Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները 17 յուլիս 2024-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարեցին միջկուսակցական ժողով։
Ժողովը նախ կեդրոնացաւ տարածաշրջանի զինուորական եւ քաղաքական իրադարձութիւններուն, Կազայի պատերազմին եւ այդ բոլորին Լիբանանի վրայ ունեցած ազդեցութիւններուն վրայ։
Ապա քննարկումները ծաւալեցան Լիբանանի քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական իրավիճակին վրայ, ընդգծելով համալիբանանեան համախոհութեամբ ոչ միայն Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը այլ նաեւ ընդհանրապէս յամեցող խնդիրները լուծելու պայմանականութիւնը։
Այնուհետեւ հանգամանօրէն ներկայացուեցան այն պայմանները, որոնց մէջ արձանագրուեցան Պուրճ Համուտի վերջին միջադէպերը։ Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները արձանագրեցին-
-Դատապարտելի է հայահոծ թաղամասերու մէջ որեւէ գրգռութիւն, որ կը խանգարէ բնակիչներուն անդորրը եւ անապահով կացութիւն կը ստեղծէ շրջանին մէջ։
-Հիմնովին մերժելի է փողոցային միջադէպերուն տալ համայնքային բնոյթ եւ ատով ալ փորձ կատարել յառաջացնելու միջհամայնաքային խնդիրներ։
-Պետական ապահովական եւ դատական մարմիններէն կ՛անկալուի աչալուրջ հսկողութիւն, եւ հարցերու հրահրման պատասխանատուներու հաշուետուութիւն, կանխելու համար հետագայ որեւէ փորձ, նման կացութիւններ ստեղծելու։
-Հայ Քաղաքական կուսակցութիւնները կը վերաշեշտեն իրենց դիրքորոշումը գերադասելու լիբանանահայ համայնքի անվտանգութիւնը եւ հերթական անգամ կոչ կ՛ընեն լիբանանեան կողմերուն առաջնորդուելու միջհամայնքային համակեցութեան սկզբունքներով։
Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները որոշեցին հերթականութեամբ գումարել միջկուսակցական ժողովներ խորհրդակցելու համար երկրին մէջ տիրող պայմաններուն եւ անոնց իբրեւ անմիջական ազդեցութիւն լիբանանահայութեան դիմակայող տարբեր բնոյթի խնդիրներուն շուրջ։