կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-01-23 15:16
Հասարակություն

ՀՅԴ 127-ամյակի խանդավառ հանդիսություն` Շվեդիայում

ՀՅԴ 127-ամյակի խանդավառ հանդիսություն` Շվեդիայում

Աղբյուրը՝ arfd.am

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 127 ամեակը հանդիսաւոր ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ նշուեցաւ Կիրակի 21 Յունուար 2018-ի յետմիջօրէին: «Սարդարապատ» նորաբաց կեդրոնի սրահը նեղ էր արդէն ճշդուած ժամէն առաջ իսկ ժամանած հոծ ժողովուրդին համար: Ուշագրաւ ու մանաւանդ գօտեպնդող երեւոյթ էր երիտասարդութեան տիրական ու մեծաթիւ ներկայութիւնը:

Հանդիսութիւնը ձեռնհասութեամբ վարեցին ՀՅԴ ՇԵՄ-ի ընկերներ` Գոհար Յակոբեան եւ Սերոբ Պապափիլաւեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ, ՀՅԴ ՇԵՄ-ի անունով, Վարդենի Եագուպեան, որ հակիրճ պատմականով ներկայացուց Դաշնակցութեան անցած ու գծած 127 ամեայ ուղին, ապա հրաւիրեց Շուէտի ՀՅԴ Առանձնակի Կոմիտէն, յանձին Սմբատ Գրիգորեանի, որ փոխանցէ իր խօսքը: Ան շեշտը դրաւ Դաշնակցութեան գաղափարական աշխարհահայեացքին եւ յեղափոխական էութեան ու նկարագիրին վրայ, ինչպէս նաեւ ներկայացուց համայնքին մէջ ծաւալած կուսակցութեան մեծ ընտանիքին ծաւալած միամեայ գործունէութեան հանգանակը:
Ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ-ն բնութագրող ծաւալուն ու բաւականին ամբողջական տեսաերիզ:

Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով հանդէս եկան ` Մարինա Երէցեան ( երգ` պիտի գնանք ), Մէրի Սիմոնեան ( երգ` դու իմ հայրենիք ), Համազգայինի «Այգ» պարախումբը` հայկական պարերու փունջ մը, իսկ Սէրլի Մարգէեան եւ Նանսի Խաչատուրեան միասնաբար ասմունքեցին Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան-էն» հատուածներ:

Օրուան պատգամը փոխանցեց ընկեր Հրաչ Վարժապետեան, որ ներկայացնելէ ետք Դաշնակցութեան անցնող տարուան քաղաքական ու Հայ Դատի իրագործումները յատկապէս Եւրոպայի տարածքին, իր խօսքին առանցքը դարձուց Հայաստանը` արցախեան օրակարգ, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւն, յառաջիկայ ընտրութիւններ եւ համակարգի ճակատագրական փոփոխութիւն, սահմաններ-հայոց բանակ, պետականաշինութեան շարունակուող գործընթաց եւ մասամբ նորին: Ան եզրափակեց ըսելով, որ Հայրենիքն է, ներկայ մեր Հայաստանն է մեր մտքին ու հոգիին թռիչք ու իմաստ տուող միակ ու անփոխարինելի կռուանը եւ ամուր հիմնաքարը մեր ցարդ չլուծուած սրբազան Դատին ու մանաւանդ անսասան խարիսխը` մեր վախճանական նպատակին, Ամբողջական Հայաստանին:

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ յեղափոխական երգերու խանդավառ մթնոլորտի մէջ, կատարողութեամբ գաղութի սիրուած երգիչ Համօ Երէցեանի եւ իր նուագախումբին: