կարևոր
0 դիտում, 11 տարի առաջ - 2013-10-01 18:34
Սպորտ

Համահայկական ձմեռային խաղերը կմեկնարկեն փետրվարի 26-ին

Համահայկական ձմեռային խաղերը կմեկնարկեն  փետրվարի 26-ին

Համահայկական Մարզախաղերու Համաշխարհային Կոմիտէութեան Անդամական Ընդհանուր Ժողովը տեղի ունեցաւ 23 Սեպտեմբեր 2013ին, Ստեփանակերտի մէջ։

 

Ժողովին ներկայ գտնուեցան Կոմիտէութեան նախագահ Տիար Իշխան Զաքարեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ եւ Կոմիտէութեան փոխ նախագահ եղբ. Ստեփան Տէր Պետրոսեան, Կոմիտէութեան փոխ նախագահ Տիար Ալպէր Պոյաճեան եւ մնացեալ անդամներ, երեք բանաւոր բացակայութեամբ։ Անդամական Ընդհանուր Ժողովի առաջնահերթ օրակարգերէն մէկն էր Գործադիր Կոմիտէութեան ընտրութիւնը։ Անփոփոխ պահուեցան կոմիտէութեան նախագահը, երկու փոխ նախագահները եւ գլխաւոր քարտուղարը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կողմէ եղբ. Հրաչ Սիսեռեանի փոխարէն Գործադիր Կոմիտէութեան անդամ ընտրուեցաւ Եւրոպայէն եղբ. Արամ Սիսեռեան։ Ընտրուեցան նաեւ Արթիւր Մոսիեան, Վարդան Բալայեան եւ Տիգրան Ալթուն։ Գործադիր Կոմիտէի անդամներ Յակոբ Կիրմիզեան եւ Ղազարոս Ունան ընտրուեցան Կոմիտէութեան պատուոյ անդամ։ Մնացեալ կազմի անդամները մնացին անփոփոխ։

 

Համահայկական Մարզախաղերու Կոմիտէութիւնը քննարկեց նաեւ Ձմեռնային մարզախաղերու պարագան։ Մարզախաղերը տեղի պիտի ունենան 26 Փետրուարէն 4 Մարտ 2014ին, Ծաղկաձորի մէջ, Հայաստան։ Արդէն իսկ 10 երկիրներէ 154 մարզիկներ արձանագրուած են մասնակցելու նշեալ մարզախաղերուն։ Որոշուեցաւ յաջորդ Ձմեռնային մարզախաղերը կազմակերպել 2017 թուականին, հերթական դրութիւն ստեղծելու Ամառնային մարզախաղերու առընթեր։