Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ Aztagdaily
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ արցախեան շարժումի 30-ամեակին առիթով լիբանանեան մամուլին յղեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ամփոփ կերպով անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի յառաջացման` ընդգծելով, որ Արցախի Հանրապետութիւնը 1991-էն անկախութիւն հռչակեց` հիմնուելով Խորհրդային Միութեան օրէնքներուն եւ անկախ պետութեան ստեղծման համար միջազգային օրէնքի դրոյթներուն վրայ:
Մարմինը նշեց, որ ի տարբերութիւն բռնատիրական Ազրպէյճանի, Արցախի Հանրապետութիւնը ժողովրդավարական հանրապետութիւն մըն է, եւ այդտեղ ժողովուրդն է, որ կ՛իշխէ ազատ ընտրութիւններու, հանրաքուէներու եւ սահմանադրութեան ճամբով:
Մարմինը կը յայտնէ, որ Արցախի Հանրապետութիւնը յստակօրէն եւ ամբողջական կերպով կը զօրակցի տագնապի խաղաղ լուծման, ինչ որ սուր կերպով կը հակադրուի Ազրպէյճանի որդեգրած ռազմատենչ քաղաքականութեան:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը կը նշէ, թէ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը սպաննած Ռամիլ Սաֆարովի Ազրպէյճանի նախագահին կողմէ ներումը, պաշտօնի իրերայաջորդ բարձրացումներն ու նպաստներու տրամադրումը յստակ պատգամներ են, թէ Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը հիմնուած է հայերու նկատմամբ ատելութեան, խտրականութեան, ցեղապաշտութեան եւ սպանութեան մտադրութեան վրայ: Աւելի՛ն. Ազրպէյճան կը շարունակէ 1994-1995-ին կնքուած զինադադարը խախտել եւ ապրիլ 2016-ին իր շղթայազերծած անարդարանալի յարձակումին ընթացքին ՏԱՀԵՇ-ի ոճով գլխատումներ եւ խաղաղ բնակչութեան դէմ ահաւոր ոճիրներ գործեց: Այս բոլորը ցոյց կու տան, թէ Արցախի Հանրապետութիւնը չի կրնար մաս կազմել Ազրպէյճանի, որուն փտածութիւնն ու բռնատիրութիւնը հանրածանօթ են: Մարմինը ընդգծեց, որ Արցախ երբեք մաս չէ կազմած Ազրպէյճանին եւ երբեք ալ պիտի չկազմէ:
Մինչ այդ, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նոյն առիթով նոյնպիսի նամակներ յղած էր Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի, ԵԱՀԿ-ի նախկին, ներկայ եւ յառաջիկայ նախագահող երկիրներ Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Իտալիոյ եւ Սլովաքիոյ, ինչպէս նաեւ Բրիտանիոյ, Չինաստանի, Ճափոնի, Աւստրալիոյ, Հոլանտայի, Վենեզուելայի, Արժանթինի, Ուրուկուէյի եւ Չիլիի` Լիբանանի մէջ դեսպաններուն, եւ անոնց պետութիւններուն կոչ ուղղած` ճանչնալու «շրջանին մէջ ժողովրդավարութեան փարոս» եւ «միջազգային ու ժողովրդավարական պետութիւններու ընտանիքներուն անդամակցութեան արժանի» եղող Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
Մարմինը կը շարունակէ այդ նամակէն օրինակներ յղել նաեւ Լիբանանի մէջ այլ օտար երկիրներու դեսպանատուներուն:
Միւս կողմէ, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը անջատ նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Հոլանտայի դեսպան Եան Վալթմանզին` իր գնահատանքը արտայայտելով Հոլանտայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ երկու բանաձեւերու որդեգրումին համար: