կարևոր
0 դիտում, 10 տարի առաջ - 2014-02-08 11:29
Քաղաքական

Ադրբեջանը փորձում է ''խավիարային քաղաքականությունից'' անցում կատարել այլ մակարդակի. Հայ Դատի հանձնախումբ

Ադրբեջանը փորձում է ''խավիարային քաղաքականությունից'' անցում կատարել այլ մակարդակի. Հայ Դատի հանձնախումբ

ՀՅԴ Եվրոպայի Հայ Դատի հանձնախմբի նախագահ Գասպար Կարապետյանը նամակ է հղել ԵՄ արտաքին ԵՄ արտաքին գործերի եւ անվտանգության քաղաքականության գերագույն հանձնակատար Քեթրին Էշթոնին, որում մտահոգություն է հայտնում այն կապակցությամբ, որ ոչ ժողովրդավար, կոռումպացված, իր «խավիարային դիվանագիտությամբ» հայտնի Ադրբեջանը, մի շարք ժողովրդավար երկրների կողքին պատրաստվում է ֆինանսական աջակցություն ցուցաբերել Ուկրաինային: Նամակը` ստորեւ:

 

Ձերդ գերազանցութիւն


Կարդալով այն լուրը, թէ Եւրոպական Միութիւնը իբր Ուքրանիոյ ճգնաժամի լուծում, կը պատրաստուի նիւթական աջակցութեան առաջարկ ներկայացնել՝ (http://euobserver.com/foreign/122996) որ առաջարկուած էր Եւրոպական միութեան  դեսպաններուն Եւրոպայի քաղաքական եւ անվտանգության յանձնախումբ փետրուար 3-ի նիստի ընթացքին, եւ որ այդ նիւթական աջակցութեան գումարը պիտի տրամադրուի խումբ նուիրատու երկիրներէ, որոնց մէջ է նաեւ Ատրպէյճանը, մեզ մեծ անակնկալ պատճառեց։ Շատ մեծ հիասթափութիւն է տեսնել Ատրպէյճանի անունը այնպիսի երկիրներու, ինչպիսին են Նորվեկիան, Ճափոնը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը, նոյն ցանկին վրայ։ Անկախ այն հանգամանքէն, թէ Ուքրանիոյ ճգնաժամի լուծումը ինչքան անհրաժեշտութիւն է ներկայիս,  եւ ձեր դերը բարձր կը գնահատելի է, սակայն տեսնել Ատրպէյճանը ժողովրդավարութիւն պաշտպանող նուիրատու երկիրներու հետ նոյն ցանկին վրայ, պարզապէս անհեթեթութիւն է։


Եւրոպական միութիւնը յայտնի է իր խիստ հետևողականութեամբ ժողովրդավար եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ, եւ պարզապէս պէտք չէ թոյլ տալ բռնակալ երկրի մը  հանդիսանալ նուիրատու, այլ երկրի մը մէջ ժողովրդավարութիւն հաստատելու գործին մէջ։


Ողջունելով Ուքրանիոյ ժողովուրդը ժողովրդավար սկզբունքներուն համար իր պայքարին մէջ, որուն Եւրոմիութիւնը նպատակ ունի օժանդակելու նաեւ նիւթապէս, դրամական միջոցները, նուազագոյնը, պէտք է ստանալ խումբ մը ժողովրդավար երկիրներէ, այլ ո՛չ թէ Ատրպէյճանի նման բռնապետական պետութենէ։  Հետեւաբար, այսպիսի ընտրութեան մը բարոյական չափանիշի վերաբերեալ հարցը պէտք դէ ձեզ զարմացնէ։


Արդէն պարզ է, որ Ատրպէյճանը կը փորձէ ոստում կատարել իր «խաւիարային դիւանագիտութեամբ» այլ մակարդակներու, դառնալով նուիրատու երկիր իր ընդլայնուած տարածաշրջանին համար։ Ժողովրդավարութիւն արտահանելու փոխարէն՝ Ատրպէյճան պէտք է նախ ժողովրդավարութիւն հաստատէ իր երկրին մէջ։


Քննարկելով պատժամիջոցներ Ուքրանիոյ իշխանաւոր խաւին դէմ, Եւրոմիութիւնը պատրաստ է օժանդակել նոյն երկրի ժողովրդավարական բարեփոխումները մէկ այլ երկրի փտածութեան մէջ գտնուող իշխանաւոր խաւի դրամական միջոցներով։Կարեւոր կը համարենք անգամ մը եւս նշել միջազգային շարք մը յայտնի կազմակերպութիւններու, ինչպիսին են Freedom House եւ Transparency International-ը եւ իրենց զեկոյցները, (http://www.freedomhouse.org/country/azerbaijan#.UvJd1CyYZMs) (http://www.transparency.org/country#AZE) յիշելու համար Ատրպէյճանի իրական երեսը։ Դուք տեղեակ էք անցեալ տարուան նախագահական ընտրութիւններու խայտառակութիւնը, երբ արդիւնքները հրապարակուեցան քուէարկութենէն առաջ, ուր ներկայիս նախագահ Իլհամ Ալիեւը ստացաւ ձայներու 84%-ը։ Այս ընտրութիւններու OSCE/ODIHR-ի զեկոյցը հոս է.- http://www.osce.org/odihr/elections/106901։ Իսկ Ատրպէյճանի հասարակական կազմակերպութիւններու շուրջ օրէնքի բարեփոխումները եւ փոփոխութիւններու վերաբերեալ  օրինագծի առաջարկը, որուն շուրջ իր դիրքորոշումն արտայայտած է Արեւելեան համագործակցութեան քաղաքացիական հասարակութեան ֆորումը եւ Ատրպէյճանի մասնաճիւղի միջոցով (http://www.eap-csf.eu/en/news-events/news/statement-of-eastern-partnership-civil-society-forum-on-ngo-law-amendments-in-azerbaijan/), կը հանդիսանայ ստոյգ ապացոյց, թէ ինչպէս բռնապետական ռեժիմը կը վերաբերուի իր սեփական  ժողովուրդին դէմ, մէկ կողմ դնելով Քիեւի Եւրոմայտանի հրապարակին շուրջ հաւաքուած հարիւր հազարաւոր ուքրանացիներու ձայնը եւ անոնց օժանդակելու խնդիրը ընդդէմ իրենց կառավարութեան։

 

Նուազագոյնը, որ Եւրոմիութիւնը կրնայ ընել Ուքրանիոյ համար փոխանցման այս շրջանին՝ զերծ մնալն է Ատրպէյճանի խաւիարային դիւանագիտութենէն եւ նիւթական աջակցութենէն։


Անգամ եւս յիշեցնելով վերոնշեալը՝ մենք յոյս կը յայտնենք, որ Եւրոմիութիւնը պիտի չդաւաճանէ իր ժողովրդավարական արժէքները զգոնութեամբ ընդունի իր որոշումները փոխանցման շրջանի մէջ գտնուող երրորդ երկիրներու հետ համագործակցիլը։


ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբ

Գասպար Կարապետեան, նախագահ