդ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը յղի է ա­ւե­լի տա­րա­ծուն բռնկու­մի մը վտանգ­նե­րով, ո­րոնք կրնան պա­տե­րազ­մա­կան ծանր հե­տե­ւանք­ներ ու­նե­նալ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ», ը­սո­ւած է նա­մա­կին մէջ։

azator.gr