Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի Միացեալ մարմինը, որ կը հանդիսանայ Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայկական գաղութին մէջ գործող 21 կրօնական, քաղաքական, երիտասարդական, բարեսիրական, մարզական եւ ընկերային կազմակերպութիւններու համախմբումը կը տեղեկացնէ, թէ տարեկան Արդարութեան Քայլարշաւը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 24ին, կ.ե. ժամը 1էն սկսեալ, Լոս Անճելըսի Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ, որ կը գտնուի Ուիլշըր պողոտային վրայ, Ֆերֆեքս եւ Սան Վինսենթէ թաղերուն միջեւ։
Առնուազն 40 տարիներու աւանդութեան մը վերածուած տարեկան այս հաւաքով՝ համայնքը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ վնասուց արդար հատուցումներու իր պահանջը ուղղակի Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն ներկայացնելու առիթը կ՛ունենայ։
Յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ շրջանի հայութեան, որ խուռներամ մասնակցութեամբ իր ձայնը լսելի դարձնէ, միաժամանակ դատապարտելով Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման ջանքերը:
Յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի հրապարակուին յետագային:
Բողոքի ցոյցին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել March4Justice.com կայքը կամ դիմել (888) 924-1915 թիւին։
Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի Միացեալ մարմինին մաս կը կազմեն՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութիւնը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը, Սոցեալ-Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Ա-րեւմտեան շրջանը, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը, Ամերիկայի Հայկական համագումարը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Ամերիկայի Հայկական խորհուրդը, Հայ Իրաւաբանական միութիւնը, Պոլսահայ միութիւնը, Լոս Անճելըսի Միացեալ Հայկական խորհուրդը, Հանրային վարժարաններու Հայ Աշակերտներու յանձնախումբը (CASPS), Համահայկական ուսանողական միութիւնը, Իրաւաբանական Հայ Ուսանողներու Ազգային միութիւնը եւ «Բաց Վէրքեր» կազմակերպութիւնը:
asbarez.com