Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Եւրոպական խորհրդարանի «Ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութիւն», ինչպէս նաեւ «Ընդհանուր անվտանգային եւ պաշտպանական քաղաքականութիւն» զեկուցում-բանաձեւերուն արցախեան պատերազմին վերաբերող բաժնին ողջունումը թէ՛ Երեւանի եւ թէ՛ Ստեփանակերտի կողմէ օրինաչափ է:
Ընդհանուր առումով Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ ընդունուած զեկուցում-բանաձեւերուն մէջ ամրագրուած են բազմաթիւ կարեւոր դրոյթներ, որոնք կը վերաբերին Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմին եւ անոր մէջ Թուրքիոյ ներգրաւուածութեան, իրականացուած պատերազմական յանցագործութիւններուն, յարձակումի հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերուն, յատկապէս` մարդկային, մարդասիրական հարցերու շուրջ: Առանձնապէս կարեւոր նկատուած է, որ Եւրոպական խորհրդարանը ո՛չ միայն դատապարտէ պատերազմական յանցագործութիւնները, այդ կարգին քաղաքացիական բնակչութեան եւ ենթակառուցուածքներու, պաշտամունքի վայրերու թիրախաւորումը, այլեւ ընդգծէ, որ այդ յանցագործութիւնները պէտք չէ անպատիժ մնան: Շեշտուած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափի շրջանակներուն մէջ հիմնահարցի լուծման բանակցութիւնները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:
Հասկնալի է Եւրոպական խորհրդարանի քաղաքական տրամաբանութիւնը: Պաքուն չէ հասցէագրուած այս զեկուցումին մէջ: Քննադատութեան թիրախը Անգարան է: Հակառակ անոր որ անիկա կոչ կ՛ուղղէ բոլոր ենթադրեալ պատերազմական յանցագործութիւնները պատշաճ կերպով հետաքննելու եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու: Յատկանշական է, որ Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ առանձին կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հետաքննութիւն կազմակերպելու օտար զինեալներու, ահաբեկիչներու ենթադրեալ ներկայութեան եւ տարանջատուող զինամթերքի ու ֆոսֆորային ռումբերու օգտագործման վերաբերեալ:
Նախ ասիկա կոչի տեսքով է եւ որեւէ ձեւով իրականացուելու պարտադիր բնոյթը չ՛ապահովեր. երկրորդ, ինչպէս կը նկատուի, հասցէագրումը կը բացակայի:
Նոյն անհասցէ պահուածքով չի յատկանշուիր Անգարայի վերաբերող բաժինը: Անգարան կը մեղադրուի իբրեւ ապակայունացուող գործօն եւ պատերազմին ներգրաւուած պետութիւն: Սակայն այստեղ եւս երանգային անհասցէ բաժին ներառուած է. զեկուցում-բանաձեւը մտահոգութեամբ ընդգծած է տագնապին երրորդ երկիրներու զինուորական ներգրաւուածութիւնը: Այս պարագային հաւասարեցման օրէնքը չէ, որ նկատի առնուած է, քանի որ այլապէս յստակօրէն Թուրքիան ամբաստանուած է ապակայունացմամբ եւ ներգրաւուածութեամբ: Այստեղ ուղերձը Մոսկուային է, յատկապէս երբ կ՛արծարծուի զինուորական ներգրաւուածութիւնը հակամարտութեան:
Առանց անուանարկումի Մոսկուային ակնարկելը կը կապուի ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափի վերականգնման անհրաժեշտութիւնը արծարծելուն: Մանաւանդ որ Եւրոպական խորհրդարանը ընդգծած է, որ հակամարտութեան յարատեւ կարգաւորումը տակաւին չէ իրականացած եւ խաղաղութեան հասնելու համար, շրջանին ապագայ իրաւական կարգավիճակի որոշման հոլովոյթը պէտք է գործադրուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ եւ հիմնուած ըլլայ վերջինիս հիմնարար սկզբունքներուն վրայ:
ԵԱՀԿ-ի իրողական եւ լիարժէք վերաընդգրկումը նախ չի բխիր Անգարայի, ապա Մոսկուայի շահերէն: Այս հաշուարկը բնականաբար կը կատարեն թէ՛ խաղաղապահ ուժերով իր անվտանգութիւնը ապահովող Ստեփանակերտը եւ թէ՛ յաւելեալ կախեալութեան մէջ խորացած Երեւանը:
Սակայն անկախ տարածաշրջանի գլխաւոր խաղցողներէն, ԵԱՀԿ-ի վերականգնումը կրնան առաջադրել թէ՛ Ուաշինկթընը եւ թէ՛ Պրիւքսելը, որ այս պարագային զեկուցում-բանաձեւով կը պաշտօնականացնէ այս պահանջը: Ուաշինկթընէն եւս կը հնչեն նման ձայներ` առանց բացառելու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Արցախի ճանաչման նախագիծի քննարկման կարելիութիւնը:
ԵԱՀԿ-ի վերաիմաստաւորման մօտեցումին մէջ կը կայանայ Պաքուին որեւէ հասցէագրում չուղղելու եւ «երրորդ երկիրներ» տարազով Մոսկուան չանուանարկելու մօտեցումը: Միջնորդը պէտք է պահէ համահաւասարութեան օրէնքը եւ որեւէ անպատեհ կացութիւն չստեղծէ առաջադրուած ձեւաչափին ներքաշուած համամիջնորդին նկատմամբ:
«Ա.»
aztagdaily.com