կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-04-24 21:58
Քաղաքական

Պատվո պահակ Լավալի Հայոց ցեղասպանության հուշարձանի մոտ

Պատվո պահակ Լավալի Հայոց ցեղասպանության հուշարձանի մոտ

Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Լաւալի յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցաւ Հսկում, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Բեկոր Աշոտ» եւ «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղերուն, ներկայութեամբ դաշնակցային երեսփոխաններ Ֆայսալ Էլ-Խուրիի (Laval-les-Iles), Եւա Նասիֆի (Vimy), Ֆիլիփ Լոնկի, Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Արամ Էլակէօզի (Renaud), Սանտրա Էլ-Հըլուի (Souvenir-Labelle), Ալին Տիպի (Սեն Մարթէն շրջան), Վիրժինի Տիւֆուրի (Sainte-Rose), Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովեւ Հոգշ. Տէր Վարդան Վրդ. Թաշճեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկեր Ռաֆֆի Տօնապետեանի, Կեդրոնական կոմիտէութեան անդամներու, Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» եւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան անդամներուն, քոյր միութիւններու եւ յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ գաղութիս անդամներու:

Հսկումի բացումը կատարուեցաւ գանատական եւ հայկական քայլերգներով, ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընկերուհի Կարինէ Կարապետեան: Խօսք առաւ Հայ Դատի յանձնախումբի Լաւալի ներկայացուցիչ ընկեր Յովիկ Թիւֆէնքճեան, որ ֆրանսերէն, անգլերէն եւ հայերէն իր խօսքին մէջ շեշտեց մեր վճռակամութիւնը՝ շարունակելու պայքարը, ինչպէս նաեւ դատապարտեց Թուրքիոյ ժխտումի քաղաքականութիւնը, ապա կոչ ուղղելով ներկաներուն ըսաւ. «Եկէք այս տարի եւս ներկայ արձանագրենք Ապրիլ 24-ի Օթթաուայի քայլարշաւին, որպէսզի ցոյց տանք , որ մենք ուժ ենք, մենք միասնակամ ենք, ցոյց տանք, որ ջանք պիտի չխնայենք՝ հասնելու մեր նպատակին եւ պիտի շարունակենք պայքարը մինչեւ Ամբողջական եւ արդար հատուցման տիրանալը»:

Հանդիսավարուհի ընկերուհի Կարինէն բեմ հրաւիրեց ընկեր Վազգէն Գարագաշեանը, որպէսզի ԳԵՄ-ի խօսքը փոխանցէ: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Թուրքիոյ ներկայ իշխանութեանց Օսմանեան կառավարութեան իրաւայաջորդը ըլլալուն եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ու արդար հատուցման միակ պատասխանատուն ըլլալուն, ապա շեշտեց. «Մենք՝ 20-րդ դարու նոր սերունդը վճռած ենք ջահակիրները դառնալ «Ճանաչումէն հատուցում» կարգախօսին, վճռած ենք մեր արդար դատի լուծման համար անշահախնդրօրէն նուիրուիլ Հայ Դատին, եւ հաւատացէ՛ք, սիրելի՛ հայրենակիցներ, որ միահամուռ ու միասնական ճիգերով կը հասնինք մեր նպատակին, կը հասնինք Սրբազան լերան կատարին»:

Հոգշ. Տէր Վարդան Վրդ. Թաշճեանի աղօթքով վերջ գտաւ հսկումի արարողութիւնը:

horizonweekly.ca