Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Դեկտեմբեր 9-ին կայանալիք Հայաստանի Ազգային Ժողովի Ընտրութիւնները անկիւնադարձային պիտի ըլլան Հայ ժողովուրդի կեանքին, հայրենի զոյգ պետութիւններու անվտանգութեան ու կայունութեան եւ առհասարակ աշխարհաքաղաքական ռազմավարութիւններ գործադրելու իմաստով։ Ընտրութիւններուն նախորդող ընտրական քարոզարշաւը սակայն, ըստ երեւոյթին այդքան ալ առողջ ու քաղաքակրթական ժամանակակից չափանիշներով չի ընթանար։
Ամբոխավարութիւն յիշեցնող պայթիւնավտանգ յայտարարութիւնները, լոկ ուշադրութիւն եւ ընտրազանգուած գրաւելու մարմաջը, ինչպէս նաեւ ազգային անվտանգութեան նշանակութիւն ունեցող հաստատութիւններն ու արժէքները ընտրական ժամանակաւոր գործընթացներու ներգրաւելը անընդունելի եւ դատապարտելի են։
Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Եւրոպայի Կոմիտութիւնը, քաջ կը հաւատայ, որ հայ մարդու եւ հողին (պետութեան) անվտանգութիւնն ու արժանապատւութիւնը վերեն են ժամանակաւոր ընտրական գործընթացներէն եւ նոյնիսկ ընտրութիւններուն յաղթութիւն ապահովելիք իշխանութիւններէն, իսկ հաւատարմութիւնը հայ մարդուն եւ հողին՝ նուազագոյն պարտականութիւնը որեւէ կայացած եւ նպատակասլաց քաղաքական ուժի։
Արդ, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Եւրոպայի Կոմիտէն, զգաստութեան եւ խոհեմութեան կոչ կ՛ուղղէ Հայաստանեան քաղաքական կեանքի բոլո՛ր ներկայացուցիչներուն առաւել չսրելու կացութիւնը, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն կը յայտնէ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի կառոյցի ընտրարշաւին, ակնկալելով որ ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիները կը ցուցաբերեն ազատ, անկաշկանդ, գիտակից ու խոհեմ ընտրութիւն, հեռու զգացական, յուզական ազդեցութիւններէ։
Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Եւրոպայի Կոմիտէ
1 Դեկտեմբեր 2018