Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Վատիկան կատարած իր այցելութեան ծիրէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Առաջնորդ Սրբազաններուն, յաջորդաբար այցելեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպանատուները եւ սիրալիր հանդիպումներ ունեցաւ դեսպաններուն հետ։
Լիբանանի դեսպանը, Զօր. Ժորժ Խուրի, ողջունելով Վեհափառ Հայրապետին ներկայութիւնը Վատիկանէն ներս յիշեց իր առաջին այցելութիւնը վեց տարիներ առաջ Պենետիքթոս Պապին։
Ան ըսաւ, որ ընդհարապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի համար այս այցելութիւնը խիստ կարեւոր է, նկատի ունենալով Պապին ու Վատիկանի ամբողջական զօրակցութիւնը Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան ու յատկապէս Լիբանանի։ Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Լիբանանի ներքին միասնականութիւնը ամուր պահելու եւ շուտափոյթ Նախագահական Ընտրութիւն կատարելու կենսական կարեւորութիւնը։
Հայաստանի դեսպանատան մէջ Դեսպան Միքայէլ Մինասեան ջերմօրէն ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին ներկայութիւնը, անոր փոխանցելով Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին մաղթանքները։
Վեհափառ Հայրապետը խօսք առնելով ըսաւ, թէ Հայաստանի դեսպանատան մէջ ըլլալ կը նշանակէ հայկական հողի վրայ ըլլալ։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց Հայաստանի հետզհետէ ծաւալող դիւանագիտական յարաբերութիւններուն գծով ու ողջունեց երիտասարդ դիւանագէտներու ներկայութիւնը արտաքին յարաբերութեանց բնագաւառէն ներս։
Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց դեսպաններու կարեւոր դերը այդ գծով, ըսելով որ 100-ամեակը միայն մեր ժողովուրդին համար յիշելու առիթ մը պէտք չէ ըլլայ, այլ նաեւ՝ յիշեցնելու մեր շրջապատին հայ ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքները ու այդ իրաւունքներուն վերատիրանալու մեր ժողովուրդին հաւաքական կամքը։