Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Ասպարէզ»-ը գրում է.
«Ընդառաջելով Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան կոչին՝ օգնութեան ձեռք երկարելու Ապրիլ ամսուան Արցախեան քառօրեայ պատերազմի զոհերուն, մասնաւորաբար՝ նահատակուած զինուորներու ընտանիքներուն, ծանր վնասներ կրած քաղաքացիներուն եւ հայրենիքի սահմանները պաշտպանող հայ կտրիճներուն, շրջանիս հայ գաղութը, անհատներ եւ կազմակերպութիւններ կը շարունակեն տենդագին աշխատիլ, անհրաժեշտ նպաստը հասցնելու համար մեր հայրենակիցներուն:
Ատրպէյճանի նախայարձակումին հետեւանքով, զինուորականներու ընտանիքներ ու մեծ թիւով քաղաքացիներ տեղահան եղած են ու անոնցմէ շատերը մատնուած խոր սուգի: Արցախի ենթակառոյցները կրած են ծանր վնասներ: Առ այդ, «Արցախի Հետ» ծրագիրը յանձնառու է ու պատրաստ դիմելու անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն՝ օգնութեան հասնելու արցախահայութեան։
«Արցախի Հետ, Արցախի Համար» նշանաբանով գործող այս ծրագիրը կը հովանաւորեն Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Ազգային Առաջնորդարանը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, ՀՄԸՄը, Համազգայինը եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը:
Ուրախալի երեւոյթ է նաեւ, որ այս տարուան ՀՄԸՄի Նաւասարդեան խաղերն ու փառատօնը նուիրուած են Արցախին ու անոր հերոսական ժողովուրդին: Առ այդ, մեծապէս կը քաջալերենք մեր հայրենակիցները անպայմա՛ն այցելելու «Արցախի Հետ» կրպակը ու իրենց նպաստը բերելու այս սրբազան նպատակին։
Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք ուղարկել հետեւեալ ձեւերով.
– (844) HELP NKR or (844) 435 7657
– ACF Western USA
With Artsakh
104 N. Belmont St., Suite 300
Glendale, Ca., 91206
Հայրենակիցնե՛ր, անհրաժեշտ է գաղութը զօրաշարժի ենթարկել՝ ապահովելու համար Սփիւռքի նիւթական ու բարոյական աջակցութիւնը եւ երաշխաւորելու համար Արցախի գոյատեւումը»: