Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ armenianorthodoxchurch
17-18 Դեկտեմբեր 2017-ին, Արցախի մէջ տեղի ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներէն Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսին ծննդեան 150-ամեակին եւ վախճանման 65-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ, կազմակերպութեամբ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան։
Սոյն ձեռնարկներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։ Ձեռնարկները սկիզբ առին Կիրակի, 17 Դեկտեմբերին, Ս. եւ Անմահ Պատարագով՝ Գանձասարի վանքին մէջ։ Ապա, հիւրերը այցելեցին Գարեգին Յովսէփեանց Կաթողիկոսին ծննդավայր՝ Մաղավուզ գիւղը, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Երջանկայիշատակ Հայրապետին հոգիին համար։
18 Դեկտեմբեր 2017-ին, բացումը կատարուեցաւ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսին նուիրուած ցուցահանդէսին, ուր ցուցադրուեցաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսթեան «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած Հայրապետին անձնական իրերը, ինչպէս օրինակ՝ Կաթողիկոսական ասա, վեղարի խաչ, եւ այլ իրեր։
Նոյն օրը, երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Երջանկայիշատական Կաթողիկոսին նուիրուած գիտաժողով մը։ Սոյն գիտաժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչը խօսք առնելով՝ ըսաւ. «Եկած եմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն, ուր Գարեգին Յովսէփեանց Կաթողիկոս իր մահկանացուն կնքեց, այս սրբազան երկիրը՝ Արցախի մեր հանրապետութիւնը, որ ծնունդ տուաւ շնորհազարդ Կաթողիկոսին։ Ձեզի կը փոխանցեմ Գարեգին Յովսէփեանցի յաջորդ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ողջոյններն ու օրհնութիւնները։ Աստուածատուր մեր լեզուն թէպէտեւ հարուստ է եւ շքեղ, սակայն ես այս պահուս կը դժուարանամ բառերով արտայայտել իմ զգացումներս, որ կ՚ապրիմ այս երկու օրերու ընթացքին այստեղ։ Մեր Սուրբ Աթոռէն եկած ոեւէ անձ ինքզինք շատ հարազատ պիտի զգայ այստեղ, որովհետեւ շնորհիւ Գարեգին Յովսէփեանց Կաթողիկոսին եւ իր յաջորդներուն, Արցախը եւ Արցախի մեր ժողովուրդին կամքը, ոգին ու հաւատքը կ՚ապրի ու կը գործէ մեր Սուրբ Աթոռին կեանքէն ներս»։ Հայր Սուրբը իր խօսքը շարունակելով՝ վեր առաւ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսին արժանիքները, յատկապէս մեր սփիւռքեան իրականութենէն ներս՝ շեշտելով, թէ Գարեգին Կաթողիկոսը որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, լծուած էր Սփիւռքի մեր գաղութները կազմակերպելու աշխատանքին։