կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-03-25 17:55
Հասարակություն

ԱՄՆ Ալաբամա նահանգի կողմից Հայոց Ցեղասպանության ճանաչման եգիպտական արձագանգը

ԱՄՆ Ալաբամա նահանգի կողմից Հայոց Ցեղասպանության ճանաչման եգիպտական արձագանգը

Եգիպտական «Սատա էլ պալատ» թերթն իր Մարտի 21-ի համարով անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան ամերիկեան 49-րդ՝ Ալապամա նահանգի ճանաչմանը, նշելով որ ամերիկեան վերջին նահանգը որ ցարդ չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը թուրքերու ձեռամբ՝ Միսիսիփի նահանգն է: Թերթը մէջբերած է Ալապամայի նահանգապետի խօսքը, որ 2019-ի Ապրիլը ցեղասպանութեան իրազեկման եւ յիշելու ամիս է, ցեղասպանութիւն՝ զոր գործողները հարկ է չուրանան, արդարեւ այն 20-րդ դարու առաջին կանխածրագրուած ցեղասպանութիւնն էր, զոր գործեց թրքական պետութիւնը 1915-ին:
Յիշատակելէ ետք, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած են տասնեակ պետութիւններ եւ միջազգային ու իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ, թերթը նշած է, որ հրամայական դարձած է Հայոց ցեղասպանութեան յարատեւ իրազեկումն ու յիշատակումը, խուսափելու համար անոր կրկնութենէն ու պաշտպանելու ժողովուրդներ՝ ազգային, ցեղային կամ կրօնական պատկանելութեան հիման վրայ ամէն ձեւի ճնշումէ, սպանութենէ ու հաշուեյարդարէ, եւ կʼաւելցնէ, որ հայ համայնքները կը շարունակեն իրազեկել, կրթել եւ յուշել, երաշխաւորելու որ միջազգային հանրութիւնը զերծ մնայ նման ոճիրի կրկնութենէն:
Թերթը տեղ տուած է Ալապամա նահանգի որոշումին ընդհանուր միջազգային իրաւունքի դասախօս դր. Այման Սալամայի մեկնաբանութեան: Ըստ վերջինիս, որոշումը կը նպաստէ միջազգային ամենագարշելի ոճիրին՝ «ցեղասպանութեան» մասին ահաւոր իրողութիւններու բացայայտման:
Ան աւելցուցած է, որ այս որոշումը կը պահէ ու կը պաշտպանէ բովանդակ մարդկութիւնը, առանց բացառութեան, շեշտելով, որ 20-րդ դարու ամենասոսկալի ոճիրի՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերստին բացայայտելը սոսկ դատի մը, մարդկային ցեղի մը, կրօնական կամ ազգային խումբի մը չի ծառայեր, այլ կը պաշտպանէ եւ կʼընդգծէ նման ոճիրի պատիժը: Ան պարզած է, որ օսմանեան թուրանական պետութեան կառավարութիւններուն յաջորդած թրքական կառավարութիւններու հերքումի եւ պատասխանատուութենէ խուսափումի համակարգուած քաղաքականութիւնը չʼօգներ Թուրքիան կառավարող արդի խմբաւորման, նկատելով որ Հայոց բնաջնջումը պետական ընդհանուր քաղաքականութեան մասն էր, զոր իրագործեց իր գործիքակազմերով, առաջին հերթին օսմանեան բանակին միջոցով, համակարգուած ու համատարած կերպով, որ մէկ ու կէս միլիոն հայու կեանք խլեց:
Դր. Սալամա յիշատակած է Հայոց ցեղասպանութեան մեղաւորները դատող Պոլսոյ 1919-ի ռազմական ատեանի խորհրդածութիւններն ու վճիռները, որոնք ապացուցած են ոճիրի կանխամտածուած եւ համակարգուած բնոյթը: