Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
aztagdaily-Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի կողմէ իւրաքանչիւր շաբաթավերջի լիբանանեան տարբեր շրջաններ այցելութեան աւանդութիւնը երէկ երեկոյեան վերածուեցաւ ողբերգութեան, երբ Քֆարմաթթայի բնակիչներն ու Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան համակիրները մերժեցին իրենց շրջանները անոր կատարելիք այցելութիւնը եւ ճամբաները փակեցին անոր դիմաց:
Այս հարցը լուծուեցաւ, երբ բանակն ու կրթութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ միջամուխ դարձան դէպքին եւ հանդարտեցուցին բնակիչները, իսկ Պասիլ ջնջեց իր այցելութիւնը:
Սակայն նախքան իր այցելութիւնը ջնջելը, Պասիլ Քահհալէի մէջ յայտարարեց, թէ իրենց քաղաքական դաշինքներն ու համաձայնութիւնները կրնան ոմանց նեղացնել եւ զանոնք մղել` այդ համաձայնութիւնները ցնցելու, «սակայն այդ համաձայնութիւնները ամուր են եւ կարելի չէ զանոնք ցնցել, որովհետեւ անոնք կ՛երաշխաւորեն Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը», ըսաւ Պասիլ:
Պասիլ այցելեց նաեւ Ալէյ, ուր բացումը կատարեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նոր գրասենեակի մը:
Այս մասին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ նշեց, որ մեծամտութենէ բխած մարտահրաւէրին պատասխանելու լաւագոյն ձեւը անտեսելն է: