Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը`Asbarez
Շուրջ 1000 տարի առաջ հաստատուելով Ռումանիոյ մէջ՝ հայերը կառուցեցին եկեղեցիներ եւ դպրոցներ՝ խոր արմատներ ձգելով ռումանական հիւրընկալ հողին վրայ: 1401ին, Ալեքսանտր Պարի իշխանին հրովարտակով հաստատուեցաւ Ռումանիոյ Հայոց թեմը՝ իր հայրական հոգածութեան տակ առնելով, կրթելով ու դաստիարակելով տեղի հայութիւնը, կապելով իրենց արմատներուն եւ հաւատքին հետ: Եւ ահա շուրջ 1000 տարի մշտապէս կը ղօղանջեն բոլոր հայկական եկեղեցիներուն զանգերը: Բացառութիւն չէր նաեւ այս անգամ: Առիթը Ծննդեան եւ Աստուածյայտնութեան տօնն էր, որուն առիթով հերթական անգամ հնչեցին բոլոր եկեղեցիներու զանգերը՝ ազդարարելով Փրկիչին Ծնունդը:
Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեանի տնօրինութեամբ ու օրհնութեամբ տօնական Ս. պատարագներ մատուցուեցան ու ձեռնարկներ իրականացուեցան գրեթէ բոլոր հայաշատ քաղաքներուն մէջ:
ՊՈՒԽԱՐԵՍՏ
Առաջնորդանիստ Սրբոց Հրեշտակապետաց Մայր եկեղեցւոյ մէջ 5 Յունուարին Ճրագալոյցի Ս. պատարագ մատուցեց թեմակալ առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեան՝ ներկայ հաւատաւոր բազմութեան ուղղելով իր պատգամն ու աւետելով Տիրոջ Ծննդեան բարի լուրը։
6 Յունուարին թեմակալ առաջնորդին կողմէ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, յաւարտ որուն կատարուեցաւ Ջրօրհնէքի կարգ: Պատարագի արարողութեան կը մասնակցէին Գրիգոր քահանայ Հոլկան, Եզնիկ քահանայ Թորգոմեան, Հայկ սրկ. Ազարեան, Վահէ դպիր Յովակիմեան:
Պատարագին ներկայ էր նաեւ Ռումանիոյ խորհրդարանին մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու ղեկավար Վարուժան Փամբուկչեան: Յաւարտ պատարագի Ռումանիոյ հայոց միութեան հոգածութեամբ Դուդեան կեդրոնին մէջ համայնքի փոքրիկներուն այցելեց Կաղանդ Պապան։
Պատարագէն ետք սրբազան հօր օրհնութեամբ ընդունելութիւն կազմակերպուած էր նաեւ առաջնորդարանին մէջ: Նոյն օրը երեկոյեան Պուխարեստի հայ համայնքի ներկայացուցիչները մասնակցեցան Ռումանիոյ Հայոց թեմի եւ Ռումանիոյ հայոց միութեան կողմէ կազմակերպուած տօնական ճաշկերոյթին ու ձեռնարկին:
ՔՈՆՍՏԱՆՑԱ
Քոնստանցայի հայ համայնքին մէջ Ս. Ծննդեան ձեռնարկները մեկնարկեցին 4 Յունուարին: Ռումանիոյ հայոց միութեան Քոնստանցայի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուեցաւ Ս. Ծննդեան նուիրուած տօնական համերգ, որուն մասնակցեցան սոփրանօ, երէցկին Արմինէ Խաչատրեան, մեցոսոփրանօ Սոնիա Հազարեան, դաշնակահար Արամ Մարիուս Նիցան:
5 Յունուարի երեկոյեան, Ճրագալոյցի Ս. պատարագ մատուցուեցաւ Քոնստանցայի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագիչն էր ծուխի հոգեւոր հովիւ Օշական քհնյ. Խաչատրեան: Յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ տօնական ձեռնարկ եւ հանդէս, որմէ ետք, միութեան հոգածութեամբ համայնքի երեխաներուն այցելեց Կաղանդ Պապան։
6 Յունուարին մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որմէ ետք կատարուեցաւ Ջրօրհնէքի արարողութիւն եւ օրհնուած ջուրը բաժնուեցաւ հաւատացեալ բազմութեան: Նոյն օրը տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչները մասնակցեցան Ռումանիոյ հայոց միութեան կողմէ կազմակերպուած տօնական ճաշկերոյթին ու ձեռնարկին:
ՓԻՏԵՇՏ
5 Յունուարին Ճրագալոյցի Ս. պատարագ մատուցուեցաւ Փիտեշտ քաղաքի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք կատարուեցաւ Ջրօրհնէքի կարգ:
Ծննդեան տօնը նշուեցաւ նաեւ Պոտոշան, Սուչաւա, Գալաց, Պրըիլա, Թուլչա, Եաշ, Ֆոկշան, Ռոման եւ Թեմի այլ քաղաքներուն մէջ:
7 Յունուարին, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած ննջեցեալներու հոգիներու խաղաղութեան ու փրկութեան համար:
Այնուհետեւ թեմի հոգեւորականաց դասը սկսաւ այցելելու հաւատաւոր զաւակներու տուները՝ տանելով Փրկչի Ծննդեան աւետիսը, օրհնելով բոլոր ընտանիքներն ու տան բարիքները՝ մաղթելով առողջ, խաղաղ ու օրհնաբեր տարի:
ՌՈՒՄԱՆԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ