կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-04-01 00:03
Աշխարհ

Մասիսը պիտի չներէ նիկոլականներուն...

Մասիսը պիտի չներէ նիկոլականներուն...

Հայաստանի մէջ պոլշեւիկեան դաստիարակութեամբ եւ լիբերալիզմի անսկզբունք գաղափարախօսութեամբ յամեցող խունթան, որ «յեղափոխութեան» պիտակի շահագործումով տիրացաւ երկրի իշխանութեան, այսօր մխրճեց իր ֆաշիստական ճիրանները հայրենի ժողովուրդի սրտին, մտքին ու հոգիին մէջ։

Այսօր Ազգային Ժողովը որոշեց նուիրականացնել պոլշեւիկատիպ ֆաշիզմը հայրենիքի տարածքին։ Իր այդ աքդով, Ազգային Ժողովը օրինականացուց նիկոլական ֆաշիզմի գերակայութիւնը երկրի մը մէջ, ուր ժողովուրդը պէտք ունի ազատութեան, հաւաքական պաշտպանութեան, եւ հանապազօրեայ հացի։

Այսօր, նիկոլականները զաւթեցին հայոց իշխանութիւնը։ Այսօր, սկիզբն է հայոց սահմանադրութեան տապալումին։ Այսօր, մեր երկրին, մեր պետութեան ու մեր ժողովուրդին տխուր օրն է։ Բայց Արարատը վկա՛յ, Մասիսը պիտի չներէ նիկոլականներուն...

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ