կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-04-26 17:20
Աշխարհ

Կանադահայությունը պահանջատիրության իր ձայնն է բարձրացրել Օտտավայում

Կանադահայությունը պահանջատիրության իր ձայնն է բարձրացրել Օտտավայում

Աղբյուրը՝ horizonweekly.ca

Երեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2018-ին, Թորոնթոյէն, Գեմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնթրէալէն, Համիլթընէն, Սէնթ Գաթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա ժամանեցին աւելի քան 1500 հայորդիներ եւ Գանատայի խորհրդարանին առջեւ միասնաբար վերանորոգեցին պահանջատիրութեան իրենց ուխտը: Հաւաքին իրենց պետական դրօշները պարզած միացան յոյն, հրեայ եւ ասորի համայնքներու պատուիրակութիւններու անդամները, որոնք Օթթաուա ժամանած էին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու հայութեան։ Հաւաքն ու քայլարշաւը կազմակերպուած էին Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ։

Օթթաուայի ոստիկանութիւնը, այս տարի եւս թրքական համայնքի ներկայացուցիչներուն արտօնագիր տուած էր, որպէսզի անոնք Գանատայի Խորհրդարանին դիմաց իրենց հաւաքը կատարեն գրեթէ միեւնոյն պահուն, երբ գանատահայերը կը կատարեն Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ամէնամեայ աւանդական արարողութիւնը: Հայ եւ թուրք համայնքները իրարմէ բաժնուած էին յատուկ անցարգել մետաղեայ պատնէշներով:

Պաշտօնական հանդիսութեան հանդիսավարն էր Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գործավար Սեւակ Պելեան, որ ողջունեց բոլոր ներկաները, ինչպէս նաեւ պետական անձնաւորութիւններն ու հոգեւորական դասը։ Հայ Դատի յանձնախումբի խօսքը փոխանցեց Նորա Զոպոյեան, որ դատապարտեց ցեղասպանութիւնը ժխտելու Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը։ Ան յատկապէս շեշտեց Գանատայի կառավարութեան տարած ջանքերը՝ յանուն արդարութեան:

Խօսք առաւ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Լեւոն Մարտիրոսեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի իշխանութիւններուն, որոնք հայութեան իրաւունքներուն եւ համաշխարհային առումով մարդկային իրաւանց պաշտպան կը հանդիսանան։ Ան դատապարտեց Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը եւ յայտնեց, թէ ցեղասպանութեան ճանաչումն ու արդար հատուցումը միայն կրնան կասեցնել այլ ցեղասպանութիւններու իրագործումը: Դեսպանը շեշտեց նաեւ, որ մենք, որպէս ազգ եւ պետականութիւն, պիտի շարունակենք դատապարտել մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրները եւ պահանջել անիրաւուած ժողովուրդներու արդար իրաւունքները:

Խօսք առին, Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ Պրայըն Մէյ, խորհրդարանի անդամներ Հարըլտ Ալպրէխթ, Կարնէթ Ճէնիս, Պոպ Սորայա, Էվա Նասիֆ, Ֆայսալ Խուրի եւ Ալեքսանտըր Պուլրիս, որոնք իրենց միահամուռ զօրակցութիւնը յայտնեցին հայութեան արդար դատին։ Յատուկ ելոյթով իր ուղերձը փոխանցեց Գանատայի ժառանգութեան նախարարտ Մելանի Ժոլի, որ վերահաստատեց Գանատայի պետութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իրողութիւնը։

Պրայըն Մէյ ընթերցեց Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակի առիթով հրապարակած ուղերձը, ուր վարչապետը կը վերահաստատէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Գանատայի պետական քաղաքականութիւնը:

Խորհրդարանի դիմաց հաւաքէն ետք աւելի քան 1500 հայորդիներ ուղղուեցան դէպի թրքական դեսպանատուն, ուր 200 թուրք ցուցարարներ հակահայ պաստառներով կանգնած էին: Ոստիկաններու ստուար թիւ մը եւ անցարգել պատնէշներ կը բաժնէին ցուցարար երկու կողմերը: Հակառակ թրքական կողմի գրգռիչ փորձերուն, հայկական կողմը շարունակեց դեսպանատան դիմաց ոգեկոչման արարողութիւնը, որուն ընթացքին ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) կազմակերպութեամբ գործադրուեցաւ յատուկ յայտագիր, որուն ընթացքին հայ երիտասարդները հաստատեցին պահանջատիրական երթը շարունակելու նոր սերունդի վճռակամութիւնը: Միաժամանակ, սիրուած երգիչ Էլի Պէրպէրեան խանդավառեց հայ ցուցարարները։


Նշենք, որ առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն այցելեցին ՀՅԴ պատանեկան միութեան անդամները եւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք Առաջնորդ սրբազան Աբգար Եպս. Յովակիմեանի, Առաջնորդ Սրբազան Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ դեսպան Արմէն Մարտիրոսեանի հետ, դեսպանատան «Յաւերժական Հայաստան» յուշարձանին մօտ աղօթքով ոգեկոչեցին Մեծ Եղեռնի նահատակներու յիշատակը:

Սոնա Թիթիզեան