կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-04-10 21:35
Աշխարհ

Հիասթափութեան և ազգային գերագոյն շահի հրամայականին միջև

Հիասթափութեան և ազգային գերագոյն շահի հրամայականին միջև

Ատենէ մը ի վեր, ներկայ իշխանութեան ջատագովական դաշտը ահազանգ կը հնչեցնէր Արցախի նախագահական և խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման առողջապահական հետևանքներու կապակցութեամբ։ Մամուլին և ընկերային ցանցերուն մէջ լոյս կը տեսնէին թախանձագին կոչեր ուղղուած յատկապէս Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ անյապաղ միջամտութիւն բանեցնելու և կասեցնելու ընտրական այս գործընթացը։ 

Պիտի խոստովանիմ, որ ես ևս և, վստահ եմ, ինծի պէս՝ բազմաթիւ ընկերնե՛ր կը բաժնէինք համավարակի վտանգներուն հետ կապուած վերոյիշեալ մտահոգութիւնները՝ միաժամանակ մնալով այն էական տեսակէտին վրայ, որ ի վերջոյ պէտք էր ապաւինիլ Արցախի պետական ղեկավարութեան դատողութեան և սպասել, որ անո՛նք ընեն այս կարևոր վճռահատումը։ Արցախի պատկան իշխանութիւնները ըրի՛ն վճռահատումը և ընտրական գործընթացը շարունակուեցաւ և Մարտի 31-ին տեղի ունեցան ընտրութիւնները։ Բայց և կանգ չառաւ ՀՀ իշխանութիւններու ջատագովական դաշտի ճնշումը Վարչապետ Փաշինեանի վրայ, որ կը մնար յայտնօրէն չէզոք այս խնդրի կապակցութեամբ յուսախաբ ընելով իր բարեկամները։

Այսօր նո՛ր ընդվզումով կը խօսին ջատագովական դաշտի առաջատար ձայները։ Այսօր անոնք դժգոհ են և խորապէս յուսախաբ՝ իշխանութիւններու ընդհանրական վարքագծէն։ Համավարակը դադրած կը թուի իրենց մտահոգութեան եզակի առարկան ըլլալէ։ Այսօր մտահոգուած են, որ ընտրութիւններու արդիւնքով Արցախի պետական բեմին վրայ ուժի դիրքերու տիրացած են հին և զեղծարար («կոռումբացուած» հրէշային բառով բնորոշուող) ուժերը...Ըստ իրենց, տապալած է «յեղափոխութեան» արժէքային համակարգը և փուլ եկած Արցախի բարոյական վերնաշէնքը։ Վարակի նշոյլն իսկ չկայ այլևս ներկայ խօսոյթին մէջ։ Վարակը դադրած է շահեկան ըլլալէ։ Ան տժգունած է որպէս թեմա։ Բիւրեղացած կը թուի ըլլալ իրական մտահոգութիւնը, որ այլևս կապ չունի Արցախի ժողովուրդի առողջութեան հետ։ Մտահոգութիւնը զուտ քաղաքական է այլևս և հեռո՛ւ՝ առողջապահական դրդապատճառներ դրսևորելէ։

Պէտք է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ։ Ինչո՞ւ դադրիլ առողջապահական ռիսքերուն վրայ եզակիօրէն սևեռելէ։ Ես կը կարծեմ, թէ սխալ վերակողմնորոշում մը տեղի կ՚ունենայ այս խնդրին մէջ։ Կը կարծեմ, թէ Արցախի ժողովուրդի առողջապահութեան խնդիրը տակաւին առաջնահերթ է այսօր, երբ երկիրը կը պատրաստուի ընտրութիւններու երկրորդ փուլին։ Թէ ընտրութիւններու առաջին փուլը ի՞նչ հետևանքներ ունեցած է երկրի հանրային առողջապահութեան վրայ՝ դեռ յայտնի չէ։ Ան պիտի դրսևորուի շուտով։ Ի սրտէ մաղթենք, որ Արցախը շարունակէ ըլլալ բախտաւոր և մնայ ազատ համավարակի հետևանքներէն։ 

Մինչ այդ ոչ ոք կրնայ ուրանալ, որ Արցախի իշխանութիւնները կրկին դրուած են երկրի առողջապահական ռիսքերը արժևորելու մարտահրաւէրին առջև։ Վարակի հարցը չէ հեռացած երկրի մտատանջութիւններու ոլորտէն։ Ընդհակառակն հարցը մօտեցած է շատ աւելի քորոնա ժահրի երեք հաստատուած պարագաներու առկայութդամբ։ Եւ ան նորէն կը գտնուի Արցախի ղեկավարութեան ձեռքերուն մէջ։ Կրկին վճռահատման կարիք կայ և շեշտենք, որ այս անգամ ևս ոչ ոք դուրսէն իրաւունք ունի միջամտելու այս գործին։ 

Շեշտենք նաև, որ մասնագիտական օգնութիւն հայթայթել Արցախի իշխանութիւններուն այս խնդրի կապակցութեամբ՝ ազգին բարոյական պարտաւորութիւնն է։ Ցարդ խօսողները ոչ-մասնագէտ – թէկուզ սրտցաւ – ձայներն էին միայն։ Այժմ թող խօսին մասնագէտները և թող խօսին առանց յետին մտքի և փորձեն օգնել Արցախի ղեկավարութեան այս հարցին մէջ ճիշտ կողմնորոշուելու։ Եւ այդ բոլորէն ետք ալ տակաւին յոյսերնիս դնենք մեր բախտին վրայ և Տէր ընդ մեզ։

Իսկ ջատագովական դաշտին բարոյական պարտաւորութիւնն է առաջ գալ և յստակօրէն լուսաբանել հանրութիւնը, թէ իսկապէս ինչի՞ մէջ կը կայանայ իրենց առարկութիւնը։ Վարչապետ Փաշինեան դրական գնահատական տուած է ընտրութիւններու որակին և շնորհաւորած՝ արդիւնքները։ Յայտնօրէն ջատագովական դաշտը դժգոհ է Պր. Վարչապետի այս գնահատականէն։ Հետևաբար բացատրել պէտք է, թէ ո՞վ է լաւը և ո՞վ է վատը ընտրական դաշտին մէջ և ինչո՞ւ։ Դաշնակցութեան թեկնածուն չկրցաւ անցնիլ երկրորդ փուլ։ Բնական է, որ մենք ևս յուսախաբուած ենք ընտրութիւններու արդիւնքէն և մենք ևս ունինք կացութիւնը վերարժևորելու քաղաքական խնդիր։ Բայց իսկապէս շահեկան է գիտնալ, թէ ջատագովական դաշտը ի՞նչ շօշափելի առարկութիւն ունի ներկայացնելիք առաջատար թեկնածուներէն ամէն մէկուն մասին։ Կրնա՞յ ըլլալ, որ իրենք ևս հիասթափուասծ ըլլան Դաշնակցութեան թեկնածուի պարտութեամբ...Ամէն բան կարելի է։ 

Մինչ այդ սակայն կայ աւելի մեծ խնդիր մը։ Դժգոհ ձայներու գանգատը այսօր բացառաբար ուղղուած է ՀՀ իշխանութիւններո՛ւն։ Անոնք հիասթափուած են, որ իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը այն չէ ինչ որ իրենք կ՚ակնկալէին։ Յանկարծ կը պարզուի, որ իշխանութիւնները այլևս հեռու են յեղափոխական ըլլալէ...Անոնք հեռու են յեղաշրջում յառաջացնելէ։ Անոնք հեռու են կեանքը հիմնովին բարելաւելու յանձնառութենէն։ Այս բոլորը կը ցոլացնեն նոր եզրայանգումներու ջրբաժան մը։

Պէտք է դիտել տալ սակայն, որ արդէն շատ ուշ է այս եզրակացութիւններուն համար։ Ներկայ իշխանութեան համակիրները յեղափոխութիւն փնտռեցին, երբ ընդամէնը իշխանափոխութիւն էր տեղի ունեցածը։ Համակարգային արմատական փոփոխութիւններ ակնկալեցին, երբ իշխանութիւնը կը գործակցէր մենաշնորհային համակարգին հետ։ Անոնք լուռ էին, երբ իշխանութիւնը կ՚օրինականացնէր հարկային համահարթեցումը։ Անոնք լուռ էին, երբ իշխանութիւնը կ՚որդեգրէր իր ներկայ տնտեսական կաղ քաղաքականութիւնը։ Անոնք լուռ էին, երբ Պր. Վարչապետը փողոցը կը հրահրէր ՀՀ Ազգային Ժողովին դէմ զայն (այսինքն՝ փողո՛ցը) «լիազօրելով» որպէս հարազատ իշխանութիւն։ Լուռ էին, երբ ամբոխը իշխանութեան քաջալերութեամբ կը շրջապատէր ՀՀ դատարանները։ Շարքը երկար է։ Պէտք է համբերատար ըլլալ, կ՚ըսէին մեզի ազնիւ և երկրի շահերուն նախանձախնդիր ընկերներ։ Իսկ այս և բազմաթիւ այլ խնդրայարոյց քայլեր այս իշխանութիւնը ամէն օր կը հեռացնէին Ժողովրդային Շարժման սկզբնական տեսլականէն և զայն կը մօտեցնէին նախորդ բոլոր իշխանութիւններու քաղաքական մշակոյթին։ Իսկ այս երևոյթին դէմ պայքարողը միայն Դաշնակցութիւնն էր։ 

Պէտք է արդար ըլլանք առանց վարանելու և ընդունինք, որ երկիր կառավարելու գործը Հայաստանի մէջ միշտ ալ ականուած գործընթաց մըն է և շատ հեռու՝ փողոցի ընթացիկ հռետորաբանութիւններէն։ Եւ այդ մէկը, մեր երկրի պայմաններուն մէջ, հրամայական կը դարձնէր քաղաքական ուժերու շարունակական -- և թէկուզ դժուարի՛ն -- երկխօսութիւնը, որմէ դժբախտաբար խուսափեցաւ ներկայ իշխանութիւնը հետզհետէ աւելի բևեռացման տանելով երկիրը։

Բայց հիմա արդէն շատ ուշ է վերոյիշեալ աղաղակող խնդիրներուն անդրադառնալու համար։ Հիմա երկիրը -- և աշխարհ – կը գտնուի համավարակի հսկայ մարտահրաւէրին առջև։ Մարտահրաւէ՛ր՝ որուն առջև պարտադրաբար պէտք է ստորադասուին բոլոր միւս քաղաքական խնդիրները ետ շրջելով բևեռացման անիւը։ Մարտահրաւէ՛ր՝ որ կը պահանջէ մեր ամենէն հզօր ազգային միասնականութիւնը։ Եւ այս իմաստով՝ բոլորս ալ կը գտնուինք մեր կեանքի հոգեբանական մեծ մարտահրաւէրին առջև։

Եկէք ընդունինք, որ այստեղ ևս գործեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան արթուն գիտակցութիւնը։ Դաշնակցութիւնը հանրութեան սեղանին վրայ դրաւ հակաճգնաժամային իր համապարփակ ծրագիրը և զայն մանրամասնօրէն բացատրեց հանրութեան բոլոր շերտերուն։ ԱՅՍ ԲԱՆԻՆ ՄԷՋ Է, ՈՐ ԱՅՍՕՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՒՈՒԹԵԱՆ ՊԷՏՔ Է ԿԱՆՉՈՒԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, ՈՐ ԴԵՌ ՉԷ ԱՐՁԱԳԱՆԳԱԾ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉԻՆ։ Միւս հարցերուն օրը անպայման պիտի գայ, բայց նախ մեր երկիրը պէտք է յաջողապէս շրջանցէ համավարակի արհաւիրքը։

Դաշնակցութիւնը ճիշտ էր իշխանափոխութեան օրերուն իր կարողականութիւնները դնելով ի սպաս հայ պետականութեան հակառակ իր շարք մը սկզբունքային վերապահութիւններուն և ճիշտ է այսօր։ Դժբախտաբար իշխանութիւնը ցարդ չկրցաւ իր գործին մէջ ընդգրկել Դաշնակցութեան տեսլականը և կը շարունակէ խարխափել։ 

Մաղթենք սակայն, որ ան այսօր ընդառաջէ Դաշնակցութեան հակաճգնաժամային ռազմավարութեան և երկրի դիմագրաւած մեծ վտանգներուն դիմաց ի վերջոյ գոյանայ քաղաքական ուժերու միասնականութեան հզօր պատնէշը։ Օր մը հին համակարգը և հին յարացոյցը պիտի դուրս դրուին մեր երկրի աղաւաղուած կենսոլորտէն։ Ես հաւատացած եմ, որ Դաշնակցութիւնը պիտի ըլլայ այդ իսկական յեղափոխութեան անկեղծ ու հաւատաւոր զինուորը։

Կարօ Արմենեան
Ապրիլ 10, 2020
Ուաշինկթըն