Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աւելի քան եօթանասուն տարուայ հակադաշնակցական դաստիարակութենէ ետք, կար այն համոզումը թէ վերանկախացած Հայաստանի մէջ կը թօթափուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դէմ պոլշեւիկեան ձախողած քարոզչութիւնը։ Սակայն ըստ երեւոյթին, իրականութիւնը ցոյց կու տայ որ կարգ մը թերամիտ հայ մարդիկ կը նախընտրեն մնալ թերամիտ՝ Դաշնակցութեան մասին, հոգ չէ թէ իմաստակի վարկի արժանանան։ Այս թերամիտներուն համար ամէն ինչ որ Դաշնակցութեան կը վերաբերի պէտք է որ զրպարտութեան ենթարկուի։ Ինչպէս բոլշեւիկները, նորօրեայ թերամիտները եւս իրենց ազգային գոյութեան իմաստաւորումը կը փնտռեն հակադաշնակցական տխմարաբանութիւններու եւ ստաբանութիւններու մէջ։
Անցեալի պոլշեւիկին նման, մերօրեայ թերամիտը անատակ է գնահատելու միտքի ազատութեան եւ ապակեդրոնացեալ գործելաձեւի Դաշնակցութեան աւելի քան հարիւրքսանամեայ փորձառութիւնը: Պէտք է թերամիտին ջերմօրէն թելադրել, որ կարդայ Դաշնակցութեան տեսաբան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանի հետեւեալ գործերը. «Մտածումներ ՀՅ Դաշնակցութեան Մասին» (1930) եւ «Մեր Կանոնագիրը» Ա. եւ Բ. (1937): Պէտք է անոր թելադրել ուշադրութեամբ կարդալ Աղբալեանի հետեւեալ հաստատումը.
«Մտքի ազատութեան ջերմ պաշտպան է Դաշնակցութիւնը, հետեւապէս՝ նա չի կարող բռնանալ կարծիքների վրայ, բայց կազմակերպութեան իրաւունքն է եւ սրբազան պարտականութիւնը պահանջել ընկերներից, որ յարգեն իրենց հանդիսաւոր երդումը եւ անսաստողներին, իբրեւ անհաւատարիմ եւ անպատիւ տարրեր՝ վտարել իր շարքերից», («Մեր Կանոնագիրը» Բ., էջ 5):
Իր քաղաքական նպատակներուն, ազգային դատին եւ մեր ժողովուրդի բարօրութեան աշխատանքին յաջողութեան համար, Դաշնակցութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ իր շարքերու մտածումներուն եւ մանաւանդ կամքին համադրումը: Այդ համադրումը կը կատարուի շարքերուն իսկ կողմէ՝ անցնելով կարծիքներու ազատ բախումի բովէն: Երբ համադրումը կատարուած է, իւրաքանչիւր դաշնակցական, մեկնելով իր «հանդիսաւոր երդում»էն՝ պարտաւոր է անշեղօրէն պահպանելու այդ համադրումը եւ հետամուտ ըլլալու անոր գործադրութեան: Այլապէս, համադրումը խանգարելով՝ ան կը վերածուի «անհաւատարիմ եւ անպատիւ» տարրի, որ արժանի պիտի ըլլայ կարգապահական տնօրինման:
Հոս կը կայանայ Դաշնակցութեան մէջ կարծիքի ազատութեան եւ խստապահանջութեան համադրումը ըմբռնելու բանալին: Ճիշդ այս ըմբռնումն է, որ խոյս կու տայ թերամիտին մօտ, ինչպէս խոյս տուած էր բոլշեւիկներու պարագային:
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ