կարևոր
0 դիտում, 10 տարի առաջ - 2013-12-09 19:01
Քաղաքական

Երեք ավանդական կուսակցությունների համատեղ հայտարարությունը

Երեք ավանդական կուսակցությունների համատեղ հայտարարությունը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է միասնական մօտեցումներով ու համատեղ ջանքով դիմագրաւել Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի, Ջաւախքի ու Սփիւռքի առջեւ ծառացող մարտահրաւէրները:

 

Կոչ կ'ուղղենք մեր ժողովուրդին որ 100-ամեակի նշումը ամէնուրեք կատարուի համահայկական տարողութեամբ ու միացեալ նախաձեռնութիւններով: Ժամանակն է, որ մեր քաղաքական աշխատանքներուն մէջ բացուի պահանջատիրութեան նոր էջ` ճանաչումէն ու դատապարտումէն անդին: Այս ուղղութեամբ հարկ է մէկտեղել մեր անժամանցելի եւ ամբողջական իրաւունքներու ձեռքբերման քաղաքական ու օրինական երեսներու ուսումնասիրութիւնները եւ պահանջատիրական լիցք տալ ՀՀ Պետական Յանձնաժողովի նախաձեռնութիւններուն:

 

Կոչ կ'ուղղենք ՀՀ իշխանութիւններուն` լիովին անդրադառնալու հայ-թուրք արձանագրութիւններու կործանարար հետեւանքներուն, ՀՀ Ազգային Ժողովին` իր օրակարգէն միանգամընդմիշտ հանելու անոր վաւերացման հարցը եւ ՀՀ Նախագահին` յետս կոչելու իր ստորագրութիւնը: Հայաստանի անվտանգութեան ապահովումը, հոն ժողովրդավարական ու ընկերային արդար կարգերու հաստատումը եւ մեր պետականութեան ծաղկումն ու հզօրացումը առաջնակարգ հրամայականներ են: Առաւել` անհրաժեշտ է կասեցնել հայրենիքը դատարկող արտագաղթը եւ ազգովին դիմագրաւել այդ լուրջ վտանգը որոշակի ծրագիրներով: Պարտինք նաեւ յատուկ թափ տալ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, զանոնք դարձնելով մնայուն, լաւապէս կարգաւորուած եւ փոխադարձ հասկացողութիւններու ու շարունակական մշակման միասնական գործընթացի վրայ խարսխուած:

 

Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին համար աշխարհով մէկ տարուող մեր քարոզչական ու քաղաքական պայքարը հարկ է ընդարձակել շեշտադրելովª ԼՂՀի ճանաչումը իր փաստացի եւ սահմանադրութեամբ ամրագրուած սահմաններով: Նաեւ` խթան հանդիսանալ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող համահայկական այն բոլոր նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը միտին ամրապնդել Արցախի պետականութեան հիմերը եւ ապահովել անոր տնտեսական զարգացումը:

 

Ջաւախքի պարագային, անհրաժեշտ է ազգովին նեցուկ կանգնիլ իր պատմական հողերուն վրայ ապրող հայութեան իրաւունքներուն եւ ձեռնարկել անոր ընկերա-տնտեսական իրավիճակի բարելաւման քայլերու: Սփիւռքահայութեան պարագային` Հայ Դատի մարզէն ներս վերջին տասնամեակներու կարեւոր ձեռքբերումներուն վրայ պարտինք խարսխել պահանջատիրութեան թղթածրարի արծարծումը£ Իր սեփական ջանքերուն կողքին Սփիւռքը կարիք ունի նաեւ ՀՀ պետական հոգածութեան առաջ տանելու համար հայապահպանման ու հայակերտման իր կարեւորագոյն առաքելութիւնը: Իսկ ոչ դասական Սփիւռքի նոր ձեւաւորուող շրջաններուն պարտինք հաղորդել կազմակերպ հաւաքական կեանքի հասկակցողութիւն եւ զանոնք մղել ծրագրուած աշխատանքի:

 

Սուրիահայութեան ապրած տագնապը մեր բոլորին տագնապն է: Այդ կենսունակ գաղութը համազգային ուշադրութեան, գուրգուրանքի ու օժանդակութեան կիզակէտը կը մնայ ու պիտի շարունակէ մնալ մինչեւ խաղաղութեան հաստատում ու ամբողջական վերականգնում: Պարտինք մղել ողջ հայութիւնը որպէսզի ան սուրիահայութեան բազմաթիւ կարիքներուն հասնելու կողքին` ճիգ թափէ անոր անվտանգութեան երաշխիքներ ապահովելու:

 

Քաջ կը գիտակցինք, որ հզօր Հայրենիք ու յանձնառու Սփիւռք, որպէս զիրար ամբողջացնող, զիրար գօտեպնդող օղակներ, միասնական ճիգերով պիտի շարունակաբար վերահաստատեն աշխարհասփիւռ հայութեան մէկ ժողովուրդ ըլլալու հանգամանքը եւ մեծ ու ամբողջական Հայաստանի կերտումի հաւատոյ հանգանակը:

 

ՍՈՑԵԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութ, 09 Դեկտեմբեր 2013