Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Մինչ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու տան յանձնախումբերը 2020 տարեշրջանի ամավարկի մանրամասնութիւնները կը վերջնականացնեն, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները, ընկերակցութեամբ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի, շարք մը քոնկրեսականներու հետ խորհրդակցութիւններ ունեցան Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն ամերիկեան յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու, Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ ռազմավարական համագործակցութիւնը սերտացնելու եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ յիշատակելու պատեհ քաղաքականութիւն մը որդեգրելու նպատակով։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան կը յայտնէ, թէ հանդիպումները առիթ հանդիսացան ամերիկահայութեան մտահոգութիւնները փոխանցելու ամերիկացի քոնկրեսականներուն՝ աւելցնելով, որ քննարկուած նիւթերէն մէկը եղած է նաեւ Արցախի հակամարտութիւնը լուծելու համար Մատրիտեան կողմնակալ սկզբունքները բարեփոխելու հարցը։
Ծերակուտական Պապ Մենենտեզի հետ հանդիպման ընթացքին, Հայ Դատի ներկայացուցիչները նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին անոր, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման նոր բանաձեւը ներկայացուցած է։ Բանաձեւը ցարդ ապահոված է 16 ծերակուտականներու հովանաւորութիւնը։ Նաեւ շեշտուեցաւ Արցախին յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու կարեւորութիւնը։
Ներկայացուցիչներու տան Յատկացումներու յանձնախումբի անդամ Ճեֆ Ֆորթընպերիի հետ հանդիպման ընթացքին, Հայաստանի եւ Արցախի յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու կողքին, քննուեցաւ նաեւ Միջին Արեւելքէն Հայաստան ապաստանած գաղթականներուն օժանդակութիւններ տրամադրելու կարեւորութիւնը։
Հայ Դատի ներկայացուցիչները նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին քոնկրեսական Քեթրին Քլարքին, որ նպաստած էր Հայաստանի մէջ ծառատնկումի ծրագիրին, որպէսզի կարելի ըլլայ յառաջիկայ 10 տարիներուն Հայաստանի անտառապատ տարածներուն համեմատութիւնը ընդհանուրին 12 տոկոսին հասցնել։
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ֆրենք Փալոնի հետ քննարկուած գլխաւոր նիւթը եղաւ Արցախ ճամբորդելու եւ արցախցի պաշտօնատարներու հետ ա-զատ յարաբերութիւններ մշակելու առիթ ընծայող բանաձեւը, ինչպէս նաեւ խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան Ատրպէյճանի հետ սահմանին վրայ լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակով առնուելիք քայլերուն շուրջ։
Քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի հետ խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 296 բանաձեւին վաւերացման ջանքերուն վրայ։ Բանաձեւը ցարդ կրցած է ապահովել շուրջ 95 քոնկրեսականներու աջակցութիւնը։
Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տնտեսական կապերը սերտացնող համաձայնագիրի մը կնքումը եւ Արցախին աջակցելու կարելիութիւնները քննարկուեցան Պրետ Շըրմընի հետ, որ անդամ է Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին։ Ան նաեւ գլխաւորած էր ուղղակի Արցախին տրամադրուած ամերիկեան առաջին աջակցութեան ապահովման աշխատանքը, 1997ին եւ Արցախի ականազերծման նպատակներուն համար գումար մը ապահովել կը փորձէ 2020ի ամավարկին մէջ։
asbarez.com