կարևոր
2773 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-07-11 15:50
Հասարակություն

Ակնարկ. Քաղաքական Առեւտուր Եւ Գիներու Թանկացման Միտումներ

Ակնարկ. Քաղաքական Առեւտուր Եւ Գիներու Թանկացման Միտումներ

Թուրքիոյ նախագահը շատ ուշագրաւ պայման դրած է Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան ուղղութեամբ թրքական մերժումը վերցնելու համար: «Նախ Եւրոպական Միութեան միանալու ճանապարհ բացէք Թուրքիոյ համար, այնուհետեւ մենք ճանապարհ կը բանանք Շուէտի անդամակցութեան համար, ինչպէս ըրինք Ֆինլանտայի պարագային»:

ՕԹԱՆ-ի համագումարի նախօրեակին նման նախապայման բարձրաձայնելով, Անգարան իր պահանջին գինը կը բարձրացնէ իր վեթոն վերցնելու դիմաց: Շուէտի անդամակցութիւնը ՕԹԱՆ-ին հաւաքական Արեւմուտքի համար ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունի, Ռուսիոյ Դաշնութիւնը շրջապատելու ընդհանուր քաղաքականութեան շրջածիրին մէջ: Ֆինլանտան անոր նախաքայլն է, իսկ Շուէտը` իբրեւ սահմանակից Ռուսիոյ, արդէն ՕԹԱՆ-ի ուժերը ռուսական սահման հասցնելն է:

Այս բոլորով չեն սահմանափակուիր անշուշտ Ռուսիոյ շրջապատումը ՕԹԱՆ-ով: ՕԹԱՆ-ի պատասխանատուները պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ իրենք պատրաստ են քննարկելու Ուքրանիոյ անդամակցութեան հարցը, արագացուած կարգով: Առանց համապատասխան ընթացակարգէ անցնելու Ուքրանիոյ դիմումը ընդունելու: Այստեղ կայ կարեւոր երանգային օղակ: ՕԹԱՆ-ի այս յայտարարութեան նախորդեց Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը, որ Ուքրանիան պատրաստ չէ ընդունուելու ՕԹԱՆ-ի կազմին մէջ: Հիմա ՕԹԱՆ-ը այդ պատրաստ չըլլալու փաստը կը շրջանցէ եւ կը նեղացնէ արագացուած կարգը:

Թուրքիոյ դերը այս բոլորին մէջ թէ՛ Ուքրանիոյ պատերազմին միջնորդ ըլլալու, թէ՛ Ռուսիոյ հետ իր առեւտրատնտեսական կապերը պահելու, յատուկ լուսարձակի տակ կու գայ: Պահանջուածը երեւութապէս Ռուսիայէն հեռացումն է եւ իբրեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիր լիարժէք ներգրաւումը ՕԹԱՆ-եան ռազմաքաղաքականութեան:

Առաջին պահանջը Շուէտի թղթածրարն է: Թրքական վեթոյի վերացումին դիմաց պահանջուած գինի աստիճանաչափը բարձր է: Էրտողան կը շարունակէ իր յաւակնոտ խաղերը եւ ճանապարհ կը պահանջէ դէպի Եւրոպական Միութիւն: Իսկ բոլորին համար պարզ է, որ ժողովրդագրական ճգնաժամ ապրող Եւրոպային համար ի՛նչ կրնայ նշանակել Թուրքիոյ անդամակցութիւնը Եւրոպական Միութեան: Արդէն իսկ արագ փոխուող Եւրոպայի ժողովրդագրական համապատկերը նոր իրավիճակներ պարզեց, երբ յատկապէս թրքական ուղղորդումով մեծաքանակ գաղթականներ անցան Եւրոպա` տնտեսական նոր տագնապներ ստեղծելով: Թուրքիան իր գաղթականական պաշարներուն մէջ ունի պատանդ գաղթական զանգուածներ, որոնք կրնայ «գործուղել» Եւրոպա: Տնտեսական օժանդակութիւններ ստանալու պահանջը չբաւարարելու պարագային գաղթականական նոր խմբաքանակներ պատրաստ են մեկնելու Եւրոպա:

Հիմա, ա՛յլ պայման: Դժուար ընդառաջելի պայման Եւրոպային կողմէ: Ոչ անպայման սակայն Միացեալ Նահանգներու կողմէ, որոնք դժգոհ չեն երեւիր Եւրոպայի ապրած անվերջ նորացուող տագնապներով: Հետեւաբար Թուրքիոյ նախագահին ակնարկը ուղղուած է Ուաշինկթընին, Եւրոպայի հաշուոյն գործարքի համաձայնելու իրեն հետ: Ռուսիոյ հետ ապամերձեցումը այս տեսքով կը դրսեւորէ Էրտողանը: Ի վերջոյ Շուէտի անդամակցութեան վերացումը Թուրքիոյ կողմէ ամէնէն լուրջ հարուածն է ռազմավարական իր գործակից Ռուսիոյ դէմ:

Ասով ալ կը բացատրուի ուքրանական գումարտակի Թուրքիայէն անցումը Ուքրանիա, որ ըստ պաշտօնական Մոսկուայի, Մոսկուա-Անգարա համաձայնութեան լրջագոյն խախտում է: Քաղաքական այս ընթերցումը կատարած է յայտնաբար նաեւ Պաքուն, որուն առաջին դիւանագէտը սուր քննադատական խօսքեր կ՛ուղղէ Մոսկուայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին կատարած յայտարարութիւններուն արձագանգելով:

ՕԹԱՆ-ի համագումարը ի շարս այլ խնդիրներու Թուրքիայէն ակնկալութիւններ պիտի ունենայ: Այդ ակնկալութիւններուն իրազեկ Թուրքիան նախքան առեւտուրը իր քաղաքական դիրքորոշումին գինը կը բարձրացնէ: Գին բարձրացնելը քաղաքական առեւտուրին մէջ ընթացիկ քայլ է: Խնդիրը այս պարագային երկակի եւ բազմակի խաղեր ցուցադրելու Թուրքիոյ առաձգականութեան սեղմումն է: Շուէտը այս ընթացքով ի վերջոյ կ՛անդամակցի ՕԹԱՆ-ին Անգարայի համաձայնութեամբ: Գուցէ դէպի Եւրոպա ճանապարհ հարթելու խոստումներու դիմաց, որոնք չեն ենթադրեր անդամակցութիւն անշուշտ:

Այս բոլորը կը յանգեցնեն Մոսկուա-Անգարա ներկայի յարաբերութիւններու եթէ ոչ շրջադարձի, այլ գէթ սկսելու համար դանդաղեցման: Պէտք է մտածել ուրեմն երկու գլխաւոր խաղցողներու յարաբերութեան փոփոխութեան` Հարաւային Կովկասի մէջ ունենալիք ազդեցութեան եւ հետեւանքներուն մասին: Այս տրամաբանութեամբ ալ պէտք է ընկալել Ազրպէյճանի շտապողականութեան շարժառիթները:

«Ա.»
aztagdaily.com