Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Դեկտեմբեր 9ի ընտրութեան, քուէարկողներու բացարձակ մեծամասնութինը պիտի քուէարկէ այն խոստումներու ծրարին, որուն գործադրումն ու իրականացումը կը պատկերացնէ իրագործուած տեսնել շատ մօտիկ ապագային: Մենաշնորհներու արմատական կերպով վերացում, օլիկարգներուն վերջնականօրէն հեռացում քաղաքական կեանքէն, սոցեալ-տնտեսական իրավիճակի կտրուկ բարելաւում եւ դատաիրաւական համակարգի վերակազմաւորում նոր դատաւորներու նշանակումներու ճամբով. ահաւասիկ, այն ակնկալիքները, որոնց իրականացման համար մեծ յոյսեր կը փայփայէ, ոչ միայն հայաստանաբնակ հայ ընտրողը, այլեւ համայն հայութիւնը՝ Արցախէն մինչեւ Ջաւախք, Մոսկուայէն մինչեւ Լոս Անճելըս: Այս ակնկալիքներու իրականացումը մեկնակէտը պիտի հանդիսանայ առողջ ու կենսունակ հայկական պետութեան մը կազմաւորման:
Դժբախտաբար, հապճեպ կերպով կազմակերպուած գալիք ընտրութիւնը, պէտք եղած ժամանակը չի տրամադրեր հայ ընտրողին, մօտէն ծանօթանալու մրցակից քաղաքական ուժերու նախընտրական ծրագիրներուն եւ մասնաւորապէս Հայաստանի ապագային ու անվտանգութեան առնչուող քաղաքական ռազմավարութիւններուն: Ի վերջոյ, կառավարութեան վարչակազմային մակարդակով, իրագործուելիք սոցեալ-տնտեսական ծրագրի որդեգրումէն եւ գործադրումէն աւելին է, որ խնդրոյ առարկայ է հայութեան համար: Խորհրդարանի ընտրութիւնը միմիայն ընկերատնտեսական հարցերու լուծման համար չէ, տակաւին անլոյծ կը մնան Հայաստանի գոյատեւման հետ կապուած բազմաթիւ օրհասական հիմնախնդիրներ, որոնց գծով նորընտիր խորհրդարդանը լուրջ ըսելիք պէտք է ունենայ:
Ըստ երեւոյթին, Ազգային Ժողովի ընտրութիւնը պիտի կատարուի նախապաշարումներու եւ նախասիրութիններու ընդհանուր զգացական մթնոլորտի մէջ: Պատգամաւորներու ընտրութեան մէջ, գերակշիռ դեր պիտի խաղան անհատ ընտրողի ենթակայական տրամադրութիւնները, որոնք հիմնականօրէն բնական հակադրութիւնն են Հայաստանի վերջին 28 տարիներու իրարայաջորդ իշխանութեանց թողած տխուր ու անբաղձալի «ժառանգութեան»:
Մեծ հարցականը այն է, որ այսպիսի պայմաններու մէջ ընտրուած Խորհրդարանը, որքանով ի վիճակի պիտի ըլլայ ծառայելու մեր ժողովուրդի համազգային իղձերու իրականացման՝ ընկերատնտեսական բնագաւառէն մինչեւ աշխարաքաղաքական բնագաւառը: Յառաջիկայ քանի մը օրերուն, արդե՞օք պիտի կրնանք վեր բարձրանալ գաղափարախօսական մրցակցութենէ զուրկ այս ընտրապայքարէն եւ խորհրդարան մը ընտրել, որ համազգային մեր պահանջներու ու նպատակներու գիտակցութիւնը եւ զգոնութիւնը ունի:
Անկախաբար Խորհրդարան ընտրուելիք պատգամաւորներու եւ կուսակցութեաններու քաղաքական հասունութենէն ու որակէն, անկարելի է, որ մեր բոլորի ակնկալիքներու իրագործումը, լուրջ լուծումներ գտնեն մօտ ապագային: Առ այդ, մեր համաժողովրդային պայքարը, ինչպէս անցեալին, յառաջիկային եւս նոր թափով պիտի շարունակուի ի սէր բազմաչարչար մեր ժողովուրդի սոցեալ-տնտեսական եւ ազգային նպատակներու հաւասարապէս իրականացման: Յաջողութիւն մեր ազգին իր յարատեւ պայքարի ճամբու ընթացքին:
Ժան Կոսակյան, Լոս Անջելես