կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-05-12 10:18
Առանց Կատեգորիա

Ովքե՞ր են պարտավոր հատուցել

Ովքե՞ր են պարտավոր հատուցել

Յաճախ հարց կու տանք մենք մեզի, թէ ինչպիսի՞ն էր Հայոց Ցեղասպանութեան նախօրեակը...Ի՞նչ կ՚ընէին մեր պապերը 1915-ի Յունուար, Փետրուար, Մարտ ամիսներուն։ Ով ի՞նչ հարցեր կը լուծէր, ով ինչո՞վ կը տագնապէր, ով ի՞նչ կը տօնէր, ով ի՞նչ նախատեսութիւններով կ՚ապրէր և կ՚ապրեցնէր իր ընտանիքը և ի՞նչ երևակայութեամբ կը դիեցնէր իր հոգին։

Այո՛, կարևոր է գիտնալ, թէ ի՞նչ երևակայութեամբ կ՚ապրէր մեր մեծերու սերունդը, երբ տակաւին չէր բացայայտուած հայասպանութեան ծրագիրը։ Կապրիէլ Կարսիա Մարքէզն է, որ ըսած է տեղ մը, որ «ի վերջոյ իրականութիւնը պիտի գայ հաստատելու, թէ երևակայութիւնը...ճիշտ էր»։ Ես այս խօսքը առաջին անգամ տեսայ փոքր աշջկանս համակարգիչի պաստառին վրայ և այլևս չկրցայ մոռնալ զայն, քանի որ ան եղաւ իմ մնայուն վէճս Մարքէզին հետ։ Ո՞ր իրականութիւնն էր, որ պիտի գար հաստատելու 1915-ի նախօրէի ո՞ր երևակայութիւնը, հարց կու տայի ես ինծի (և Մարքէզի՛ն) Հայ Դատի հատուցման պայքարի ամէն մէկ հանգրուանին վրայ։ Պարզ է, որ ցեղասպանազերծ աշխարհ մը գոյութիւն ունէր տեղ մը, որուն պերճանքէն զրկուած էինք մենք և որուն մասին կը խօսէր Մարքէզ։ Բայց նաեւ կը յիշեցնէի ինքզինքիս, որ այդպիսի աշխարհի մը համար էր, որ ի վերջոյ կը պայքարէինք մենք երկրէ երկիր և տասնամեակէ տասնամեակ և թէ մեր քաջարի տղաքն էին ու մեր քաջազուն աղջիկնե՛րը՝ այդ գաղափարին իսկական և անկեղծ զինուորները...

1984-ին, Հայկական ՍՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիայի հրատարակութեամբ լոյս տեսաւ բանասէր Ալբերտ Ս. Շարուրեանի «Դանիէլ Վարուժանի Կեանքի և Ստեղծագործութեան Տարեգրութիւն»ը, որուն էջերը հարուստ են բանաստեղծի կեանքին բաբախուն մանրամասնութիւններով։ Յարգելի բանասէրը գրած է Դանիէլ Վարուժանի կեանքին ամենէն սրտառուչ վէպը առանց քայլ մը իսկ շեղելու գիտական մարդու իր պատասխանատու դիրքերէն։ Ի դէպ Շարուրեանի երկը ունեցած է Ակադ. Էդուարդ Մ. Ջրբաշեանը որպէս Պատասխանատու Խմբագիր և գիրքը հրատարակութեան համար երաշխաւորած են գրախօսներ՝ Մ.Մ. Մելիքեանն ու Ի.Դ. Վարժապետեանը և ի վերջոյ գիրքը լոյս տեսած է Գիտութիւններու Ակադեմիայի Մանուկ Աբեղեանի անուան Գրականութեան Հիմնարկի Գիտական Խորհուրդի որոշումով։ Այս բծախնդիր մաղերէն անցնելէ ետք միայն գիրքը հասած է մեր ձեռքը...

Յարգելի բանասէրը շատ հակիրճ տողերով օրը-օրին կը վերականգնէ Վարուժանի ստեղծագործական առօրեան հիմնուելով անվիճելի փաստերու և վկայութեանց վրայ։ Եւ այդ չոր ու անսեթևեթ տողերը այնուամենայնիւ սարսռալի պարզութիւն մը ունին մեզի համար այսօր, երբ կը կարդանք։ Գիտենք, թէ ինչ պիտի պատահի։ Գիտենք, թէ անխուսափելի վախճան մը ունին այդ միամիտ պատահարները Ապրիլ 24-ի (նոր տոմարով) ձերբակալութեանց նախորդող օրերուն։ Գիտենք, թէ Վարուժան իսկապէս չի գիտեր։ Արաքսին և անչափահաս ձագուկները չեն գիտեր։ Գաղափարի և գրչի ընկերները չեն գիտեր այն, ինչ որ մենք այս հեռաւորութենէն հիմա գիտենք...և որ մեր ողբերգութիւնն է գիտնալ և իրենց ողբերգութիւնն է չգիտնալ...Վարուժանի կեանքի պատահարները, ամէն քայլափոխին, կը ղօղանջեն դէպի մեր գիտակցութեան խորերը և կ՚արթնցնեն դաժան իրականութիւնը ոճրային կանխամտածութեան, որուն գիտութենէն զրկուած է զոհը։ Զոհը զոհ է, քանի որ ան անգիտակցաբար ու պարտադրաբար կ՚ապրի սուտ կեանքը, զոր Թուրք Պետութիւնը պատրաստած է իրեն համար։ Մարդիկ կը դաւեն իր ամենէն մեծ հարստութեան՝ իր ազատ երևակայութեան դէմ։ Ամբողջ մարդկութի՛ւն մը կը դաւէ մէկ մարդու այդ սուրբ իրաւունքին դէմ։ Եւ հետևաբար՝ համայն մարդկութեան կեանքի սկզբունքին դէմ։ Հիմա աւելի պարզ է, թէ ի՞նչ կը նշանակէ կանխամտածումով նիւթուած ոճիր։ Կանխամտածումով նիւթուած ցեղասպանութի՛ւն։ Հիմա աւելի յստակ է, թէ ինչու՞ մեր առջև ունինք մարդկութեան դէմ գործուած այս ոճիրը՝ Հայոց Ցեղասպանութի՛ւնը։ Հիմա արդէն ոչ ոք իրաւունք ունի մեզի «ողջախոհութեան» դասեր տալու։

Հատուցման մեր ազգային պայքարը անժամանցելի է։ Թուրք պետութիւնն ու թուրք ժողովուրդը պարտաւորուած են Հայաստանի և համայն հայութեան հետ հաշուի նստելու և անկեղծօրէն մաքրելու իրենց հաւաքական պարտքը Ցեղասպանութեան ոճրի արդար հատուցման բոլոր չափանիշներով և առաջին հերթին հողային մեր իրաւունքներու անվերապահ ճանաչումով։ Երիտթուրքերը թիրախաւորելով, մեղքը այդ քանի մը ոճրագործներու ուսերուն միայն դնելով և հատուցման դատը ապակողմնորոշել ջանալով ոչ ոք սին յոյսեր թող չսնուցանէ, որ կարելի պիտի ըլլայ այս հարցը «մաքուրի հանել»։ Հարցը քնացնել։ Հարցը աստիճանաբար մեռցնել։ Հարցը ծածկել ծաղկափոշիով։ Զայն շաքարազօծել Էրտողանեան ցաւագար հռետորաբանութեամբ։ Կամ Թանէր Աքչամի և իր նմաններու աճպարարութիւններով։ Այդպէս պիտի չըլլայ։ Երիտթուրքերու հաշիւը մենք մաքրած ենք վաղուց։ Այդ ծառայութի՛ւնն ալ մենք մատուցած ենք մարդկութեան։ Հիմա Թուրք Պետութեան և թուրք ժողովուրդի հաշիւն է, որ դրուած է համաշխարհային հանրութեան սեղանին վրայ։

Կարօ Արմենեան, Ուաշինկթըն