Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Այս տարուայ խորհրդաժողովը կեդրոնացաւ Հազարամեակի Զարգացման Նպատակներու (MDGs )գործադրութեան մէջ կանանց ու աղջկանց մարտահրաւէրներուն եւ նուաճումներուն վրայ, ի մտի ունենալով MDG-ի նպատակադրումները յանձինս կիներու եւ մանուկներու իրավիճակի բարելաւման ի խնդիր՝ իրագործելի մինչեւ Մարտ 2014 եւ անկէ անդին եւս ներկայացող օրակարգային կարելիութեանց սահմանները: Այս տարուայ խորհրդաժողովին, այլազան երկիրներէ կը մասնակցէին 820 ՈԿԿ-ներու 5600 անդամներ:
ՀՕՄ-ը գործնական իր բաժինը բերաւ խորհրդաժողովի կազմակերպման աշխատանքներուն, ներառեալ Cooper Union-ի մեծ սրահին մէջ կայացած Խորհրդակցութեան Օր-ը, ուր աւելի քան 900 հոգի կը մասնակցէին: Նոյնպէս, Armenian Convention Center-ի մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը՝ ուր Շուշի պարախումբը ունեցաւ իր ելոյթը: Խորհրդաժողովի ամբողջ տեւողութեան, նոյն սրահին մէջ կայացան կարգ մը յարակից աշխատանիստեր: CSW Forum-ի ընդունելութեան, Միացեալ Ազգերու մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան փոխ դեսպան՝ Տիգրան Սամվէլեան ընդգծեց ՝ §Հայաստանի դեսպանութեան եւ NGO CSW-ի միջեւ հետզհետէ զարգացող յարաբերութիւնները՝ հիմնուած այն հասկացողութեան վրայ, թէ սեռերու հաւասարութիւնը եւ կիներու ու աղջիկներու մարդկային իրաւունքներու ամբողջական ընկալումը հիմնական բանալին կը կազմեն Հազարամեակի Զարգացման Նպատակներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ իրագործումներուն յետ 2015 արագացման ու յաջողութեան: Լաւ հիմերու վրայ յառաջացող արդիւնաւետ գործակցութեամբ, կարողացած ենք սեռերու իրաւասութեանց առնչուող հարցերու մասին ՄԱԿ-էն ներս ունենալ շինիչ խօսակցութիւններ եւ քննարկումներ: Մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը բերենք ՈԿԿ CSW-ի Պէյճինկ +20 համաշխարհային արշաւին¦£
Խորհրդաժողովի տեւողութեան, ՀՕՄ-ը մասնակից-կազմակերպիչն էր երկու աշխատանիստերու. առաջինը՝ World Vision-ի հետ §Խտրութեան զոհ՝ ծնունդէ առաջ սեռերու նախընտրանք որպէս սեռային բռնութեան ձեւ մը¦ խորագրով, որուն դասախօսները ակադեմականներէ, ՄԱԿ-ի պաշտօնատարներէ, եւ շարժանկարիչէ մը բաղկացած՝ կեդրոնացաւ սեռային խտրականութեան մտահոգիչ զարգացումը Արեւելեան Եւրոպայի տարածքին: Խօսք առնողներուն կողքին, Հայաստանի ներկայացուցչութենէն՝ Սահակ Սարգսեան հետեւեալը ընդգծեց՝ §Հարկաւոր է պայքարիլ սեռերու խտրութեամբ եղած վիժումներու դէմ թէ՛ ազգային եւ թէ՛ միջազգային տարողութեամբ¦:
Երկրորդ ձեռնարկը, կազմակերպուած Soroptimist International –ի եւ ICJW-ի հետ, §Երկինքին կէսը բաւարար չէ: Կանանց եւ աղջկանց մղել Հազարամեակի զարգացման նպատակներէն՝ Կայուն զարգացման նպատակներու¦ խորագրով, զօրավիգ կ՛արտայայտուէր կիներու եւ աղջիկներու հեղինակութեան հաւասարեցման տնտեսական ու գործարարական մարզերէ ներս: Change.org կազմակերպութիւնը դիւրացուցած է համացանցի վրայ լսելի դարձնելու կիներու եւ աղջիկներու դէմ կատարուած անիրաւութիւնները: Games for Change կազմակերպութիւնը համացանցի վրայ դաստիարակչական խաղեր պատրաստած է այս ուղղութեամբ, իսկ Համաշխարհային Դրամատունը պատրաստ է կիներու վարկեր յատկացնելու:
ՀՕՄ-ի առաջնորդողի դերը ընկերային զարգացման մարզէն ներս այսօր աւելի շեշտուած է շնորհիւ այլ միջազգային ՈԿԿ-երու եւ ՄԱԿ-ի այլազան գրասենեակներու հետ իր հաստատած գործակցութեան: Խորհրդաժողովին ամբողջ տեւողութեան, Գատանայէն, Պոսթընէն, Նիւ Ճըրզիէն, եւ Նիւ Եորքէն ՀՕՄուհիներ մասնակցեցան համաժողովին եւ աշխատանիստերուն: