Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Երէկ, 15 Հոկտեմբերին, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւն մը այցելեց Միացեալ Թագաւորութեան (Մեծն Բրիտանիա) արտաքին գործոց նախարարութեան Լոնտոնի կեդրոնատեղի եւ հանդիպում ունեցաւ նախարարութեան պաշտօնատարներու հետ։
Հայ Դատի պատուիրակութիւնը բաղկացած էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրոյ Մանոյեանէն եւ Հայ Դատի Անգլիոյ յանձնախումբի պատասխանատու՝ Սեւան Արթինէն։ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներուն փոխանցեցին Սուրիոյ հայութեան վիճակին, Արցախի հիմնահարցի բանակցային գործընթացի եւ անվտագնութեան իրավիճակին, Ազրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու սառած գործընթացին, տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ ոչ-կառուցողական քաղաքականութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներքին եւ արտաքին կարգ մը հարցերու մասին իրենց ներկայացուցած կազմակերպութեան տեսակէտներն ու մօտեցումները։ Հանդիպումը մաս կը կազմէր Լոնտոնի եւ Երեւանի մէջ, պարբերաբար Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչներու կողմէ Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներու հետ ունեցած հանդիպումներու շարքին։